Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի Բ. եռամսեակը

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի Բ. եռամսեակը

Շաբաթ, 22 յունուար 2022ին, Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը։ Հակառակ այդ օրուան արտասովոր ցուրտին եւ համավարակի հետեւանքով յառաջացած սահմանափակումներուն, 20է աւելի ուսանողներ ներկայացան դասընթացքի Բ. եռամսեակի առաջին դասին։

Օրուան դասանիւթն էր «Դասական եւ աբեղեանական ուղղագրութիւններու տարբերութիւնները», դասաւանդողը՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան։ Դասապահի նախորդող օրերուն, ուսանողները ստացած էին Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը՝ երկու ուղղագրութեամբ, անոնց տարբերութիւնները գտնելու յանձնարարականով։

Դասախօսը նախ անդրադարձաւ հայերէն լեզուի ծագման մասին առաջադրուած զանազան վարկածներուն եւ տեսութիւններուն, ապա ճշդեց հայերէնի տեղը լեզուներու ընտանիքին մէջ։

Յաջորդաբար, Արթինեան անդրադարձաւ հայերէն այբուբենի հոլովոյթին, սկսելով նախապատմական ժամանակներու հայկական մեհենագրերէն (hieroglyphs) եւ սեպագրերէն (cuneiform), անցնելով եթովպիական «Գէէզ» այբուբենին հետ մեր այբուբենի առընչութիւններուն, հասնելու համար Ե. դարու հայերէն գրերու գիւտին։ Այդ օրերէն մեզի հասած մեսրոպեան այբուբենի առաջին արձանագրութիւնն է Դեկոր վանքի դրան վերի սեմին վրայ գտնուող հետեւեալ 36 տառերով այբուբենը:

Արթինեան նաեւ անդրադարձաւ հայերէն այբուբենի թուային արժէքներուն, ամփոփուած հետեւեալ տախտակին մէջ։

Դասին յաջորդ մասով, Վրէժ-Արմէն Արթինեան ներկայացուց հայերէնի ուղղագրութեան հոլովոյթը, որ աննշան փոփոխութիւններով յարատեւած էր մինչեւ 1922 թուականը, երբ Հայաստանի նորահաստատ սովետական կարգերը՝ առաւելաբար քաղաքական նպատակներով «բարեկարգեցին» մեսրոպեան ուղղագրութիւնը։

Այդ փոփոխութիւնները հիմնուած էին 1913ին Մանուկ Աբեղեանի առաջարկներուն վրայ, որոնք օրին մերժուած էին։ Յարգելի դասախօսը մանրամասնեց այդ փոփոխութիւնները, յիշելով, որ անոնցմէ որոշ նահանջ մը իրականացաւ 1940ին, երբ վերականգնուեցան Է եւ Օ տառերը, բառասկիզբի «ՎՈ»ն վերադարձաւ «Ո»ի, իսկ «ՅԵ»ն՝ «Ե»ի։ Արթինեան նաեւ յիշեց, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ ի զօրու է ՀՀ Լեզուի տեսչութեան Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդի 1996 հոկտեմբեր 9ի հրամանագրով հաստատուած մեսրոպեան այբուբենի հետեւեալ պաշտօնական տարազը։

Դասապահի վերջաւորութեան, անդրադառնալէ ետք այս այբուբենի որդեգրումով յառաջացած հակասութիւններուն, Արթինեան ուսանողներուն ցրուեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը։ Ուսանողները առիթ ունեցան այդ՝ եւ դասի սկզբին իրենց տրուած Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւններուն վրայ աշխատելով, զանոնք վերածել մեսրոպեան ուղղագրութեան։