Հասկացողութեան եւ վերլուծման աշխատանոց

Հասկացողութեան եւ վերլուծման աշխատանոց

Այս շաբթուան դասապահը ամբողջութեամբ յատկացուած էր արձակ եւ չափածոյ գրութիւններու հասկացողութեան եւ վերլուծման աշխատանքներու։

Դասընթացքի ղեկավարը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որպէս արձակ գրութիւն ընտրած էր յայտնի սփիւռքագէտ Խաչիկ Թէօլէօլեանի Սփիւռքի մէջ հատորով հրատարակուած «Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական գաղութի կազմակերպումի կարելիութիւններ» գրութենէն հատուած մը։

Թիւֆէնքճեան նախ հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց Խաչիկ Թէօլէօլեանը, յատկապէս կեդրոնանալով անոր ակադեմական եւ սփիւռքագիտութեան մարզի հիմնադրութեան աշխատանքներուն վրայ։

Վերոնշեալ գրութենէն ընտրուած հատուածին ծանօթանալէ ետք, ուսանողները նախ աշխատեցան գրութեան բառապաշարին վրայ, լաւապէս ընկալելու համար հոն պարզուող մտքերը։ Ապա Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն տուաւ շարք մը վերլուծական բնոյթի հարցումներ, որոնց պատասխանները ուսանողները փնտռեցին գրութեան մէջ, այդպիսով թափանցելով Թէօլէօլեանի արտայայտած մտքերուն։

Չափածոյ գրութիւններու հասկացողութեան աշխատանոցին համար, Թիւֆէնքճեան ընտրած էր Վահան Թէքէեանէն վեց բանաստեղծութիւններ, որոնց վերլուծման անցնելէ առաջ, դասախօսը ուսանողներու տուաւ Թէքէեանի կեանքին ժամանակագրութիւնը։

Ապա ուսանողները կարգաւ կարդացին Թէքէեանի «Մէկ-հատիկս», «Պառաւ աղջիկ», «Աղուորները» եւ «Բարձրացում» բանաստեղծութիւնները, իսկ «Ես սիրեցի» եւ «Հաշուեյարդար» կտորները ներկայացուեցան Վարդուհի Վարդերեսեանի առինքնող ասմունքին ճամբով։

Իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան պարագային, ուսանողները նախ աշխատեցան հոն երեւցող կարգ մը բառերու իմաստներուն վրայ, որմէ ետք անոնք փնտռեցին տուեալ բանաստեղծութեան մէջ դասախօսին տուած հարցումներուն պատասխանները։ Ապա անոնք նաեւ ճշդեցին ամէն մէկ բանաստեղծութեան մէջ խօսողին ինքնութիւնը, որ կրնար ըլլալ հետեւեալ երեքէն մէկը կամ միւսը. hեղինակ / ֆիզիքական անձը, բանաստեղծը կամ բանաստեղծին ստեղծած մէկ անձնաւորութիւնը։

Նախքան դասապահի աւարտը, կարծիքներու փոխանակման ճամբով, ուսանողները նաեւ գտան Թէքէեանի յիշեալ բանաստեղծութիւններուն մէջ պարզուող հասարակաց թեմաները։