Շաբաթ 19 փետրուար 2022ի դասը երկար պիտի մնայ Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի ուսանողներու յիշողութեան մէջ, իբրեւ հաճելիին ու օգտակարին միախառնումով ներկայացուած դաս մը։
Առաջին դասանիւթն էր Ասացուածքներ եւ դարձուածքներ, դասաւանդողը՝ Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան։ Ան դասը սկսաւ բացատրելով, թէ այդ խօսքերը գոյութիւն ունին բոլոր լեզուներուն մէջ, եւ թէ գրեթէ անհնար է անոնց հոլովոյթին պատմութիւնը ամփոփել կամ անոնց լրիւ ցանկագրումը կատարել։ Փոխարէնը, յայտնեց Սապունճեան, ինք պիտի կեդրոնանար խօսակցական հայերէնի մէջ ամենէն աւելի տարածուած արտայայտութիւններուն վրայ, զանոնք ներկայացնելով տեսա-լսողական ձեւաչափով։
Առաջին հերթին, ուսանողները դիտեցին Ալեքսանդր Սարուխանի կեանքին ու Տես խօսքերդ գործին մասին՝ Յուշամատեան կայքէջի հիմնադիր Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի եւ իր գործակիցներուն պատրաստած մէկ կարճ տեսերիզը, որմէ ետք Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան սահիկներով ներկայացուց յիշեալ գործէն կարգ մը օրինակներ, որոնք խմբուած էին ըստ մարմնի մասերու։
Յաջորդաբար, դասախօսը ուսանողներուն ներկայացուց Սարուխանի գործին հետեւողութեամբ այսօր ստեղծագործող երկու նկարազարդողներու՝ Մարիամ Ազատեանի եւ Բենօ Միշոյեանի գործերէն նմոյշներ, որոնք իրենց արդիական ոճով հրապուրեցին ուսանողները։
Ապա ուսանողները անցան երկու գործնական աշխատանքներու. նախ՝ գծանկարներու օգնութեամբ, անոնք պէտք է գուշակէին ծանօթ խօսք մը կամ արտայայտութիւն մը. ապա անոնք բաժնուեցան երկու խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պարտէր կռահել դիմացի խումբին դիմախաղերով եւ շարժուձեւերով ներկայացուցած մէկ խօսքը։ Երկու խաղերու պարագային ալ, ընտրուած խօսքերը պէտք է տարբերէին այդ օր ներկայացուած խօսքերէն։
Երկու խաղերն ալ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ուսանողներուն մօտ։ Ահա կարգ մը օրինակներ այդ զուարճալի պահերէն։
Կենցաղային բառապաշար Ա.
Դասապահի վերջին ժամուն, Կենցաղային բառապաշարի զարգացման աշխատանոց վարելու համար հրաւիրած էինք Անոյշ Ակներեանը։ Ան պատրաստած էր մեր առօրեայ կեանքէն վերցուած աւելի քան 225 բառեր, զանոնք խմբելով ոլորտներու մէջ. օրինակ՝ Տնային-խոհանոց, Տնային հագուստ-կապուստ, Տնային ներքին-արտաքին, Աշխատանքային եւլն.։
Ակներեանի ներկայացումէն ետք, ուսանողները շարունակեցին աշխատիլ երկու խումբերով։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւս խումբին համար պարտէր պատրաստել հինգ գրաւոր հարցումներ եւ պատասխանել հինգ հարցումներու, դասախօսին ներկայացուցած բառերը գործածելով։ Այս խաղը եւս մեծապէս խանդավառեց ուսանողները, որոնք դասէն մեկնեցան իրենց հետ տանելով Սապունճեանի եւ Ակներեանի այդ օր ներկայացուցած բազմազան գիտելիքներն ու տեղեկութիւնները։