Շաբաթ, 29 մարտին մեր դասախօսը եղաւ երկարամեայ ուսուցիչ, տնօրէն, խմբագիր եւ մենագրութիւններու հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեանը, որ Մոնթրէալ ժամանած էր ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի հրաւէրով, բանախօսելու համանուն կուսակցական գործիչին սպանութեան 40-րդ տարելիցի հանդիսութեան։ Իր ներկայութենէն օգտուելով, հրաւիրած էինք զինք մեր ուսանողներուն ներկայացնելու «Հայ մանկավարժի կերպարը» նիւթը։
Յովհաննէսեան իր նիւթը բացաւ նշելով, որ արդի մանկավարժութեան բնօրրանը հոգեբանութիւնն է։ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, գլխաւորաբար Ֆրանսայի մէջ, մանուկներու հոգեբանութեան ուսումնասիրութիւնը դուռը կը բանար մանկավարժութեան։ Անկէ առաջ, մանուկը կը նկատուէր որպէս հասուն մարդուն մանրանկարը՝ թէ՛ իր հագուստ-կապուստով եւ թէ՛ խօսուածքով, եւ իր հետ կը վարուէին ըստ այնմ։ Արդի մանկավարժութիւնը կ՚առաջնորդուէր դպրոցը կեանքին կապելու սկզբունքով. ան կ՚առաջադրէր օրինակ՝ պտոյտներ կազմակերպել պտոյտներ բնութեան մէջ, տղաքը ցուցահանդէսներու եւ թանգարաններու այցելելու տանիլ քաղաքներու մէջ եւլն.։ Միաժամանակ, արդի մանկավարժութիւնը կը ձգտէր յայտնաբերել մանուկին բնածին ընդունակութիւնը՝ զայն զարգացնելու մտադրութեամբ։
Իր անձնական կեանքէն օրինակներ յիշելով, Յովհաննէսեան խօսեցաւ այդ երկու սկզբունքները անտեսող լիբանանեան,- եւ ինչու չէ՝ այլուր,- հայ կրթական հաստատութիւններու ժխտական դերակատարութեան մասին։
Արդի մանկավարժութեան նախակարապետը (pioneer), ըսաւ Յովհաննէսեան, կը համարուի Ժան-Ժագ Ռուսօ (1712-78)՝ հեղինակը Emile ou de l’éducation (1762) աղմկայարոյց գործին, որ Փարիզի եւ Ժընեւի մէջ արգիլուեցաւ եւ հրապարակաւ այրուեցաւ։ Ռուսօ կը պնդէր, որ դպրոցական ուսումը չի կրնար միայն տեսական ըլլալ, այլ՝ իւրաքանչիւր գիտելիքի դասաւանդութեան պէտք է ընկերանայ բնութենէն անոր համապատասխան օրինակը։
Արդի մանկավարժութեան մէջ յաջորդ նշանակալի ազդեցութիւն թողած անձը, ըսաւ դասախօսը, Եոհան Հայնրիխ Պեստալոցցին է (1746-1827). ան իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց դժբախտ մանուկներու, անոնց յատուկ դպրոց մը հիմնեց եւ անոնց մէջ մէկզմէկու օժանդակելու սէրը արթնցուց։ Ան մանկավարժութիւն չէր ուսած եւ իր մօտեցումները բնազդով կը ձեւաւորէր։ Պեստալոցցիի բերած նորութիւնը եղաւ այն, որ մանուկին մէջ պէտք է զարգացնել ինքնակառավարման բնազդը։ Յաջորդաբար, մի քանի այլ անուններու մասին հակիրճ անդրադառնալէ ետք, դասախօսը նշեց, որ նշանաւոր մանկավարժ եղած է Մարիա Մոնթեսորին (1870-1952)։ Ըստ Յովհաննէսեանի, Լեւոն Շանթի մանկավարժական մօտեցումները կը ցոլացնեն Մոնթեսորիի մօտեցումները։ Այս իտալացի մանկավարժը ֆիզիքական փոփոխութիւններ մտցուց մանկապարտէզներու մէջ, կահ-կարասին փոքրացնելով եւ երեխաները կլոր սեղաններու շուրջ խմբելով։

