Անցնող հարիւր յիսուն տարիներուն, կիներու ընկերային դիրքի եւ քաղաքացիական իրաւունքներու խնդիրները լայն անդրադարձ գտած են այլեւայլ երկիրներու ընկերութիւններուն մէջ։ Հայկական ընկերութիւններու պարագային, թէ՛ արեւելահայ եւ թէ՛ արեւմտահայ ճակատներուն վրայ, այդ խնդիրները կ՚երեւին յատկապէս գրականութեան ոլորտին մէջ։ Այդ մեկնակէտէն ալ կը բխի կիներու հարցի (իմա՛ ֆեմինիստական շարժումի) ներառումը ԼՇՀ դասընթացքի դասանիւթերուն մէջ։ Արդարեւ, «Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ» վերնագրով երկու դասախօսութիւններ ներկայացուած են ցարդ. առաջինը՝ 18 յունուար 2020ին, յատկացուած Էլպիս Կեսարացեանի, Սրբուհի Տիւսափի եւ Զապէլ Ասատուրի կեանքերուն եւ գործունէութեան, երկրորդը՝ 26 մարտ 2022ին, Զապէլ Եսայեանի գրականութեան։ Այդ շարքին եկաւ աւելնալ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի «Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ Գ.» դասանիւթը, որ ան ներկայացուց 12 ապրիլ 2025ին։

Թիւֆէնքճեան դասը սկսաւ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան կիներու հարցին վերաբերեալ Պոլսոյ մէջ տիրական մտայնութեան մասին Գրիգոր Զօհրապէն բարացուցական մէջբերումով մը։ Որպէս անդրադարձ Տիւսափի Մայտա վէպին, Զօհրապ գրած է,
Իգական սեռի իրաւունքներուն խնդիրը դեռ մեր մէջ կիզիչ օրուան խնդիր մը չի կրնար ըլլալ։ … կինը՝ այրերու շղթայեալ գերին, անձնուէր զոհը, անտրտունջ ողջակէզը ներկայացնել ճշմարիտ չէ երբեք, այլ թէ կնոջական բնութիւնն է որ պարզապէս անոր իրաւունքը եւ գոյութեան պայմանները կը ճշդէ. եւ եթէ գանգատելու իրաւունք մը երբեք կայ, եթէ անհաւասարութեան դէմ ձայն բարձրացնելու հարկը կը զգացուի, այդ հարկը այրերուն համար է, որուն յատկացուած են ամէն չարչարանք, տքնութիւն, յոգնութիւն եւ աշխատութիւն, մինչդեռ կինը սովոր է մի՛այն վայելել այն քրտինքի արդիւնքը, որուն բնաւ չէ մասնակցած։
Մեր կեանքէն. «Կնոջ իրաւունքները (Մայտա)». Տպարան «Նուպար». Գահիրէ, 1945. էջ 69-70
Յիշեալ ժխտական դիրքաւորումը իր պարունակին մէջ դնելու համար, Թիւֆէնքճեան նշեց, որ Զօհրապ հաւանաբար կը միտէր անխաթար պահել հայ ընտանիքի աւանդական ըմբռնումը, կիներու հարցին մէջ տեսնելով Եւրոպայէն ներշնչուող շարժումէ մը բխող վտանգ։ Ահա՛ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ըսաւ դասախօսը, որ կը ստեղծագործէին շարք մը կին գրողներ, ինչպիսիք են Պերճուհի Բարսեղեան (1860-1940), Անայիս (Եւփիմէ Աւետիսեան 1872-1950), Արշակուհի Թէոդիկ (1875-1922), Մառի Պէյլէրեան (1877-1915), Զարուհի Պահրի (1880-1958), Մաննիկ Պէրպէրեան (1883-1960), Հայկանոյշ Մառք (1884-1966) եւ Սիրան Սեզա (Զարիֆեան 1903-1973)։ Ընթացիկ դասախօսութեան համար, յիշեալ անուններէն Թիւֆէնքճեան ընտրած էր չորսը՝ Արշակուհի Թէոդիկ, Մառի Պէյլէրեան, Զարուհի Պահրի եւ Հայկանոյշ Մառք, ընտրութեան հիմք ընդունելով չորսին 1875-85 տասնամեակին ծնած ըլլալու իրողութիւնը, իրենց գաղափարները հրապարակագրութեամբ արտայայտելու որոշումը եւ հայկական հանրային կեանքին մէջ իրենց հանրօգուտ դերակատարութիւնը։
