Հայկական ճարտարապետութիւն / բժշկական բառապաշար

Հայկական ճարտարապետութիւն / բժշկական բառապաշար

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի բաղադրիչներուն մէջ կարեւոր դիրք կը գրաւեն զանազան մարզերու մէջ բառապաշարի զարգացման տանող աշխատանոցները։

Հայկական ճարտարապետութեան նիւթի ներկայացման եւ այդ ոլորտի ու բժշկական բառապաշարի աշխատանոցներ վարելու համար, շաբաթ 12 փետրուարին դասաւանդելու հրաւիրած էինք երկու մոնթրէալաբնակ դասախօսներ՝ ճարտարապետ Յովիկ Պօղոսեանը եւ բժիշկ Այտա Ասատուրեան Աֆարեանը։

Դասապահը սկսաւ Յովիկ Պօղոսեանի պատրաստած Ակնարկ հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան նիւթի ներկայացումով։ Յարգելի դասախօսը ուսանողներու ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ հակառակ հայկական ճարտարապետութեան նուաճումներու դարաւոր պատմութեան, անոնց գիտական ուսումնասիրութիւնը սկսած է շուրջ 125 տարիներ առաջ։ Ան նշեց, որ այդ մարզին մէջ անուրանալի վաստակ թողած է Թորոս Թորամանեանը, որ արդարօրէն կը համարուի հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրը։

Թորոս Թորամանեան

Պօղոսեան բացատրեց, թէ երբ 1903ին Թորամանեան այցելեց Անիի աւերակները՝ զանոնք ուսումնասիրելու նպատակով, հոն ծանօթացաւ հայագէտ Նիկողայոս Մառի, որ իր աշխատակիցներու խումբով պեղումներ կը կատարէր։ Մառի խումբին հետ Թորամանեանի աշխատանքին արդիւնքը կ՚ըլլայ իր կատարած Անիի Մայր տաճարին եւ քաղաքի պարիսպներուն չափագրութիւնները։

Յովիկ Պօղոսեան

Ապա Պօղոսեան կեդրոնացաւ Զուարթնոց տաճարի ճարտարապետութեան մասին Թորամանեանի կատարած ուսումնասիրութիւններուն։ Այստեղ դասախօսը անդրադարձաւ հայ ճարտարապետութեան իւրայատուկ երեւոյթներէն արծուախոյակին, որ իր նմանը չունի այլ մշակոյթներու մէջ։

Յաջորդաբար, Պօղոսեան ուսանողներուն ներկայացուց Ալեքսանդր Թամանեանի, ինչպէս նաեւ հայ ճարտարապետութեան մարզին մէջ երախտաւորներուն եւ անոնց իրագործումներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւներ։

Դասապահի վերջին մասով, Պօղոսեան ուսանողներուն տուաւ ճարտարապետական բառապաշարի գործնական աշխատանք, որ ուսանողները պիտի կատարէին դասապահէն ետք։

Բժշկական բառապաշար

Դասապահի վերջին ժամուն, բժիշկ Այտա Ասատուրեան Աֆարեան նախ ուսանողներուն ներկայացուց հայկական բժշկագիտութեան պատմութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ. ապա գծագրութիւններու օգնութեամբ, յարգելի բժիշկը ուսանողներուն ներկայացուց մարդկային մարմնի զանազան համակարգերու (system) հայերէն բառապաշարը, իր բացատրութիւնները մերթ ընդ մերթ համեմելով հետաքրքրական ու հաճելի տեղեկութիւններով։

Այտա Ասատուրեան Աֆարեան

Բժիշկը բացատրեց ուսանողներուն, որ «մարդկային մարմինը իր կենսագործունէութիւնը կ՚իրականացնէ ոչ թէ անջատ գործարաններու առանձին աշխատանքով, այլ մի քանի գործարաններու համատեղ աշխատանքով. օրինակ, մարսողութիւնը կը սկսի բերանի խոռոչէն, ուր կան ակռաները, լեզուն եւ թքագեղձերը. ըմպանը եւ կերակրափողը բերանի շարունակութիւնն են մինչեւ ստամոքս, տասներկու-մատնեայ աղի, բարակ աղիներ եւ հաստ աղի, յետանցք, լեարդ, ենթաստամոքսային գեղձ եւ լեղուց։ Այս բոլորի համակարգուած աշխատանքի արդիւնքն է լիարժէք մարսողութիւնը։ Այս գործարանները միասին կը կազմեն մարսողական համակարգը (digestive system): Մարսողական համակարգի հիւանդութիւնները ուսումնասիրող բժիշկը կը կոչուի ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու մասնագէտ (gastroenterologist)»։

Յաջորդաբար, բժիշկ Ասատուրեան Աֆարեան կարգով ներկայացուց մարդկային մարմնի մնացեալ համակարգերը՝ շնչառականը (respiratory system), սիրտ-անօթայինը (cardiovascular system), արտաթորմանը (excretory system), ջղայինը (nervous system) եւլն., ինչպէս նաեւ անոնց գործունէութիւնը։

Դասապահը իր աւարտին հասաւ ուսանողներուն համար բժիշկին պատրաստած բառապաշարի գործնական աշխատանքի ներկայացումով։