Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ Գ.

Անցնող հարիւր յիսուն տարիներուն, կիներու ընկերային դիրքի եւ քաղաքացիական իրաւունքներու խնդիրները լայն անդրադարձ գտած են այլեւայլ երկիրներու ընկերութիւններուն մէջ։ Հայկական ընկերութիւններու պարագային, թէ՛ արեւելահայ եւ թէ՛ արեւմտահայ ճակատներուն վրայ, այդ խնդիրները կ՚երեւին յատկապէս գրականութեան ոլորտին մէջ։ Այդ մեկնակէտէն ալ կը բխի կիներու հարցի (իմա՛ ֆեմինիստական շարժումի) ներառումը ԼՇՀ դասընթացքի դասանիւթերուն մէջ։ Արդարեւ, «Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ» վերնագրով երկու դասախօսութիւններ ներկայացուած են ցարդ. առաջինը՝ 18 յունուար 2020ին, յատկացուած Էլպիս Կեսարացեանի, Սրբուհի Տիւսափի եւ Զապէլ Ասատուրի կեանքերուն եւ գործունէութեան, երկրորդը՝ 26 մարտ 2022ին, Զապէլ Եսայեանի գրականութեան։ Այդ շարքին եկաւ աւելնալ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի «Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ Գ.» դասանիւթը, որ ան ներկայացուց 12 ապրիլ 2025ին։

Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Թիւֆէնքճեան դասը սկսաւ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան կիներու հարցին վերաբերեալ Պոլսոյ մէջ տիրական մտայնութեան մասին Գրիգոր Զօհրապէն բարացուցական մէջբերումով մը։ Որպէս անդրադարձ Տիւսափի Մայտա վէպին, Զօհրապ գրած է,

Իգական սեռի իրաւունքներուն խնդիրը դեռ մեր մէջ կիզիչ օրուան խնդիր մը չի կրնար ըլլալ։ … կինը՝ այրերու շղթայեալ գերին, անձնուէր զոհը, անտրտունջ ողջակէզը ներկայացնել ճշմարիտ չէ երբեք, այլ թէ կնոջական բնութիւնն է որ պարզապէս անոր իրաւունքը եւ գոյութեան պայմանները կը ճշդէ. եւ եթէ գանգատելու իրաւունք մը երբեք կայ, եթէ անհաւասարութեան դէմ ձայն բարձրացնելու հարկը կը զգացուի, այդ հարկը այրերուն համար է, որուն յատկացուած են ամէն չարչարանք, տքնութիւն, յոգնութիւն եւ աշխատութիւն, մինչդեռ կինը սովոր է մի՛այն վայելել այն քրտինքի արդիւնքը, որուն բնաւ չէ մասնակցած։

Մեր կեանքէն. «Կնոջ իրաւունքները (Մայտա)». Տպարան «Նուպար». Գահիրէ, 1945. էջ 69-70

Յիշեալ ժխտական դիրքաւորումը իր պարունակին մէջ դնելու համար, Թիւֆէնքճեան նշեց, որ Զօհրապ հաւանաբար կը միտէր անխաթար պահել հայ ընտանիքի աւանդական ըմբռնումը, կիներու հարցին մէջ տեսնելով Եւրոպայէն ներշնչուող շարժումէ մը բխող վտանգ։ Ահա՛ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ըսաւ դասախօսը, որ կը ստեղծագործէին շարք մը կին գրողներ, ինչպիսիք են Պերճուհի Բարսեղեան (1860-1940), Անայիս (Եւփիմէ Աւետիսեան 1872-1950), Արշակուհի Թէոդիկ (1875-1922), Մառի Պէյլէրեան (1877-1915), Զարուհի Պահրի (1880-1958), Մաննիկ Պէրպէրեան (1883-1960), Հայկանոյշ Մառք (1884-1966) եւ Սիրան Սեզա (Զարիֆեան 1903-1973)։ Ընթացիկ դասախօսութեան համար, յիշեալ անուններէն Թիւֆէնքճեան ընտրած էր չորսը՝ Արշակուհի Թէոդիկ, Մառի Պէյլէրեան, Զարուհի Պահրի եւ Հայկանոյշ Մառք, ընտրութեան հիմք ընդունելով չորսին 1875-85 տասնամեակին ծնած ըլլալու իրողութիւնը, իրենց գաղափարները հրապարակագրութեամբ արտայայտելու որոշումը եւ հայկական հանրային կեանքին մէջ իրենց հանրօգուտ դերակատարութիւնը։