Արշակուհի Թէոդիկ
Այս նախաբանէն ետք, Թիւֆէնքճեան տուաւ Արշակուհի Թէոդիկի կեանքին ու գործունէութեան հակիրճ նկարագրականը։ Քսան տարեկանին, իր ուսումը կատարելագործելու համար Արշակուհին կը մեկնի Անգլիա եւ Ֆրանսա։ Փարիզի մէջ կ՚աշխատակցի Գուիտոն Լուսինեանին՝ այս վերջինին ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի բ. հրատարակութեան խմբագրութեան (Nouveau dictionnaire arménien classique-français Guy de Lusignan)։ 1902ին կ՚ամուսնանայ Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան, 1873-1928) հետ, որ աւելի ուշ հանրածանօթ պիտի դառնար իր Ամէնուն տարեցոյցը տասնութ հատորներու շարքով։ Այդ տարիներուն, Արշակուհին կ՚անդամակցի Զապէլ Ասատուրի հիմնած «Ազգանուէր հայուհեաց» ընկերութեան եւ կը զբաղի հրապարակագրութեամբ։ Իր յօդուածները լոյս կը տեսնեն «Ծաղիկ», «Մանզումէ-ի էֆքեար», «Սուրհանդակ», «Բիւզանդիոն», «Ժամանակ» թերթերուն եւ Թէոդիկի Ամէնուն տարեցոյցըին մէջ։ 1909ի Ատանայի կոտորածէն ետք, անձնական միջոցներով Արշակուհին կը հասնի Ատանա, օգնութիւն տրամադրելու կոտորածի զոհերուն։ Մէկ ամսուան ընթացքին, ան կը յաջողի որբանոց ու դպրոց հիմնադրել եւ օտարերկրացիի անունով այցելել բանտերու մէջ արգելափակուած հայ գործիչներու։ Պոլիս վերադարձին, Արշակուհի կը հրատարակէ Ամիս մը ՚ի Կիլիկիա. կցկտուր նօթեր 37 պատկերներով ուղեգրութիւնը (1910), իսկ 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք, վերապրողներէն իր հաւաքած վկայութիւնները կ՚ամփոփէ գրքոյկի մը մէջ, որ «Ազգանուէր Հայուհեաց»ը կ՚ուղարկէ Փարիզ, ուր գրքոյկը կը հրատարակուի Temoignages inédits, sur les atrocités turques commises en Arménie խորագրին տակ (1920): Արշակուհի Թէոդիկ նաեւ հեղինակն է Արդի բարոյագիտութիւնը դասագրքին (1911-1912) միջին եւ բարձրագոյն դասընթացքներով: 1915էն սկսեալ, Արշակուհին կ՚ապրի դժնդակ տարիներ. ամուսինը աքսորուած էր, իսկ ինք ու զաւակը կը գտնուէին նիւթական անձուկ վիճակի մէջ։ Այդ շրջանին ան կը վարակուի թոքախտով, որ զինք կը զգետնէ 1922ին, Լէյսին, Զուիցերիա, ուր գացած էր դարմանուելու։

Ապա ուսանողները կարդացին Արշակուհի Թէոդիկի զանազան յօդուածներէն ու հրատարակութիւններէն իրենց տրամադրուած շարք մը մտածումներ, որոնց աւելի հանգամանօրէն պիտի անդրադառնային դասապահի աշխատանոցային բաժնին մէջ։
Մառի Պէյլէրեան
Մառի Պէյլէրեանի մասին խօսելէ առաջ, Թիւֆէնքճեան յայտնեց թէ անոր մասին իր տեղեկութիւնները քաղած է Հայկ Աւագեանի Մառի Պէյլէրեանի Եգիպտոսի տարիները (1896-1909) եւ ընկերվարական ֆեմինիզմը («Ջահակիր» շաբաթաթերթ, Յաւելուած Ծ., Գահիրէ 2022)՝ ինչպէս նաեւ Victoria Roweի A History of Armenian Women’s Writing: 1880-1922 (Cambridge Scholars Press, 2003) հատորներէն։
