Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ Բ4-3

Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ Բ4-3

Շաբաթ, 26 ապրիլ 2025ին, ԼՇՀ դասընթացքի ընթացիկ եռամսեակի ուսանողները վայելեցին իրենց դասընկերներէն Ալին Շողեր Մարգարեանի եւ Ռիթա Վարդանեանի ուսանողական աշխատանքները։ Առաջինը ցարդ անտիպ յուշագրութեան մը ներկայացումն էր, իսկ երկրորդը ժողովրդական Jeopardy գիտելիքներու մրցումին հետեւողութեամբ պատրաստուած խաղ մը։

«Իմ անունս Արամ է»

Առաջին ներկայացումը՝ «Իմ անունս Արամ է», սկսաւ մեր ուսանողներէն Սալբի Մարգարեանի ներածականով։ Ան բացատրեց, որ ընկերուհիներէն մէկը՝ Սիլվա Թ. , (որ հիւրաբար ներկայ էր այդ օր), իրեն յայտնած էր, թէ գուրգուրանքով կը պահէ Եղեռնէն վերապրած մեծ-հօր՝ Արամ Գէորգեանի ձեռագիր յիշատակարանը ու կը փնտռէ զայն կարդացող մը, որ ապա նաեւ պիտի յօժարէր զայն մեքենագրելու։ Սալբի որոշած էր օգտակար ըլլալ ընկերուհիին եւ դիմած մի քանի անձերու։ Ի վերջոյ, ինք յիշատակարանը յանձնած էր ԼՇՀ դասընթացքի առաջին օրէն մասնակից Ալին Շողեր Մարգարեանին, որ այդ օր սահիկներով պիտի ներկայացնէր Արամ Գէորգեանի 1960ական թուականներուն գրի առած յուշագրութեան բովանդակութիւնը։ Ներկայացումը, ըսաւ Սալբի Մարգարեան, պիտի ըլլայ առաջին դէմքով, հեղինակին բառերով ու երբեմն ալ բարբառով։

Սալբի Մարգարեան

Ալին Շողեր Մարգարեան ներկայացումը սկսաւ Արամ Գէորգեանի ինքնակենսագրական պատումը բացող տողերով։ «Ծնուել եմ 1896ին, Շահպաղի գիւղում»։ Շահպաղը, ըսաւ Մարգարեան, Վանէն ոտքով կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր եւ այսօր կը կոչուի Beyüzümü։ Շահպաղ կը նշանակէ «շահի պարտէզ»։ Գիւղը համբաւաւոր էր իր խաղողի այգիներով. Արամ Գէորգեանի նկարագրութեամբ, «զուտ հայկական գիւղ էինք, 167 տուն, 900 բնակիչ»։

Ալին Շողեր Մարգարեան

1896ին, Արամի 12 տարեկան եղբայրը զոհ կ՚երթայ համիտեան ջարդերուն, իսկ միւս եղբայրը՝ Փանոս Գէորգեան, կը յաջողի իրենց հօր ապահոված կեղծ անցագրով մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ։ 1914ին, Վանի եւ շրջակայքի երիտասարդները կը զինուորագրուին թրքական բանակին։ Այդ օրերուն է, որ Արամ կը միանայ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպողներու խումբին, առաջնորդութեամբ Վանայ Իշխանին (Նիկողայոս Միքայէլեան, 1883-1915) եւ Արշակ Վռամեանին (Օննիկ Դերձակեան, 1871-1915)։ Այդ հերոսներու սպանութենէն ետք, Արամ եւ իր զինակիցները կը կազմակերպեն Վանի շրջանի գիւղերու բնակչութեան փախուստը, մինչ «մեր սուրհանդակները լուր բերին ճակատէն, թէ Երեւանէն հայ կամաւորական բանակներ ճամբայ ելած են, որչափ կարելի է դիմացէք, երեք կամ չորս օրէն կը հասնին»։ Կամաւորական գունդերը կը ղեկավարէին Զօրավար Անդրանիկ (Անդրանիկ Օզանեան, 1865-1927), Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան, 1883-1956) եւ Համազասպ (Համազասպ Սրուանձտեան, 1873-1921):

Վանի հերոսամարտը կը փրկէ շուրջ 150,000 հայերու կեանքը. մի քանի ամիս ետք սակայն, ռուսական գունդերուն Վանէն մեկնումով, անոնք կը ստիպուին նահանջել դէպի Երեւան, ուր իրենց կը սպառնար նոր վտանգ մը՝ բծաւոր տիֆի համավարակը։ Գէորգեանի ոդիսականը կը շարունակուի, երբ ան կը վերադառնայ Շահպաղ, ուր կ՚ամուսնանայ 1917ին։ Մի քանի ամիս ետք, Արամ Գէորգեան եւ իր ընկերները կը լծուին Կոստի Համբարձումեանի (1882-1918) ղեկավարութեամբ ինքնապաշպանական մարտի, բայց թշնամի հրոսակները կը յարձակին անզէն ժողովուրդին վրայ։ Երբ Արամ մի քանի օրուան համար տուն կը վերադառնայ, զայն լքուած կը գտնէ, իսկ ընտանիքը մեկնած։

