Վերականգնող ճարտարապետը` մեր մշակոյթի աներեւոյթ գործիչը

Շաբաթ, 22 մարտ 2025ին, ԼՇՀ դասընթացքի հիւր դասախօսը եղաւ ճարտարապետ Հովիկ Պօղոսեան, ատենապետը մոնթրէալաբնակ ճարտարապետներու «Կամար» միութեան։

Օրուան դասախօսը ուսանողներուն ներկայացուց դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանը։ Պօղոսեան յայտնեց, որ իր ներկայացման տուեալները լրիւ այժմէական են, տրուած ըլլալով, որ զանոնք հաւաքագրած է 2024ի հոկտեմբերին իր Հայաստան այցելութեան ընթացքին։ Ան նաեւ նշեց, որ պատմականօրէն, հայկական ճարտարապետութիւնը միշտ ալ ունեցած է հայկական դիմագիծ. ապացոյց՝ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, ճարտարապետութիւնը գրեթէ միակ ճիւղն էր, որուն դասաւանդութիւնը կ՚ըլլար միայն հայերէնով։

Հովիկ Պօղոսեան

Պօղոսեան նաեւ յայտնեց, որ ճարտարապետութեան ճիւղը հետզհետէ մասնագիտական կը դառնայ։ Նախապէս, ճարտարապետութեան պատմութիւնը ուսումնասիրողը, շինարարութեան մարզին մէջ աշխատողը կամ մշակութային կոթողներ վերանորոգողը կը ճանչցուէին ճարտարապետ ընդհանրական մակդիրով, սակայն ներկայիս այդ մարզերուն մէջ գործող արհեստավարժ անհատները ճշգրիտ անուանումներ ունին։ Այդ իմաստով է, որ ինք մեր ուսանողներուն պիտի ներկայացնէր «վերականգնող ճարտարապետը» (անգլերէնով՝ conservation architect, ֆրանսերէնով՝ architecte du patrimoine): Պօղոսեան կը գտնէր, որ այդ մասնագիտութեան հայերէն անուանումը ամբողջովին չի ցոլացներ այդ մարզին մէջ աշխատողին գործունէութեան ծիրը, որովհետեւ ան պարզապէս վերականգնող չէ, այլ յաճախ անկէ շատ աւելին. իր գործին բերմամբ, ան նաեւ կը մտնէ պատմագիտութեան, շինարարութեան եւ պատմա-մշակութային ոլորտներ։ Մեր օրերուն, անոր աշխատանքը փնտռուած մասնագիտութիւն մըն է։

Յաջորդաբար, Պօղոսեան անցաւ իր նիւթի սահիկներով ներկայացման։ Ան նշեց, որ սահիկներու յետնապատկերի գոյները հայկական ճարտարապետութեան մէջ ամենուր երեւցող տուֆ քարի երանգներն են (մօտաւորապէս)։

Վերականգնող ճարտարապետը, ըսաւ դասախօսը, երբեմն աներեւոյթ է, երբեմն ալ իր վարձատրութիւնը անբաւարար։ «Մենք ամէն տեղ կը տեսնենք իրենց գործին արդիւնքը, բայց իրենց մասին շատ բան չենք գիտեր: Վերականգնող ճարտարապետները անոնք են, որոնք մեծ նուիրումով, յաճախ աւելի քիչ վճարուելով, հոգ կը տանին մեր ազգային (եւ համամարդկային) նիւթական ժառանգութեան, մեծ սիրով եւ ակնածանքով»։ Այդ մարզին մէջ աշխատելու իրենց խթանը կու գայ մշակոյթի հանդէպ իրենց հոգածութենէն եւ սէրէն։ Իր աշխատանքը կատարելու համար, ան կը ստանձնէ գաղտնի ոստիկանի դերակատարութիւն, կարենալ իրեն տրամադրելի փաստերէն եզրակացութիւններու յանգիլ եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել։ Հետաքրքրական է այն փաստը, նշեց Պօղոսեան, որ Հայաստանի մէջ պատմա-մշակութային յուշարձանի հասկացողութիւնը օրէնքով սահմանուած է, որ կենդանի օրէնք է՝ այն իմաստով, որ ժամանակ առ ժամանակ կը թարմացուի։

Պօղոսեան աւելցուց, որ յիշեալ օրէնքը կը մանրամասնէ թէ ո՞ր շէնքերը կամ կառոցները պատմա-մշակութային յուշարձաններ կը համարուին, եւ կարդաց օրէնքին թուարկած օրինակներէն մի քանին։ Ըստ իր կատարած պրպտումներուն, դասախօսը յայտնեց, որ Հայաստանի տարածքին՝ պետութեան կողմէ ճանչցուած պատմա-մշակութային յուշարձաններու թիւը կը հասնի 24,000ի։ Վերականգնումի գործընթացին մէջ, աւելցուց դասախօսը, վերականգնող ճարտարապետը երբեմն համեմատութեան կը յենի. այլ խօսքով, երբ ճշգրիտ տուեալներ չկան, ան կը ստուգէ տուեալ կառոյցի ժամանակաշրջանին կառուցուած այլ յուշարձաններ, եւ կ՚որդեգրէ անոնց ոճը։

Պատմա-մշակութային յուշարձանները միայն եկեղեցիներ եւ տաճարներ չեն, այլեւ կը ներառնեն պատմական դէմքերու եւ դէպքերու առնչուող շինութիւններ, նշեց Պօղոսեան։ Անոնց պահպանումը երբեմն կախեալ հասարակութենէն. օրինակ՝ Երեւանի Փակ շուկայի շէնքը, հասարակութեան պահանջով անցած է պետական հովանաւորութեան տակ։ Միւս կողմէ, հասարակութիւնը նաեւ ժխտական դերակատարութիւն կ՚ունենայ յուշարձաններու պահպանման մէջ, երբ բարեմիտ հաւատացեալներ, քանդուած եկեղեցւոյ մը կամարներուն տակ մոմ կը վառեն։

Որպէս օրինակներ այս մասնագիտական ասպարէզի աշխատանքներուն, Պօղոսեան թուեց հետեւեալները.

  • Յուշարձանի վերլուծութիւն
  • Չափագրութիւն
  • Վերակազմութեան նախագիծ (տեսական)
  • Վերականգման նախագիծ (գործնական)
  • Ջրամեկուսացման նախագիծ

Դադարէն ետք, դասախօսը ուսանողներուն բաժնեց «Վերականգնող ճարտարապետի հմտութիւններու գնահատական» վերնագրով 21 կէտերէ բաղկացած էջ մը, որուն վրայ ուսանողները պիտի նշէին այլեւայլ գիտական ոլորտներու,- օրինակ՝ քիմիագիտութիւն, երկրաչափութիւն, աստուածաբանութիւն, հոգեբանութիւն, ճարտարապետական ոճերու իմացութիւն, չափագրութիւն եւլն.,- դիմաց ճարտարապետին այդ մարզին մէջ հմտանալու անհրաժեշտութիւնը։ Աշխատանքը ամբողջացնելէ ետք, արդիւնքներու մասին կարծիքներու փոխանակումը աշխոյժ երկխօսութեան առիթ տուաւ բոլորին։ Այդպիսով ալ աւարտեցաւ այս հետաքրքրական նիւթին ներկայացումը։