Պէյլէրեան իր նախնական ուսումը ստացած է Էսայեան վարժարանի եւ Բերայի Արուեստանոց-ուսումնարանին մէջ։ Պատանի տարիքին կը հետաքրքրուի հայ ազատագրական շարժումով, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեամբ, ու կը դառնայ այդ կուսակցութեան օրկան՝ Եւրոպա հրատարակուող «Հնչակ» թերթի Պոլսոյ թղթակիցը։ 1895-1896ին, Մառին կազմակերպողներէն է Պապը Ալիի ցոյցին (30 սեպտեմբեր 1895) եւ խանդավառ քաջալերող մը Պանք Օթոմանի գրաւումին (14 օգոստոս 1896)։ Խուսափելու համար թրքական հետապնդումներէն, Մառի կը հեռանայ Պոլսէն, ու կարճ ժամանակ մը Կիպրոս մնալէ ետք, կայք կը հաստատէ Եգիպտոս, ուր կը բնակի մինչեւ 1909։ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան եւ Գահիրէի Գալուստեան վարժարաններուն մէջ Մառի կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն, միաժամանակ մշակելով կիներու յատուկ թերթ մը հրատարակելու ծրագիրը։ Իր գաղափարակից ընկերոջ Ավօ Նագշճեանի միջոցաւ կը դիմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանին, խնդրելով Վեհափառին նիւթական աջակցութիւնը իր նախաձեռնութեան։ Խրիմեան ոչ միայն Պէյլէրեանի կ՚ուղարկէ նորաձոյլ հայերէն տառերու կաղապարներ, այլեւ իր բանաստեղծութիւններու Վերջալոյսի ձայներ հաւաքածոն, որուն հասոյթը Վեհափառը կը նուիրէ Մառիին։ 1902 յունուարին, Պէյլէրեան կը հրատարակէ առաջին թիւը «Արտէմիս» ամսաթերթին , որմէ լոյս կը տեսնեն տասներկու թիւեր: Թէեւ «Արտէմիս»ը ունէր արեւմտեան տարբեր երկիրներէ բազմահարիւր բաժանորդներ, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը կը զլանար բաժանորդագրութեան սակ վճարել. այդ պատճառաւ, Պէյլէրեան հարկադրաբար կը դադրեցնէ ամսագրին հրատարակութիւնը՝ 1903ի դեկտեմբերին։

1903ի ամրան, Պէյլէրեան կ՚ամուսնանայ Ավօ Նագշճեանի հետ, որ կ՚ընդունի այնուհետեւ կոչուիլ Ավօ Պէյլէրեան։ Ամուսնին հետ, Մառի աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ Եգիպտոսի Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան։ 1908ին, Օսմանեան սահմանադրութեան մէջ «Իթիհաթ վէ թերաքի» (միութիւն եւ յառաջդիմութիւն) կուսակցութեան ջանքերով ներմուծուած փոփոխութիւնները հաւատք կը ներշնչեն ապագայի նկատմամբ, եւ Պէյլէրեանները 1909ին կը մեկնին Եգիպտոսէն ու կը հաստատուին Իզմիր։ Այնտեղ Մառի կը վարէ Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ մինչեւ 1913. ապա զինք կը գտնենք Եւդոկիա (Թոքաթ), ուր 1914ին կը հրատարակէ իր հրապակագրական յօդուածներուԴէպի վեր ժողովածուն։ 1915ին, Մառի եւ ամուսինը կը ձերբակալուին ու կ՚աքսորուին դէպի երկրի խորերը, ուր անոնք կը մահանան ցարդ անստոյգ պայմաններու մէջ։ Աւարտելէ առաջ Պէյլէրեանի բաժինը, Թիւֆէնքճեան ուսանողները ծանօթացուց Մառի Պէյլէրեանի յանդուգն մտքերէն մի քանիին։