Արամ Գէորգեանի ձեռագրէն նմոյշներ

Արամ ի վերջոյ կը վերագտնէ լեռներուն մէջ պատսպարուած իր ընտանիքը։ Հազարաւոր հայեր, Հնարաւորին չափ պաշտանուելով, կը հասնին Սալմաստ, ուր կը միանան տեղւոյն հայերուն եւ ասորիներուն։ Թէեւ անոնք կը ծրագրէին Խոյ ապաստանիլ, սակայն «թշնամին մեր կռնակէն կը հարուածէր։ Զինուորներ լքեցին իրանց դիրքեր, ստիպուած քաշուեցանք դէպի Ուրմիա»։ Այդ տարիներուն անգլիական բանակը շրջանին մէջ ուժեղ ներկայութիւն էր, եւ երբ հայերը կը հասնին Պարսկաստանի Համատան քաղաքը, անգլիացիները կը ստիպեն որ հայերը զինաթափուին եւ տարագրուին դէպը Պաքուպա (Իրաք), ուր 75,000 ասորի եւ հայ գաղթականներ վրաններու տակ կը ծուարին։ Հոն, բոլորովին անակնկալօրէն, Արամ կը գտնէ իր քոյրը Զարուհին։ Երկուքով անոնք իրենց անունները կը հրատարակեն «Կոչնակ» թերթին մէջ, յուսալով որ իրենց Միացեալ Նահանգներ հաստատուած եղբայրը՝ Փանոսը կը գտնէ զիրենք։

Արամ ի վերջոյ ճամբայ կ՚իյնայ դէպի Հալէպ։ Որոշ ժամանակ հոն ապրելէ ետք, 25 ապրիլ 1919ին, շոգեկառքով կը ճամբորդէ դէպի Պոլիս, անկէ՝ Պաթում, ապա Թիֆլիս եւ վերջապէս Երեւան։ Իր նման երիտասարդներու հետ, Արամ կը ներկայանայ անկախացած Հայաստանի կառավարութեան, «որ արձանագրուինք որպէս զինուոր ծառայելու հայրենիքին»։ 1920ի դեկտեմբերին, «ես Ղարաբաղի ճակատին կը գտնուէի։ Քանի մը հոգիով հազիւ կը դիմադրէինք։ Կարծես զինուորներուն մէջ յուսահատութիւն մը անցած էր, սիրտ չունէին կռուելու։ Իմացանք որ Երեւանը պոլշեւիկներուն ձեռքը ինկած է»։ Մի քանի շաբաթ դարձեալ լեռներուն մէջ ծուարելէ ետք, յունուար 1921ին Արամ կը հասնի Երեւան, որ անցած էր համայնավարներուն ձեռքը։ Ազգականի մը մօտ թաքստոց կը գտնէ, սակայն «թաղին պոլշեւիկ լրտեսները ինծի բռնեցին բանտ դրին։ Բանտին մէջ էին Կամաւորական Երրորդ խումբի հրամանատար հերոս Համազասպ, Սարդարապատի մարտի հերոսներ, անկախ Հայաստանի պաշտօնեաներ եւ ուրիշ շատեր։ Ամէն գիշեր, անոնց թիւերը խորհրդաւոր կերպով կը պակսէին»։ 12 փետրուարին, համայնավարները զինք կ՚արձակեն բանտէն եւ կ՚ուղարկեն «դաշնակներուն դէմ կռուելու»։ 18 փետրուարի գիշերը, «դեռ լոյսը չբացուած, պահուըտած տեղէս սոսկալի որոտում լսեցի։ Ռումբերու եւ հրացաններու ձայներ իրարու խառնուեցան։ Փողոց իջայ, եւ երբ հասկցայ որ Դաշնակցութիւնը պոլշեւիկ կառավարութեան դէմ ապստամբութիւն կազմակերպած է, անմիջապէս զէնքերս առի բարեկամիս տունէն, գտայ հին զինակիցներս, միացայ անոնց։ […] Շաբաթ մը կռուեցանք աննկարագրելի պայմաններու մէջ, ահաւոր բաներ տեսայ այդ օրերուն։ […] Մեր յաջողութիւնը կարճ տեւեց, տասներկու օր դիմադրելէ վերջ, Դաշնակցութիւնը Երեւանէն հեռացաւ։ Լեռներուն մէջէն քալելով մեկնեցանք դէպի հարաւ։ Մեր հետ էր նաեւ վարչապետ Վրացեան, Օհանջանեան, Աղբալեան, Տեվէճեան, Նաւասարդեան եւ ուրիշներ»։ 10,000 փախստականներ ի վերջոյ հետիոտն կը հասնին Տաթեւի վանքը, անկէ Մեղրի եւ Արաքսի ափը։ Անոնք կը հատեն պարսկական սահմանը, եւ կը հասնին Թաւրիզ, ուր թեմի առաջնորդը՝ Արքեպիսկոպոս Ներսէս Մելիք-Թանգեանը կը կազմակերպէ փախստականներու ապաստան տալու աշխատանքը։ Անոնք այնտեղ կը կազդուրուին. յետոյ, Արամ եւ իր քսանութ ընկերները կը մեկնին Համատան, անկէ՝ Պաղտատ։

