Յուշագրութիւններ եւ յուշամատեաններ

ԼՇՀ դասընթացքի ընթացիկ եռամսեակին, մեր հիւր դասախօսները ցարդ եղան բանաստեղծ եւ վիպագիր Վեհանոյշ Թեքեանը (5 հոկտեմբեր 2024ին) եւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը (9 նոյեմբեր 2024ին)։ Անոնցմէ ետք, շաբաթ 23 նոյեմբեր 2024ին, հիւրընկալեցինք մեր երրորդ հիւր դասախօսը՝ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը, որ ընդառաջելով մեր հրաւէրին, նախորդ օր Մոնթրէալ ժամանած էր՝ յատկապէս մեր դասընթացքին իր ներդրումը բերելու նպատակով։

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան

Մուրատեան դասը սկսաւ հետեւեալ բնորոշումով. «Յուշագրութիւններն ու յուշամատեանները մեր վերջին հարիւր տարուան պատմութիւնը կը կազմեն»։ Ապա ան ընդլայնեց այս հաստատումը, բացատրելով, որ յուշագրութիւններ թէ յուշամատեաններ կը պահեն ու կը պահպանեն Եղեռնէն վերապրող սերունդներու նախահայրերուն ծննդավայրերու պատմութիւնը, մշակոյթը, աւանդոյթները եւ սովորութիւնները։ Տպագիր հատորներու ճամբով (երբեմն «պատմագիրք» վերնագրուած), անոնք կը վերակենդանացնեն մեր կորուսեալ հաւաքական անցեալը, եւ այդպիսով, կրնան համարուիլ հայութեան պատասխանը Թուրքիոյ զաւթումի, քանդումի եւ ուրացումի քաղաքականութեան։

Յուշագրութիւն / յուշամատեան

Մուրատեան դասին այս բաժինը սկսաւ նշելով, որ յուշագրութիւնները եւ յուշամատեանները կը տարբերին իրարմէ։ Առաջինը արձանագրութիւնն է հեղինակին անցեալի փորձառութիւններուն ու ականատես եղած դէպքերու շարանին, կամ նկարագրութիւնը անոր հանդիպած անձնաւորութիւններուն, յաճախ պատմուած ժամանակագրական կարգով. մինչդեռ յուշամատեանները անպայման դիպաշար չեն ունենար, այլ՝ ինչպէս վերը նշուեցաւ, կու տան տուեալ բնակավայրի մը համայնքին սովորութիւնները, աւանդութիւնները, երգերը, տեղական արհեստները, մանուկներու խաղերը եւլն.։ Յուշագրութիւնը ընդհանրապէս կ՚ունենայ մէկ հեղինակ, իսկ յուշամատեանը երբեմն մէկէ աւելի։ Յիշատակներու արձանագրութեան այս երկու ճիւղերն ալ կը միտին յաւերժացնել իրենց ներկայացուցած տեղեկութիւնները։ Որպէս օրինակ, Մուրատեան պաստառին վրայ ցուցադրեց Բալուի Հաւաւ գիւղի 1966ին պատրաստուած ձեռագիր քարտէսը, որուն յատակագծին վրայ կը կարդանք գիւղի ընտանիքներուն անունները, իրենց բնակած տուներուն վայրերու նշումով։ Հաւաւի պատմութիւնն է, որ կը վերականգնի այս քարտէսին միջոցաւ։

Յաջորդաբար, Մուրատեան պաստառին վրայ ցուցադրեց զանազան տպագիր յուշամատեաններու կողքերը, նշելով որ կարգ մը բնակավայրեր,- Խարբերդը, օրինակ,- ունին տասնեակներով յուշամատեաններ, որոնց հեղինակները երբեմն իրենց հատորին կու տան «յուշարձան» մակդիրը, գործը նմանցնելով պատմական նշանակութիւն ներկայացնող դէպք մը կամ դէմք մը ոգեկոչող կոթողի մը։ Մուրատեան ապա նշեց, որ մեր գրականութեան մէջ յուշամատեանները գոյութիւն ունեցած են 1915էն առաջ իսկ, յատկապէս երբ բնակավայրի մը համայնքը լայն ճանաչում գտած է իր սխրագործութիւններով, որն է պարագան Զէյթունի բնակչութեան։