Մառի Պէյլէրեան
Զարուհի Պահրի
Երրորդ ֆեմինիստ դէմքը որ Թիւֆէնքճեան ներկայացուց ուսանողներուն, Զարուհի Պահրին էր, որուն կեանքին տեղեկութիւնները կու գային Պահրիի Կեանքիս վէպը հատորէն («Բագին» ԼԵ. տարի, 1996, թիւ 1, 2, 3, 4): Ծնած է 1880ին, Շահպազ ընտանիքին մէջ, Պոլիս։ Զարուհի եւ քոյրը Ատրինէ կը յաճախեն Սրբուհի Տիւսափի հովանաւորած «Դպրոցասէր տիկնանց» վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլան 1895ին։ Դպրոցի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը կ՚առաջարկեն Շահպազ ընտանիքին, իրենց ծախքով երկու պատանի քոյրերը ուղարկել Փարիզ, ուր Զարուհի բժշկութիւն պիտի ուսանէր։ Ընտանիքը կը մերժէ առաջարկը, առարկելով որ «ֆէմինիզմը մի քանի կասկածելի բարքերով սնած կիներու գործ է, աղջիկ մը ամուսնանալու եւ զաւակներ ունենալու սահմանուած է, իմաստ չունէր, որ բարձրագոյն ուսման հետեւէր»։ 1890ական թուականներու կէսերուն Պոլսահայութեան խռովեալ կեանքը (Պապի Ալիի ցոյցը, Պանք Օթոմանի գրաւումը) կը մղեն Շահպազները, որ անոնք ծրագրեն Եւրոպա հաստատուիլ։ Մեկնումին նախորդող օրը, Իզմիրէն կը հասնի իրենց անդրանիկ զաւկին՝ Լեւոնի կասկածելի պայմաններու մէջ մահուան բօթը, որով ընտանիքը կը հրաժարի ճամբորդութեան ծրագրէն։ 1898ին, Զարուհի կ՚ամուսնանայ Ֆերիգիւղ եւ Շիշլի թաղամասերու հայ համայնքին մէջ ծանօթ երիտասարդի մը՝ Յակոբ Պահրիին հետ։

1909ի Կիլիկեան կոտորածէն ետք, Զարուհի կը գլխաւորէ նորակազմ Շիշլիի Տիկնանց Միութիւնը, որ կը պատսպարէր յիսունէ աւելի որբ աղջիկներ ու անոնց կարուձեւ կը սորվեցնէր։ 1918ին, Զարուհի կը ստանձնէ ատենապետութիւնը Շիշլիի Նշան-թաշ թաղի Հայ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղին։ Յաջորդ տարին, Զարուհի եւ Հայկանոյշ Մառք կ՚անդամակցին Հայ Կանանց Միութեան (Լիկա) վարչութեան, որուն նախագահն էր Անայիս (Եւփիմէ Աւետիսեան)։ Այդ թուականներէն սկսեալ, Զարուհի նաեւ հանդէս կու գայ իր հրապարակագրական գրութիւններով, յատկապէս Մառքի «Հայ Կին» կիսամսեային մէջ։ Պահրիի հանրային գործունէութեան ամենէն ուշագրաւ հատուածը կը հանդիսանայ իր աշխատանքը Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղիայեանի նախաձեռնած եւ անգլիական դեսպանատան հովանաւորած՝ ապրիլ 1919ին հիմնադրուած «Չէզոք տուն» հիմնարկութեան մէջ, որ պիտի պատսպարէր Հայկական Ցեղասպանութենէն եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն վերապրած որբեր, անոնց հայ ծագումը ստուգելու նպատակով։ «Չէզոք տուն»ը կառավարող խորհուրդը կազմուած էր հայ համայնքի ներկայացուցիչ Զարուհի Պահրիէն, թրքական Կարմիր Մահիկի նախագահ Նէզիմա հանըմէ եւ անգլիական դեսպանատան ներկայացուցիչ Միս Ուայթինկէ։ Ահա Զարուհիի վկայութիւնը այդ օրերու իր գործունէութեան մասին.