Արշակուհի Թէոդիկ

Այս նախաբանէն ետք, Թիւֆէնքճեան տուաւ Արշակուհի Թէոդիկի կեանքին ու գործունէութեան հակիրճ նկարագրականը։ Քսան տարեկանին, իր ուսումը կատարելագործելու համար Արշակուհին կը մեկնի Անգլիա եւ Ֆրանսա։ Փարիզի մէջ կ՚աշխատակցի Գուիտոն Լուսինեանին՝ այս վերջինին ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի բ. հրատարակութեան խմբագրութեան (Nouveau dictionnaire arménien classique-français Guy de Lusignan)։ 1902ին կ՚ամուսնանայ Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան, 1873-1928) հետ, որ աւելի ուշ հանրածանօթ պիտի դառնար իր Ամէնուն տարեցոյցը տասնութ հատորներու շարքով։ Այդ տարիներուն, Արշակուհին կ՚անդամակցի Զապէլ Ասատուրի հիմնած «Ազգանուէր հայուհեաց» ընկերութեան եւ կը զբաղի հրապարակագրութեամբ։ Իր յօդուածները լոյս կը տեսնեն «Ծաղիկ», «Մանզումէ-ի էֆքեար», «Սուրհանդակ», «Բիւզանդիոն», «Ժամանակ» թերթերուն եւ Թէոդիկի Ամէնուն տարեցոյցըին մէջ։ 1909ի Ատանայի կոտորածէն ետք, անձնական միջոցներով Արշակուհին կը հասնի Ատանա, օգնութիւն տրամադրելու կոտորածի զոհերուն։ Մէկ ամսուան ընթացքին, ան կը յաջողի որբանոց ու դպրոց հիմնադրել եւ օտարերկրացիի անունով այցելել բանտերու մէջ արգելափակուած հայ գործիչներու։ Պոլիս վերադարձին, Արշակուհի կը հրատարակէ Ամիս մը ՚ի Կիլիկիա. կցկտուր նօթեր 37 պատկերներով ուղեգրութիւնը (1910), իսկ 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք, վերապրողներէն իր հաւաքած վկայութիւնները կ՚ամփոփէ գրքոյկի մը մէջ, որ «Ազգանուէր Հայուհեաց»ը կ՚ուղարկէ Փարիզ, ուր գրքոյկը կը հրատարակուի Temoignages inédits, sur les atrocités turques commises en Arménie խորագրին տակ (1920): Արշակուհի Թէոդիկ նաեւ հեղինակն է Արդի բարոյագիտութիւնը դասագրքին (1911-1912) միջին եւ բարձրագոյն դասընթացքներով: 1915էն սկսեալ, Արշակուհին կ՚ապրի դժնդակ տարիներ. ամուսինը աքսորուած էր, իսկ ինք ու զաւակը կը գտնուէին նիւթական անձուկ վիճակի մէջ։ Այդ շրջանին ան կը վարակուի թոքախտով, որ զինք կը զգետնէ 1922ին, Լէյսին, Զուիցերիա, ուր գացած էր դարմանուելու։

Ապա ուսանողները կարդացին Արշակուհի Թէոդիկի զանազան յօդուածներէն ու հրատարակութիւններէն իրենց տրամադրուած շարք մը մտածումներ, որոնց աւելի հանգամանօրէն պիտի անդրադառնային դասապահի աշխատանոցային բաժնին մէջ։

Մառի Պէյլէրեան

Մառի Պէյլէրեանի մասին խօսելէ առաջ, Թիւֆէնքճեան յայտնեց թէ անոր մասին իր տեղեկութիւնները քաղած է Հայկ Աւագեանի Մառի Պէյլէրեանի Եգիպտոսի տարիները (1896-1909) եւ ընկերվարական ֆեմինիզմը («Ջահակիր» շաբաթաթերթ, Յաւելուած Ծ., Գահիրէ 2022)՝ ինչպէս նաեւ Victoria Roweի A History of Armenian Women’s Writing: 1880-1922 (Cambridge Scholars Press, 2003) հատորներէն։

