Եզակի գրողներ Ա. – Գրիգոր Պըլտեան

Եզակի գրողներ Ա. – Գրիգոր Պըլտեան

Անցնող հարիւր տարուան մեր գրականութեան արեւմտահայ թէ արեւելահայ ճակատներուն վրայ, չորս անուններ բոլորէն վեր կը կենան իրենց տաղանդներուն տարողութեամբ։ Անոնք՝ այդ չորս հանճարեղ անունները եզակի դէմքեր են, որոնց գրական վաստակները նոր ուղիներ բացած ըլլալու բարեմասնութիւնը ունին։ Առանց մէկը միւսէն գերադասելու, այդ անուններն են՝ Յակոբ Օշական, Եղիշէ Չարենց, Պարոյր Սեւակ եւ Գրիգոր Պըլտեան։

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի նիւթերու շարքին կարեւոր նկատած էինք ներառնել յիշեալ չորս գրողներուն ծանօթացումը։ Առ այդ, շաբաթ 5 փետրուար 2022ին, դասաւանդութեան հրաւիրած էինք Րաֆֆի Աճէմեանը, որ մեր ուսանողներուն ներկայացնէ Գրիգոր Պըլտեանը։ Աճէմեան ոչ միայն քաջածանօթ է Պըլտեանի գործերուն, այլեւ անոնց մասին խորհրդածած, դասախօսած ու յօդուածներ հրատարակած է վերջին քսանամեակին։

Րաֆֆի Աճէմեան նախ ուսանողներուն ըրաւ ամփոփ ակնարկ մը Պըլտեանի կենսագրութեան. ապա ան ընթերցեց հեղինակին Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար գործէն (1997) հատուած մը, որուն մէկէ աւելի ուղղութիւններով ընթերցման կարելիութիւնը տեսանելի կը դարձնէր թէ՛ քանդուող քաղաքը եւ թէ՛ լեզուական ապակառուցման յղացքը։

Որպէս տրամաբանական շարունակութիւն նախորդ հատուածին, Աճէմեան ապա կարդաց Պըլտեանի Վայրեր (1983) հատորէն հատուած մը, որուն բնաբանն է «ստեղծել վայրը ուր ըլլալ»։ Հոս կը պարզուէր քանդուածը լեզուական հարթակի մը վրայ նորովի վերակառուցելու ճիգը.

կեդրոնախոյս ի՜նչ փայլակ կամ ի՞նչ մրրիկ ցրուեց հոս

       ցամաքը մեծ ովկեաններու օտարութեան

կ՚իշխեմ փշուրներուն արեւու

կղզիներ բաժնուած անծանօթ ջուրերու կորաթեք հորիզոնին

       եւ հրաշէկ խաղաղութեան ծանրացող

պայթած եղջիւր եւ ոլորուող փող ժայրեր կ՚երկարաձգուին

աւեր նշաններու պէս անաւանդ անվերծան

Աճէմեան ապա ուսանողներուն ներկայացուց Էր (1992) գործէն «Ձիթենիին վիճակները» արձակ բանաստեղծութենէն հետեւեալ տողերով սկսող պարբերութիւնը.

Պըլտեանի բանաստեղծութիւններէն ետք, կարգը հասած էր գրողին վիպական գործերուն։ Աճէմեան ընտրած էր Գիշերադարձ վիպաշարի Հարուածը (1998) եւ Նշան (2000) վէպերէն երկու հատուածներ։ Իւրաքանչիւր ընթերցումի պարագային, Աճէմեանի մեկնաբանութիւնը կը կենսաւորէր խօսող տիպարները այնպէս, որ կարծէք անոնք բեմահարթակի վրայ մենախօսութիւն կատարողներ ըլլային։ Դասախօսը ուսանողներուն բացատրեց, թէ ինչպէս Պըլտեան յետ-եղեռնեան առաջին սերունդին խօսքն ու ձայնը լսելի կը դարձնէր իր պատումներով։

Երեք ժամ տեւող այս դասախօսութեան ընթացքին, ուսանողները իրենց տուած հարցումներով կրցան լաւագոյնս ըմբռնել Պըլտեանի գործին տարողութիւնը, իսկ անոնց հակազդեցութիւններէն ի յայտ եկաւ, թէ անկախաբար իրենց ծննդավայրերէն, անոնք Պըլտեանի տիպարներուն մէջ կը գտնէին իրենց հարազատ թուացող մարդիկ ու երեւոյթներ։