Յուշամատեաններու հրատարակութեան մէջ անուրանալի դերակատարութիւն ունեցած են սփիւռքաբնակ հայրենակցական միութիւնները։ Դասախօսը յայտնեց, որ այս վերջինները նոյն երկրին մէջ երբեմն ունեցած են մինչեւ քսանհինգ մասնաճիւղ, ինչպէս օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու Քղիի հայրենակցական միութիւնը։ Այդպիսի միութիւն մը հաւաքավայր կը հանդիսանար տուեալ բնակավայրէն սերած հայորդիներու, որոնք միութեան ճամբով իրար կը զօդուէին, իսկ իրենց հրատարակած յուշամատեանները յաւելեալ համայնական կապ մը կը ստեղծէին։ Բացի հայրենակցական միութիւններէն, որոշ անհատներ եւս զբաղած են յուշամատեաններու հրատարակութեամբ։ Այս մարզին մէջ անկարելի է զանց առնել եգիպտաբնակ Արշակ Ալպոյաճեանի վաստակը։ Ան հեղինակն է հայկական բնակավայրեր ոգեկոչող տասնեակ մը հատորներու, որոնց կարգին են Կեսարիոյ, Մալաթիոյ, Եւդոկիայի, Զմիւռնիոյ եւ Կուտինայի հայութեան կեանքը պատկերող իր գործերը։

Արշակ Ալպոյաճեան (1879-1962)
Արշակ Ալպոյաճեան (1879-1962)

Ալպոյաճեանի արտադրութեան ըստ արժանւոյն անդրադառնալէ ետք, Մուրատեան վիճակագրական տուեալներով անդրադարձաւ յետ-Եղեռնեան ժամանակաշրջանին Միջին Արեւելելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ հրատարակուած յուշամատեաններուն։ Ներկայացուած պատկերէն պարզուեցաւ, որ հրատարակութիւններու թիւին մէջ նկատառելի աճ արձանագրուած է վաթսունական թուականներուն։ Ուսանողները դիտել տուին, որ այդ աճը կարելի է բացատրել շարք մը ազդակներով, որոնցմէ գլխաւորներն են Եղեռնի յիսնամեակը, հայ հաւաքականութիւններու քաղաքական գիտակցութեան զարգացումը եւ սփիւռքածին սերունդներուն աւանդ թողնելու երէց սերունդին բուռն փափագը։

(վերի թիւերը կը ցոլացնեն միայն հատորով հրատարակութիւնները. պարբերաթերթերը այստեղ նկատի առնուած չեն)
(վերի թիւերը կը ցոլացնեն միայն հատորով հրատարակութիւնները. պարբերաթերթերը այստեղ նկատի առնուած չեն)

Այս հրատարակութիւնները ընթերցողին կը բերեն ոչ միայն պատմա-աշխարհագրական տուեալներ, այլեւ կը նկարագրեն հայաբնակ գիւղերու եւ քաղաքներու բնակչութեան տարազները, նիստ ու կացը, տեղւոյն արհեստները եւ արհեստաւորներու գործիքները, տնտեսութիւնը, ժողովրդային բանահիւսութիւնը (հանելուկներ, շուտասելուկներ, երգեր, խաղեր եւլն.)։

Նախքան իր ժամանումը, Մուրատեան դասընթացքի տնօրէնէն խնդրած էր, որ իրեն տրամադրէ ուսանողներու նախահայրերուն ծննդավայրերու անունները, որպէսզի ինք կարենայ ըստ այնմ յուշամատեաններու աղբիւրներ որոնել։ Դադարէն ետք, ան պաստառին վրայ ցուցադրեց իր յայտնաբերած տեղեկութիւնները։ Ահաւասիկ մի քանի անուններ այդ բնակավայրերէն. Մարաշ, Նեմշէհիր (Կեսարիա), Ատանա, Եոզկաթ, Խարբերդ, Մուսա Լեռ, Արմաշ, Հաճըն, Քիլիս, Կիւրին, Գոնիա, Էրզրում, Այնթապ, Կարմուճ եւ Ուրֆա։ Այս մարզին մէջ կարեւոր ներդրում կը կատարէ, ըսաւ դասախօսը, houshamadyan.org կայքէջը։

Դասը աւարտելէ առաջ, Մուրատեան ընդգծեց, որ յուշամատեաններու երեւոյթը յատուկ չէ լոկ հայ հաւաքականութիւններուն, այլ՝ նոյնպիսի գրականութիւն կը գտնենք պաղեստինցիներու, հրեաներու եւ Արեւելեան Եւրոպայի ժողովուրդներու մշակոյթներուն մէջ։ Դասախօսը նման հրատարակութիւններու տուաւ «կորուստի գրականութիւն» բնութագրումը։

Ուսանողներու հարցումներուն իր տուած պատասխաններով Դոկտ. Մուրատեան դասը հասցուց իր աւարտին։