Հայ մանկավարժի կերպարը

Հայ մանկավարժի կերպարը

Շաբաթ, 29 մարտին մեր դասախօսը եղաւ երկարամեայ ուսուցիչ, տնօրէն, խմբագիր եւ մենագրութիւններու հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեանը, որ Մոնթրէալ ժամանած էր ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի հրաւէրով, բանախօսելու համանուն կուսակցական գործիչին սպանութեան 40-րդ տարելիցի հանդիսութեան։ Իր ներկայութենէն օգտուելով, հրաւիրած էինք զինք մեր ուսանողներուն ներկայացնելու «Հայ մանկավարժի կերպարը» նիւթը։

Կարօ Յովհաննէսեան

Յովհաննէսեան իր նիւթը բացաւ նշելով, որ արդի մանկավարժութեան բնօրրանը հոգեբանութիւնն է։ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, գլխաւորաբար Ֆրանսայի մէջ, մանուկներու հոգեբանութեան ուսումնասիրութիւնը դուռը կը բանար մանկավարժութեան։ Անկէ առաջ, մանուկը կը նկատուէր որպէս հասուն մարդուն մանրանկարը՝ թէ՛ իր հագուստ-կապուստով եւ թէ՛ խօսուածքով, եւ իր հետ կը վարուէին ըստ այնմ։ Արդի մանկավարժութիւնը կ՚առաջնորդուէր դպրոցը կեանքին կապելու սկզբունքով. ան կ՚առաջադրէր օրինակ՝ պտոյտներ կազմակերպել պտոյտներ բնութեան մէջ, տղաքը ցուցահանդէսներու եւ թանգարաններու այցելելու տանիլ քաղաքներու մէջ եւլն.։ Միաժամանակ, արդի մանկավարժութիւնը կը ձգտէր յայտնաբերել մանուկին բնածին ընդունակութիւնը՝ զայն զարգացնելու մտադրութեամբ։

Իր անձնական կեանքէն օրինակներ յիշելով, Յովհաննէսեան խօսեցաւ այդ երկու սկզբունքները անտեսող լիբանանեան,- եւ ինչու չէ՝ այլուր,- հայ կրթական հաստատութիւններու ժխտական դերակատարութեան մասին։

Արդի մանկավարժութեան նախակարապետը (pioneer), ըսաւ Յովհաննէսեան, կը համարուի Ժան-Ժագ Ռուսօ (1712-78)՝ հեղինակը Emile ou de l’éducation (1762) աղմկայարոյց գործին, որ Փարիզի եւ Ժընեւի մէջ արգիլուեցաւ եւ հրապարակաւ այրուեցաւ։ Ռուսօ կը պնդէր, որ դպրոցական ուսումը չի կրնար միայն տեսական ըլլալ, այլ՝ իւրաքանչիւր գիտելիքի դասաւանդութեան պէտք է ընկերանայ բնութենէն անոր համապատասխան օրինակը։

Արդի մանկավարժութեան մէջ յաջորդ նշանակալի ազդեցութիւն թողած անձը, ըսաւ դասախօսը, Եոհան Հայնրիխ Պեստալոցցին է (1746-1827). ան իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց դժբախտ մանուկներու, անոնց յատուկ դպրոց մը հիմնեց եւ անոնց մէջ մէկզմէկու օժանդակելու սէրը արթնցուց։ Ան մանկավարժութիւն չէր ուսած եւ իր մօտեցումները բնազդով կը ձեւաւորէր։ Պեստալոցցիի բերած նորութիւնը եղաւ այն, որ մանուկին մէջ պէտք է զարգացնել ինքնակառավարման բնազդը։ Յաջորդաբար, մի քանի այլ անուններու մասին հակիրճ անդրադառնալէ ետք, դասախօսը նշեց, որ նշանաւոր մանկավարժ եղած է Մարիա Մոնթեսորին (1870-1952)։ Ըստ Յովհաննէսեանի, Լեւոն Շանթի մանկավարժական մօտեցումները կը ցոլացնեն Մոնթեսորիի մօտեցումները։ Այս իտալացի մանկավարժը ֆիզիքական փոփոխութիւններ մտցուց մանկապարտէզներու մէջ, կահ-կարասին փոքրացնելով եւ երեխաները կլոր սեղաններու շուրջ խմբելով։