Հայկական մամուլի հոլովոյթը անքակտելիօրէն զօդուած է հայ գիրին եւ գրականութեան։ Մեր ուսանողները մօտէն ծանօթացնելու համար հայ մամուլի պատմութեան, շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2024-ին այդ մասին դասախօսելու հրաւիրած էինք Թորոնթոյէն Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը, որ վերջին մի քանի տարիներուն լայնօրէն ուսումնասիրած է յիշեալ նիւթը։

Օրուան դասախօսը ներկայացնելու իր խօսքին մէջ, դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանը յայտնեց, թէ Տօնապետեան սերած է մամուլը իբր ասպարէզ ընտրած ընտանիքէ մը։ Անոր թէ՛ հայրը եւ թէ՛ հօրեղբայրը Հալէպի, Պէյրութի եւ Երուսաղէմի մէջ գրաշարներ եղած են, եւ իր սէրը հայկական մամուլին հանդէպ ձեւաւորուած է այդ ընտանեկան միջավայրին մէջ։
Տօնապետեան իր դասախօսութիւնը տուաւ սահիկներու ընկերակցութեամբ։ Առաջին հերթին, ան տուաւ «մամուլ» բառի ստուգաբանութիւնը, յայտնելով թէ ըստ իր պրպտումներուն, բառը յառաջացած է «մալել» բայէն, որ կը նշանակէ ճզմել, ճնշել կամ տրորել, գոյականը՝ մալում։ Այս պարագային, տառերը թուղթին վրայ ճնշելով տպագրելուն է ակնարկութիւնը։ Կ՚ենթադրուի, որ մամուլ բառը յառաջացած է մ եւ լ բաղաձայններուն տեղափոխութենէն։ Դասախօսը նաեւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ տպագիր մամուլի ծագման մասին. օրինակ՝ հին Հռոմի մէջ, հրապարակներու պատերուն վրայ կը փակցուէին Acta Diurna (Օրական գործեր) վերնագրով կառավարական յայտարարութիւններ, իսկ առաջին տպագիր թերթը լոյս ընծայուած է տպագրութեան գիւտէն 123 տարի ետք, Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքին մէջ, Նոթիցիս սքրիթի խորագրով (1563)։
Լրատուական մամուլի ընդհանրական կոչումը բացատրելէ ետք, Տօնապետեան ներկայացուց հայկական մամուլի առաքելութեան մասին երկու հեղինակաւոր կարծիքներ. առաջինը՝ մատենագէտ եւ խմբագիր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանէն, որ գրած է, «Հայ մամուլը, մանաւանդ արտասահմանի մեր կեանքին մէջ, համաշխարհային մամուլի դերին կողքին ունի սրբազան պարտականութիւն մը՝ հայապահպանման սրբազան գործը։ Առանձին չէ իր այս ճիգին ու դերին մէջ, բայց շատ հաւանաբար գլխաւորներու շարքին մէջ է». երկրորդը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, որ յայտնած է, թէ «Հայ մամուլը լոկ եղածը կամ տեսնուածը փոխանցողի կրաւորական դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ. սոսկ մեր կեանքի հայելին պէտք չէ դառնայ, այլ՝ մեր կեանքի թերիները տեսնելու իմաստութիւնն ու արթնութիւնը եւ զանոնք սրբագրելու քաջութիւնն ու պարտաւորութիւնը պէտք է ունենայ։»
Այս նախաբանէն ետք, Տօնապետեան յայտնեց, թէ հայկական մամուլի քանակին մասին ստոյգ թիւեր կը պակսին։ Ըստ Գարեգին Լեւոնեանի, 1894-ին գոյութիւն ունէին 190 հայերէն թերթեր, որոնցմէ 17 հայատառ թրքերէնով էին։ Դարձեալ ըստ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, «… հայ մամուլի ընդհանուր քանակը, 1794-1987, պէտք է ըլլայ շուրջ 3500-3600։»
Ինչպէս ծանօթ է, հայերէն առաջին թերթը՝ «Ազդարար»-ը լոյս տեսած է հայկական բարձրավանդակէն շատ հեռու, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, 1794-ին, խմբագրութեամբ՝ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի։ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի վկայութեամբ, թերթի լեզուն «գրաբար է, սակայն ոչ զերծ խորթութիւններէ», եւ «չկայ ուղղագրական միօրինակութիւն»։ «Ազդարար»-ը ունէր կրօնական եւ առեւտրական բովանդակութիւն եւ ուղղուած էր «Բարեպաշտ Պարոնաց եւ Մաքրակենցած Տիկնաց Մադրասիս Հայոց»։ Տօնապետեան նշեց, որ յետագային «Ազդարար» անուամբ լոյս տեսած են այլ թերթեր՝ Մատրասի (1846-47), Պէյրութի (1942-56) եւ Կալկաթայի (1950-56) մէջ։