Իրենց ընտանիքէն, տունէն տեղէն զրկուած, իրենց ազգութիւնը մոռցած, 3-4 տարի շարունակ բնակած ըլլալով թուրքերու մօտ, ոմանք՝ չար ու խիստ, գաւազանի հարուածներուն սարսափին տակ մոռցնել տալ ջանացած էին այդ փոքրերուն՝ իրենց ազգութիւնը, ուրիշներ՝ բարի եւ սրտի տէր, այդ տղաքը սիրաշահելով իրենց մօտեցուցած էին, անոնցմէ ոմանք հոգիով հիւանդներ էին, շատեր՝ չարացած, նոր կրօնքի մը՝ իսլամութեան մոլեռանդութիւնով արբեցած։
«Ի՞նչ էր Չէզոք տունը». «Հայաստանի Կոչնակ» ԾԴ. տարի, 1954 թիւ 43, էջ 1036
Զարուհի Պահրիի ջանքերով, «Չէզոք Տուն»ի մէջ շուրջ 250 որբեր կը վերագտնեն իրենց հայկական ինքնութիւնը, բայց ան կը ստիպուի դադրեցնել իր գործունէութիւնը, երբ թրքական «Կարմիր Մահիկ»ի ներկայացուցիչ Նէզիմա հանըմ զինք կ՚ամբաստանէ թուրք մանուկներ հայացնելու յանցանքով։ Անգլիական դեսպանատան յորդորով, 1922ի ամրան Զարուհին եւ իր ընտանիքը կը մեկնին Պոլսէն, նախ դէպի Պուքրէշ, ապա Փարիզ, ուր Զարուհի 1928ին կը հիմնադրէ Ֆրանսայի «Դպրոցասէր Տիկնանց» վարժարանը, որ կը գործէ մինչեւ օրս։ Զարուհի Պահրի կը մահանայ 1958ին, իսկ 1987ին իր ժառանգորդները աճիւնները կը փոխադրեն Հայաստան։ 2014ին, Զարուհիի թոռը՝ Ալին Էլմայեան եւ անոր զարմիկը՝ Ժագ Պահրի, իր արխիւը կը յանձնեն Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին։ Ի տարբերութիւն Արշակուհի Թէոդիկի եւ Մառի Պէյլէրեանի, Զարուհի Պահրի հեղինակ է շարք մը վէպերու, որոնցմէ նշենք Վոսփորի ափերուն վրայ եւ Սէնի ափերուն վրայ եռագրութիւնները (ոմանք անտիպ), եւՓառանձեմ. ճամբաներուն երկայնքին 1872-1842 վէպը (1946)։ Այս բաժնի վերջաւորութեան, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ցրուեց քաղուածք մը Զարուհի Պահրիի մտքերէն։
Հայկանոյշ Մառք
Դասին յաջորդ բաժնին մէջ, Թիւֆէնքճեան անցաւ Հայկանոյշ Մառքին, որ բաւականին հանրածանօթ անուն մըն է այսօր, յատկապէս իբր հրատարակիչը «Հայ Կին» պարբերաթերթին։ Թիւֆէնքճեան յայտնեց, որ զինք ներկայացնելու համար, հիմնուած է Լեռնա Էքմէքճիօղլուի Recovering Armenia. The Limits of Belonging in Post-Genocide Turkey աշխատասիրութեան վրայ (Stanford University Press, 2016)։ Հայկանոյշի հայրը՝ Մարգար Թօփուզեանը,- որուն անունը յետագային դարձաւ Հայկանոյշի մականունը,- կոյր էր, իսկ մայրը՝ Եպրաքսէն անգրագէտ։ «Այբը չգիտցող մօրս կը պարտիմ ֆէմինիզմի առաջին ազատատենչ ձգտումներս», կը գրէ Հայկանոյշ։ Ծնած է 1882ին, թէեւ 1881 եւ 1885 տարեթիւերը եւս կը յիշուին իբր ծննդեան տարի։ Յաճախած է Էսայեան վարժարան, ուր ուսուցիչները յայտնաբերած են իր գրելու տաղանդը։ Հետեւած է գրաբարի դասերու հինգ տարի։ 1900ի աշնան, սկսած է դասաւանդել Ետիգուլէի Ազգային հիւանդանոցի գիշերօթիկ որբանոցին մէջ։ 1903ին, իր «Բաժնուած սիրտը» պատմուածքը գրաւած է «Մասիս» թերթին գրական մրցոյթին երկրորդ տեղը։ 1904ին, «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը Հայկանոյշի առաջարկած է ստանձնել թերթին կիներու բաժինը, որ ան խմբագրած է երեք տարի, «արծարծելու այդպէսով գրելու տենչը կարգ մը թագուն տաղանդներու եւ մանաւանդ նորահաս կին սերունդին մէջ»։