Դասախօսը ապա սահմանում մը տուաւ ուսուցչութեան գործադաշտին ծիրին՝ գիտութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ արուեստ։ Ուսուցիչը պարտի մարզել իր աշակերտին ուղեղը, եւ այդ ընելու համար պիտի գործէ յիշեալ երեք ոլորտներուն մէջ։ Յովհաննէսեան ապա յիշեց մանկավարժութեան դրոյթներու դասական բանաձեւումներէն մի քանին, ինչպէս Ճան Լոքի (1632-1704) tabula rasa (պարապ գրատախտակ) յղացքը եւ Յովհաննէս Երզնկացիի (մ. 1293) լճակին մէջ նետուած քարին ջուրի մակերեսին վրայ պատճառած օղակներու օրինակը։ Կարեւորը, ըսաւ դասախօսը, մանուկին ցոյց տալ է իրականութեան եւ երեւակայութեան տարբերութիւնը՝ այն իմաստով, որ երեւակայութեամբ մանուկը վերացական տարազ մը կու տայ իր ապրած ու տեսած իրականութեան։ Փիլիսոփայութեան մարզին մէջ, գիտելիքներու չափ եւ նոյնիսկ աւելի կարեւոր է, շեշտեց դասախօսը, աշակերտին սորվեցնել հարցում տալու արուեստը եւ այլեւայլ երեւոյթներու դիմաց ըմբոստանալու կամքը։ Գալով արուեստի բնագաւառին, Յովհաննէսեան նշեց ուսուցիչին դերակատարութիւնը ո՛չ թէ անիրական կերպար մը մարմնաւորելու համար,- ինչպէս բեմին վրայ,- այլ գեղեցիկին եւ ճշմարիտին ձգտումը զարգացնելու տեսակէտէն։
Ո՞վ է ուսուցիչը, հարց տուաւ դասախօսը։ Ան մէկն է, որ կը սիրէ իր ասպարէզը, կը սիրէ իր դասաւանդած նիւթը ու կը տիրապետէ անոր, կը սիրէ իր աշակերտները ու կը պատրաստէ իր դասերը։ Սէրը բանալին է ուսուցիչի յաջողութեան, հաստատեց դասախօսը, եւ այս միտքը ընդլայնեց զանազան օրինակներով։ Այդ օրինակներէն ցցուող էական տարրը, ըսաւ Յովհաննէսեան, ուսուցչին նկարագրին մարդկայնականութիւնն է։
Դադարէն ետք, Յովհաննէսեան ուսանողներուն ցրուեց ԱՄՆի 16-րդ նախագահ Աբրահամ Լինքընի նամակը՝ ուղղուած իր զաւկի ուսուցիչին։ Ուսանողներէն մէկը բարձրաձայն կարդաց այդ գրութիւնը, որուն մէջ Լինքըն կ՚ըսէ, «անոր սորվեցուցէք, որ շահած մէկ տոլարը շատ աւելի արժէքաւոր է, քան՝ գտած հինգը։ […] դպրոցին մէջ անյաջողութիւն կրելը շատ աւելի պատուաբեր է, քան՝ խարդախութեան դիմելը։ […] Սորվեցուցէք անոր հաւատալ ինքն իրեն որովհետեւ այդ պարագային ան միշտ հաւատք կ՚ունենայ մարդկութեան հանդէպ»։ Ո՞վ է ուսուցիչը այս պարագային, կրկին հարց տուաւ Յովհաննէսեան։
Վերջապէս, Յովհաննէսեան ուսանողներուն ցրուեց երեք գրութիւններ. Յովհաննէս Հինդլեանի (1866-1950), Խաչատուր Աբովեանի (1809-1848) կենսագրութիւնն ու անոր մանկավարժական տեսակէտները եւ ուսման մասին հայ մատենագիրներ Եզնիկ Կողբացիի (շ. 380-շ. 450 ՅՔ), Կորիւնի (շ. 380-շ. 450 ՅՔ) եւ Մովսէս Խորենացիի (410-490 ՅՔ) մտածումներէն ծաղկաքաղ մը։
Դասապահի վերջին ժամուն, ուսանողներէն անոնք որ իբր ուսուցիչ կը պաշտօնավարեն Մոնթրէալի հայկական վարժարաններուն մէջ, կենդանի զրոյցի պահ մը ստեղծեցին իրենց ապրած փորձառութիւններէն օրինակներ տալով։