Պէյլէրեան իր նախնական ուսումը ստացած է Էսայեան վարժարանի եւ Բերայի Արուեստանոց-ուսումնարանին մէջ։ Պատանի տարիքին կը հետաքրքրուի հայ ազատագրական շարժումով, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեամբ, ու կը դառնայ այդ կուսակցութեան օրկան՝ Եւրոպա հրատարակուող «Հնչակ» թերթի Պոլսոյ թղթակիցը։ 1895-1896ին, Մառին կազմակերպողներէն է Պապը Ալիի ցոյցին (30 սեպտեմբեր 1895) եւ խանդավառ քաջալերող մը Պանք Օթոմանի գրաւումին (14 օգոստոս 1896)։ Խուսափելու համար թրքական հետապնդումներէն, Մառի կը հեռանայ Պոլսէն, ու կարճ ժամանակ մը Կիպրոս մնալէ ետք, կայք կը հաստատէ Եգիպտոս, ուր կը բնակի մինչեւ 1909։ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան եւ Գահիրէի Գալուստեան վարժարաններուն մէջ Մառի կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն, միաժամանակ մշակելով կիներու յատուկ թերթ մը հրատարակելու ծրագիրը։ Իր գաղափարակից ընկերոջ Ավօ Նագշճեանի միջոցաւ կը դիմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանին, խնդրելով Վեհափառին նիւթական աջակցութիւնը իր նախաձեռնութեան։ Խրիմեան ոչ միայն Պէյլէրեանի կ՚ուղարկէ նորաձոյլ հայերէն տառերու կաղապարներ, այլեւ իր բանաստեղծութիւններու Վերջալոյսի ձայներ հաւաքածոն, որուն հասոյթը Վեհափառը կը նուիրէ Մառիին։ 1902 յունուարին, Պէյլէրեան կը հրատարակէ առաջին թիւը «Արտէմիս» ամսաթերթին , որմէ լոյս կը տեսնեն տասներկու թիւեր: Թէեւ «Արտէմիս»ը ունէր արեւմտեան տարբեր երկիրներէ բազմահարիւր բաժանորդներ, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը կը զլանար բաժանորդագրութեան սակ վճարել. այդ պատճառաւ, Պէյլէրեան հարկադրաբար կը դադրեցնէ ամսագրին հրատարակութիւնը՝ 1903ի դեկտեմբերին։

1903ի ամրան, Պէյլէրեան կ՚ամուսնանայ Ավօ Նագշճեանի հետ, որ կ՚ընդունի այնուհետեւ կոչուիլ Ավօ Պէյլէրեան։ Ամուսնին հետ, Մառի աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ Եգիպտոսի Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան։ 1908ին, Օսմանեան սահմանադրութեան մէջ «Իթիհաթ վէ թերաքի» (միութիւն եւ յառաջդիմութիւն) կուսակցութեան ջանքերով ներմուծուած փոփոխութիւնները հաւատք կը ներշնչեն ապագայի նկատմամբ, եւ Պէյլէրեանները 1909ին կը մեկնին Եգիպտոսէն ու կը հաստատուին Իզմիր։ Այնտեղ Մառի կը վարէ Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ մինչեւ 1913. ապա զինք կը գտնենք Եւդոկիա (Թոքաթ), ուր 1914ին կը հրատարակէ իր հրապակագրական յօդուածներուԴէպի վեր ժողովածուն։ 1915ին, Մառի եւ ամուսինը կը ձերբակալուին ու կ՚աքսորուին դէպի երկրի խորերը, ուր անոնք կը մահանան ցարդ անստոյգ պայմաններու մէջ։ Աւարտելէ առաջ Պէյլէրեանի բաժինը, Թիւֆէնքճեան ուսանողները ծանօթացուց Մառի Պէյլէրեանի յանդուգն մտքերէն մի քանիին։