1905ին, Հայկանոյշ կ՚ամուսնանայ Վահան Թօշիկեանի (1880-1954) հետ, որ յետագային պիտի հրատարակէր «Նոր Լուր» օրաթերթը։ Մառի Պէյլէրեանի նման, Հայկանոյշ պահած է իր աղջկնութեան անունը։ 1908ի սահմանադրութենէն ետք, Հայկանոյշ եռանդուն մասնակից է Զապէլ Ասատուրի հիմնադրած վերակազմեալ «Ազգանուէր Հայուհեաց» կազմակերպութեան, միաժամանակ անդամակցելով Կանանց Լիկային եւ Ղալաթիոյ Աղքատախնամին։ 1919ին, Հայկանոյշ կը հիմնէ «Հայ կին» կիսամսեայ հանդէսը, օրկան՝ «Հայ Կանանց Լիկային»։ Լիկան կը զբաղէր որբահաւաքի գործով, հայկական հարցի արծարծումով եւ քաղաքացիական իրաւունքներու մէջ հաւասարութիւն յառաջացնելու խնդրով։
«Հայ Կին»ի անդրանիկ թիւին մէջ, Հայկանոյշ Մառք կը գրէ. «Կը դաւանինք թէ [թերթին] գոյութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է, հիմայ որ Հայ կինն ալ ունի իր կատարելիք բաժինը Ազգային Վերածնունդին մէջ»։ Թերթը ունէր բազմատեսակ հետաքրքրութիւններ գոհացնող բովանդակութիւն, ինչպէս՝ գեղեցիկ մանուկներու լուսանկարներու մրցոյթ, առտնին տնտեսութեան սիւնակ, մանկական հիւանդութիւններ բացատրող գրութիւններ եւլն., ինչպէս նաեւ ստեղծագործական գրականութեան բաժին։ Հոն իրենց բանաստեղծութիւնները հրատարակած են Անայիս, Եղիշէ Արք. Դուրեան, Վահան Թէքէեան եւ Դանիէլ Վարուժան։ Թիւֆէնքճեան ուսանողներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայկանոյշ Մառքի մի քանի մտքերուն վրայ, ինչպէս օրինակ՝ «Կիներէն ազգային տուրք կը պահանջուի. եւ շա՛տ լաւ կ՚ըլլայ, որովհետեւ անոնք ալ ազգին կէսը կը կազմեն, եւ իբր այդ ունին իրենց պարտականութիւնը. բայց եւ ունին իրենց իրաւունքը» («Կիները Ազգ. Ժողովին Մէջ», «Հայ Կին» Ա. տարի, 1919, թիւ 4, էջ 1)։ «Գլխարկի մտահոգութիւն» գրութեան մէջ, Մառք կը դատապարտէ այն կիները, որոնք կը նախընտրեն վերջին նորաձեւութեամբ գլխարկ մը ունենալ՝ քան «խոհական զարգացմամբ լեցուն գլուխ մը […] երբ անդին իրենց սեռին ինքնազարթման եւ ցեղային արժանապատուութեան կապուած խնդիրները կան «Հայ Կին» Գ. տարի, 1921, թիւ 1, էջ 781)։

Երկշաբաթեայ թերթը լոյս տեսած է մինչեւ 1933, եւ անոր հրատարակութիւնը վերջ գտած թրքական կառավարութեան ճնշումներով։ Բաց աստի, Հայկանոյշ Մառք հեղինակն է Աղջկան մը հոգին վիպակին (1903), Ծուլութեան պահերէս բանաստեղծութիւններու հատորին (1921) եւ Ծփանքներ կեանքէս ինքնակենսագրական գործին (1954), որ լոյս տեսած է իր գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ հրատարակուած Հայկանոյշ Մառք. կեանքն ու գործը հատորին մէջ։ Մահացած է 1966ին, յորմէհետէ իր արխիւը փոխադրած են Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան։
Աշխատանոցային բաժինը սկսելէ առաջ, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն տուաւ նմոյշներ Հայկանոյշ Մառքի մտածումներէն։ Անոնց ծանօթանալէ ետք, ուսանողները ստացան ներկայացուած չորս դէմքերէն մէկուն կամ բոլորին ուղղուած կարճ երկտող մը գրելու յանձնարարութիւնը, որով պիտի անդրադառնային անոնց գործունէութեան կամ կիներու հարցին մեր ժամանակաշրջանին մէջ դիմագրաւած խնդիրներուն։ Ահաւասիկ այդ երկտողներէն մի քանին.