Այնուհետեւ Արամ Գէորգեան աշխատանք կը ճարէ Մուսուլի մէջ, որպէս Esso ընկերութեան քարիւղի հանքերուն պահակ։ Որոշ ատեն մը ետք, ան կը գաղթէ Իրաքէն դէպի Եգիպտոս, ուր կ՚աշխատի դարձեալ Esso ընկերութեան մօտ։ 1922ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ կ՚ամուսնանայ վանեցի Նուարդ Յովհաննէսեանի հետ, եւ զոյգը կ՚ունենայ չորս զաւակներ։

Եգիպտոսի քաղաքական անապահովութեան հետեւանքով, Արամ Գէորգեան վերջին անգամ մը եւս կը գաղթէ եւ ընտանիքով կը հաստատուի Մոնթրէալ։ 1973ին, Արամ կը մահանայ այնտեղ։ «Այս օրատետրս կը մնայ որպէս վկայ, օրատետրս զինուորի յիշատակ եւ կատարած իր պարտականութիւնը հանդէպ իր ազգին։ Այս տկար գրիչով, որ դպրոց տեսած չեմ, ոչ ալ գիրքեր կարդացած եմ եւ ոչ ալ ասոր-անորմէն իմացած եմ: Ահա իմ աչքին տեսողութիւն եւ գործողութիւնս»:

Ալին Շողեր Մարգարեան Գէորգեանի պատումը եզրափակեց իր կողմէ շարադրուած հետեւեալ բառերով. «Իմ անունս Արամ Գէորգեան է, հպարտ եմ որ կամաւոր կերպով ծառայեցի ազգիս, մեր պատմութեան ամենէն մութ օրերուն։ Մղուած էի գոյատեւելու բացառիկ տենչով, ազատեցայ հրաշքով, եւ ապրեցայ համեստաբար։ Ո՛չ շահ փնտռեցի, ո՛չ փառք, ո՛չ պատիւ, ո՛չ մետալներ, ո՛չ ալ յուշարձաններ։ Ինծի պէս եղան հարիւրաւոր, հազարաւոր Արամներ, մէյմէկ անանուն հերոսներ։ Ոմանց կեանքը կրճատուեցաւ պայքարի ճամբուն վրայ, ուրիշներուն յուշերը մարեցան առանց յաջորդ սերունդներուն հասնելու, բայց վերջապէս, իմ պատմութիւնս, դէպքերէն ուղիղ հարիւր տասը տարիներ ետք, հասաւ թոռնիկներուս։ Իմ անունս Արամ է, յիշեցէք մեզ»։

Ալին Շողերի ունկնդիրները լարուած ուշադրութեամբ եւ յուզումով լսեցին իր ներկայացումը եւ իրենց ծափերով ու նշմարներով արտայայտեցին խորունկ գնահատանք անոր կատարած պրպտումներուն եւ աշխատանքին։ Յաջորդ ներկայացումին անցնելէ առաջ, Թիւֆէնքճեան անդրադարձաւ այսպիսի աշխատանք մը ԼՇՀ դասընթացքի ծիրէն դուրս բերելու եւ անոր լայն տարածում տալու կարեւորութեան։

Գիտելիքներու խաղ

Դասին յաջորդ բաժնով, Ռիթա Վարդանեան կազմակերպեց գիտելիքներու Jeopardy մրցումին հետեւողութեամբ խաղ մը, որուն հարցումները ան կազմած էր ԼՇՀ դասընթացքի ծիրին մէջ ներկայացուած զանազան դասախօսութիւններէ։ Խաղին քսան Հարցումները խմբուած էին սիւնակներու տակ. Թարգմանութիւն, Շարահիւսութիւն, Եզակի հայ գրողներ եւ Զանազան նիւթեր։ Ուսանողները մի առ մի ընտրեցին ճիւղերէն մէկը եւ այդ սիւնակի հինգ հարցումներէն մին։

Ահաւասիկ այդ հարցումներէն մի քանին.

  • Ի՞նչ է gallantին հայերէնը։
  • Լեւոն Շանթի ո՞ր թատերական գործը յեղափոխեց հայկական թատրոնը։
  • Ո՞ր քաղաքին մէջ ծնած է Գրիգոր Պըլտեան։
  • Ճշտէ հետեւեալ նախադասութեան սխալը. «Տնօրէնը իր որոշումը փոխանցեց ուսուցիչներուն, անոնք ալ որոշումը փոխանցեցին աշակերտներուն»։
  • Ի՞նչ է universalityին հայերէնը:

Խաղին ստեղծած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ալ աւարտեցաւ այս դասը։