Մառի Պէյլէրեան

Զարուհի Պահրի

Երրորդ ֆեմինիստ դէմքը որ Թիւֆէնքճեան ներկայացուց ուսանողներուն, Զարուհի Պահրին էր, որուն կեանքին տեղեկութիւնները կու գային Պահրիի Կեանքիս վէպը հատորէն («Բագին» ԼԵ. տարի, 1996, թիւ 1, 2, 3, 4): Ծնած է 1880ին, Շահպազ ընտանիքին մէջ, Պոլիս։ Զարուհի եւ քոյրը Ատրինէ կը յաճախեն Սրբուհի Տիւսափի հովանաւորած «Դպրոցասէր տիկնանց» վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլան 1895ին։ Դպրոցի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը կ՚առաջարկեն Շահպազ ընտանիքին, իրենց ծախքով երկու պատանի քոյրերը ուղարկել Փարիզ, ուր Զարուհի բժշկութիւն պիտի ուսանէր։ Ընտանիքը կը մերժէ առաջարկը, առարկելով որ «ֆէմինիզմը մի քանի կասկածելի բարքերով սնած կիներու գործ է, աղջիկ մը ամուսնանալու եւ զաւակներ ունենալու սահմանուած է, իմաստ չունէր, որ բարձրագոյն ուսման հետեւէր»։ 1890ական թուականներու կէսերուն Պոլսահայութեան խռովեալ կեանքը (Պապի Ալիի ցոյցը, Պանք Օթոմանի գրաւումը) կը մղեն Շահպազները, որ անոնք ծրագրեն Եւրոպա հաստատուիլ։ Մեկնումին նախորդող օրը, Իզմիրէն կը հասնի իրենց անդրանիկ զաւկին՝ Լեւոնի կասկածելի պայմաններու մէջ մահուան բօթը, որով ընտանիքը կը հրաժարի ճամբորդութեան ծրագրէն։ 1898ին, Զարուհի կ՚ամուսնանայ Ֆերիգիւղ եւ Շիշլի թաղամասերու հայ համայնքին մէջ ծանօթ երիտասարդի մը՝ Յակոբ Պահրիին հետ։

Զարուհի Պահրի

1909ի Կիլիկեան կոտորածէն ետք, Զարուհի կը գլխաւորէ նորակազմ Շիշլիի Տիկնանց Միութիւնը, որ կը պատսպարէր յիսունէ աւելի որբ աղջիկներ ու անոնց կարուձեւ կը սորվեցնէր։ 1918ին, Զարուհի կը ստանձնէ ատենապետութիւնը Շիշլիի Նշան-թաշ թաղի Հայ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղին։ Յաջորդ տարին, Զարուհի եւ Հայկանոյշ Մառք կ՚անդամակցին Հայ Կանանց Միութեան (Լիկա) վարչութեան, որուն նախագահն էր Անայիս (Եւփիմէ Աւետիսեան)։ Այդ թուականներէն սկսեալ, Զարուհի նաեւ հանդէս կու գայ իր հրապարակագրական գրութիւններով, յատկապէս Մառքի «Հայ Կին» կիսամսեային մէջ։ Պահրիի հանրային գործունէութեան ամենէն ուշագրաւ հատուածը կը հանդիսանայ իր աշխատանքը Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղիայեանի նախաձեռնած եւ անգլիական դեսպանատան հովանաւորած՝ ապրիլ 1919ին հիմնադրուած «Չէզոք տուն» հիմնարկութեան մէջ, որ պիտի պատսպարէր Հայկական Ցեղասպանութենէն եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն վերապրած որբեր, անոնց հայ ծագումը ստուգելու նպատակով։ «Չէզոք տուն»ը կառավարող խորհուրդը կազմուած էր հայ համայնքի ներկայացուցիչ Զարուհի Պահրիէն, թրքական Կարմիր Մահիկի նախագահ Նէզիմա հանըմէ եւ անգլիական դեսպանատան ներկայացուցիչ Միս Ուայթինկէ։ Ահա Զարուհիի վկայութիւնը այդ օրերու իր գործունէութեան մասին.