Յարգելի տիկին Հայկանոյշ Մառք,
Մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ ձեր կեանքին եւ կենսագրութեան,եւ մեծ գնահատանքով նկատեցի հայ կնոջ հանդէպ ձեր արտայայտած ազատատենչ գաղափարները, իրաւոնքներու պահանջները, հայ կնոջ ընկերային եւ ուսումնական կեանքը զարգացնելու ու բարելաւելու ձեր անխոնջ աշխատանքը:Այս բոլորը երբ տակաւին եւրոպական երկիրներու մէջ տակաւին այս բոլորը մշակուած եւ գործադրուած չէին:
Դուք արժանի էք մեր յարգանքին ու երախտագիտութեան:
Այսօր մեր ընկերային կեանքը բաւական յառաջդիմած է, ուսումը քաջալերուած իգական սեռի համար ու հայ կինը տիրացած է որոշ իրաւունքներու եւ որոշ ազատութեան: Բայց պէտք է յիշել, որ որոշ շրջաններու մէջ տեղական, ընկերային եւ տնտեսական պայմաններու տակ հայ կնոջ կեանքը բարելաւելու համար տակաւին աշխատանք կայ կատարելիք:
Տ. Մ.
Շնորհակալագիր Մառի Պէյլէրեանին,
Վասն հայ կնոջ դատի եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր՝ ձեր կատարած աշխատանքը շատ մեծ է։
Ներկայիս ընդհանուր առմամբ մենք կը վայելենք ձեր յոգնութեան արդիւնքը։ Ունինք խօսքի ազատութիւն, կեանքի ընկեր ընտրելու եւ սեփական կեանք կառավարելու իրաւունք։ Դարձեալ ձեր ջանքերով այժմ մեր կիներն հասած են բարձր դիրքերու, ունենալով բարձրագոյն վկայականներ։ Ու այս բոլոր իրաւունքներուն ու արժէքներուն համար երախտապարտ ենք ձեզի՝ եւ ձեր նմաններուն։
Ինչպէս որ դուք շեշտած էք թէ մայրութիւնը պէտք է գնահատուի, եւ դժբախտաբար չէ գնահատուած… ես եւս ձեր այս վսեմ խօսքին վրայ շեշտս դնելով կ՚ըսեմ. եթէ մայր մը ստակ շահելով նիւթապէս չէ կրցած օժանդակել իր տունին՝ վասնզի ան Ֆիզիքապէս զոհուած է, զաւակներ ծնած, մեծցուցած ու կրթած, որոնք ապագային դարձած են բժիշկներ, դիւանագէտներ, եւ յայտնի դէմքեր։
սիրով՝
Մ. Մ.
Սիրելի ընկերուհիներ,
Այսօր մենք կ՚ապրինք արեւմտեան» աշխարհի օժտած փառքերով, յառաջադէմ Քէպէքուա հասարակութեան մէջ, օգտուելով ֆեմինիստ շարժումներու ձեռքբերած նուաճումներէն: Կը վայելենք որոշ ազատութիւններ, որոնց յարգը չենք գիտեր: Սակայն մեր ապրած դարը, մեր շրջապատի մշակոյթը, կ՚արժեւորէ միմիայն կնոջ մը գեղեցկութիւնը, ֆիզիքական տեսքը, առանց մտահոգուելու «գլխարկին տակ»-ինին մասին: Կիները կ’աշխատին, իրենց ապրուստը կը շահին, սակայն այրերու եւ կիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական անհաւասարութիւնը տակաւին սուր հարց է: Այսօր, «մասքիւլինիսթ» շարժումները կը փորձեն ձեր տարած գործը վտանգի տակ դնել: Անոնց յետամնաց գաղափարները լայն տարածում կը գտնեն այսպէս կոչուած «ընկերային» ցանցերու մէջ, ցանցեր՝ որոնց տէրերը խորապէս կը ցնցեն մեր հասարակութեան հիմերը, ստանալով նորընտիր (… …) նախագահի մը անկաշկանդ վաւերացումը:
Ա.Շ.Մ.