Յաջորդաբար, Տօնապետեան թուեց ԺԹ. եւ Ի. դարերուն հայկական գաղթավայրերու մէջ,- մինչեւ իսկ Եթովպիա,- հրատարակուած գրեթէ բոլոր օրաթերթերը, շաբաթաթերթերն ու ամսաթերթերը, իւրաքանչիւրէն էջ մը ցուցադրելով պաստառին վրայ, միաժամանակ նշելով անոնց մէջ տեղ գտած ու մեզի տարօրինակ թուացող լեզուական անհարթութիւնները։ Այստեղ նշենք այդ հրատարակութիւններէն յիշատակութեան արժանի մի քանին. «Բազմավէպ» (Վենետիկ, 1843, Մխիթարեան միաբանութիւն), «Մասիս» (Պոլիս, 1852-1908, խմբագիր՝ Կարապետ Իւթիւճեան), «Արծուիկ Տարօնոյ» (Մուշ, 1863-65, խմբագիր՝ Գարեգին Սրուանձտեանց), «Հայրենիք» (Նիւ Եորք, ապա Ուոթըրթաուն, 1899-ցարդ), «Ասպարէզ» (Լոս Անճելըս, 1908-ցարդ), «Հայ Կին» (Պոլիս, 1919-32, խմբագիր՝ Հայկանոյշ Մառք), «Յառաջ» (Փարիզ, 1925-2009, խմբագիր՝ Շաւարշ Միսաքեան, ապա Արփիկ Միսաքեան), «Ազդակ» (Պէյրութ, 1927-ցարդ), «Զարթօնք» (Պէյրութ, 1937-ցարդ) եւ այլք։
Աշխատանոցի բաժնին անցնելէ առաջ, Տօնապետեան անդրադարձաւ հայկական մամուլի այսօր պարզած աննախանձելի իրավիճակին, որ մեզի կը ներկայանայ հետեւեալ պատկերով.
- Նիւթական մարտահրաւէրներ
- Խմբագիրներու, լրագրողներու պակաս
- Արտատպումներէ, վերահրատարակութիւններէ հեռու՝ բնագիր գրութիւններու ապահովումի կարիք
- Համացանցի, ընկերային ցանցերու, անհատական հարթակներու, արհեստական բանականութեան դէմ յանդիման
- Մտաւորականներու նօսրացում, յատկապէս հայերէն գրողներու մէջ
Այս պայմաններուն մէջ, մամուլը իր կարողականութիւնը իրագործելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ։ Այդ մասին եւս խօսեցաւ Տօնապետեան եւ նշեց հետեւեալը.

Դադարէն ետք, Տօնապետեան ուսանողներուն տուաւ իր պատրաստած երեք հարցումներուն պատասխանելու պարտականութիւնը։
- Ո՞րն է սփիւռքահայ մամուլի դերը,- ըլլալ հետեւո՞րդ թէ առաջնորդ։
- Ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւռքահայ մամուլի առաջնահերթութիւնը։
- Կը բնակիս Վանգուվըր. քեզի վստահուած է Վանգուվըրի հայ համայնքին համար թերթ մը հրատարակելու պարտականութիւնը։ Անձնական թերթ է. տէրն ու տիրականը դուն ես։ ա) Ինչպէ՞ս պիտի կազմէիր թերթին պարունակութիւնը, եւ բ) ի՞նչ անուն պիտի տայիր թերթին։
Ուսանողները փոքր խումբերով խորհրդածեցին վերի հարցումներուն մասին եւ դասի աւարտին իրենց պատասխանները բարձրաձայն կարդացին բոլորին։ Ընթերցումէն ի յայտ եկաւ, որ գրեթէ ամէնքը կը գտնէին, որ սփիւռքահայ մամուլը պէտք է հաւասարապէս ստանձնէ թէ՛ առաջնորդի եւ թէ՛ հետեւորդի դերերը, իսկ առաջնահերթութիւնները կը ճշտուին տուեալ թերթին ընթերցող հասարակութեան կարիքներուն համաձայն։
Վերի կարծիքներու փոխանակումով վերջ գտաւ հայկական մամուլի պատմութիւնը եւ արդի իրավիճակը պարզող այս շահեկան դասը։