Իրենց ընտանիքէն, տունէն տեղէն զրկուած, իրենց ազգութիւնը մոռցած, 3-4 տարի շարունակ բնակած ըլլալով թուրքերու մօտ, ոմանք՝ չար ու խիստ, գաւազանի հարուածներուն սարսափին տակ մոռցնել տալ ջանացած էին այդ փոքրերուն՝ իրենց ազգութիւնը, ուրիշներ՝ բարի եւ սրտի տէր, այդ տղաքը սիրաշահելով իրենց մօտեցուցած էին, անոնցմէ ոմանք հոգիով հիւանդներ էին, շատեր՝ չարացած, նոր կրօնքի մը՝ իսլամութեան մոլեռանդութիւնով արբեցած։

«Ի՞նչ էր Չէզոք տունը». «Հայաստանի Կոչնակ» ԾԴ. տարի, 1954 թիւ 43, էջ 1036

Զարուհի Պահրիի ջանքերով, «Չէզոք Տուն»ի մէջ շուրջ 250 որբեր կը վերագտնեն իրենց հայկական ինքնութիւնը, բայց ան կը ստիպուի դադրեցնել իր գործունէութիւնը, երբ թրքական «Կարմիր Մահիկ»ի ներկայացուցիչ Նէզիմա հանըմ զինք կ՚ամբաստանէ թուրք մանուկներ հայացնելու յանցանքով։ Անգլիական դեսպանատան յորդորով, 1922ի ամրան Զարուհին եւ իր ընտանիքը կը մեկնին Պոլսէն, նախ դէպի Պուքրէշ, ապա Փարիզ, ուր Զարուհի 1928ին կը հիմնադրէ Ֆրանսայի «Դպրոցասէր Տիկնանց» վարժարանը, որ կը գործէ մինչեւ օրս։ Զարուհի Պահրի կը մահանայ 1958ին, իսկ 1987ին իր ժառանգորդները աճիւնները կը փոխադրեն Հայաստան։ 2014ին, Զարուհիի թոռը՝ Ալին Էլմայեան եւ անոր զարմիկը՝ Ժագ Պահրի, իր արխիւը կը յանձնեն Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին։ Ի տարբերութիւն Արշակուհի Թէոդիկի եւ Մառի Պէյլէրեանի, Զարուհի Պահրի հեղինակ է շարք մը վէպերու, որոնցմէ նշենք Վոսփորի ափերուն վրայ եւ Սէնի ափերուն վրայ եռագրութիւնները (ոմանք անտիպ), եւՓառանձեմճամբաներուն երկայնքին 1872-1842 վէպը (1946)։ Այս բաժնի վերջաւորութեան, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ցրուեց քաղուածք մը Զարուհի Պահրիի մտքերէն։

Հայկանոյշ Մառք

Դասին յաջորդ բաժնին մէջ, Թիւֆէնքճեան անցաւ Հայկանոյշ Մառքին, որ բաւականին հանրածանօթ անուն մըն է այսօր, յատկապէս իբր հրատարակիչը «Հայ Կին» պարբերաթերթին։ Թիւֆէնքճեան յայտնեց, որ զինք ներկայացնելու համար, հիմնուած է Լեռնա Էքմէքճիօղլուի Recovering Armenia. The Limits of Belonging in Post-Genocide Turkey աշխատասիրութեան վրայ (Stanford University Press, 2016)։ Հայկանոյշի հայրը՝ Մարգար Թօփուզեանը,- որուն անունը յետագային դարձաւ Հայկանոյշի մականունը,- կոյր էր, իսկ մայրը՝ Եպրաքսէն անգրագէտ։ «Այբը չգիտցող մօրս կը պարտիմ ֆէմինիզմի առաջին ազատատենչ ձգտումներս», կը գրէ Հայկանոյշ։ Ծնած է 1882ին, թէեւ 1881 եւ 1885 տարեթիւերը եւս կը յիշուին իբր ծննդեան տարի։ Յաճախած է Էսայեան վարժարան, ուր ուսուցիչները յայտնաբերած են իր գրելու տաղանդը։ Հետեւած է գրաբարի դասերու հինգ տարի։ 1900ի աշնան, սկսած է դասաւանդել Ետիգուլէի Ազգային հիւանդանոցի գիշերօթիկ որբանոցին մէջ։ 1903ին, իր «Բաժնուած սիրտը» պատմուածքը գրաւած է «Մասիս» թերթին գրական մրցոյթին երկրորդ տեղը։ 1904ին, «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը Հայկանոյշի առաջարկած է ստանձնել թերթին կիներու բաժինը, որ ան խմբագրած է երեք տարի, «արծարծելու այդպէսով գրելու տենչը կարգ մը թագուն տաղանդներու եւ մանաւանդ նորահաս կին սերունդին մէջ»։