ԼՇՀ դասընթացքի իւրաքանչիւր եռամսեակին կրկնուող աշխատանոցներէն մէկը թարգմանութեան դասն է, եւ այդ էր մեր դասանիւթը շաբաթ, 12 հոկտեմբեր 2024ին։ Դասընթացքի տնօրէնը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն բերած էր հինգ անգլերէն եւ ֆրանսերէն երգեր, որոնց թարգմանութիւնները պիտի կատարէին ուսանողները։

Նախքան այդ աշխատանքին լծուիլը, իբր օրինակ՝ Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ցրուեց Րատեըրտ Քիփլինկի «Եթէ» համբաւաւոր բանաստեղծութեան անգլերէն բնագիրը եւ անոր երկու հայերէնի վերածումները («Բագին» ամսագիր, մայիս 1979), առաջինը Մ. Իշխանի գրիչով, երկրորդը՝ աթենաբնակ պատանի աղջկան մը՝ Ֆլավիա Զաքեանի կողմէ։
Ուսանողներէն ոմանք ծանօթ էին Քիփլինկի բանաստեղծութեան, սակայն անոնց համար, որոնք առաջին անգամ պիտի կարդային “If”-ը, Թիւֆէնքճեան պաստառին վրայ ցուցադրեց բանաստեղծութեան ընթերցման YouTube-ի տեսերիզը, զոր կատարած է հռչակաւոր դերասան John Hurt։
Այդ լսումէն ետք, ուսանողները անցան “If”-ի եւ անոր զոյգ հայերէն թարգմանութիւններուն տող առ տող բաղդատութեան, կանգ առնելով թարգմանութիւններուն հարազատութեան, ոճային գեղեցկութեան եւ բանաստեղծական շունչի առկայութեան խնդիրներուն վրայ։ Այս քննութենէն ի յայտ եկաւ, որ Մ. Իշխանի թարգմանութիւնը աւելի գեղեցիկ է քան Զաքեանինը, սակայն այս վերջինինը աւելի հարազատ է բնագրին։
Պահը հասած էր, որ ուսանողները իրե՛նք լծուէին թարգմանչական աշխատանքի։ Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ցրուեց հինգ երգերու խօսքեր, երկուքը ֆրանսերէն եւ երեքը անգլերէն։ Դարձեալ YouTube-ի վրայ, ուսանողները լսեցին հետեւեալ հինգ երգերը՝ “Je t’écris de la main gauche” (հեղինակներ Danielle Messia եւ Jean Fredenucci, կատարող՝ Luce Dufault), Ֆրանսայի ազգային քայլերգը՝ “La Marseillaise” (հեղինակ՝ Claude Joseph Rouget de Lisle), “At Last” (հեղինակներ՝ Harry Warren եւ Mack Gordon, կատարող՝ Etta James), “I Drove All Night” (հեղինակներ՝ Billy Steinberg եւ Tom Kelly, կատարող՝ Celine Dion) եւ “I Wish I Knew How It Would Feel to Be Free” (հեղինակներ՝ Billy Taylor եւ Dick Dallas, կատարող՝ Nina Simone):
Յաջորդաբար, իւրաքանչիւր ուսանող ընտրեց այդ հինգ բանաստեղծութիւններէն մին, եւ աշխատեցաւ անոր հայերէն թարգմանութեան վրայ։ Աշխատանքի աւարտին, ոմանք բարձրաձայն ընթերցեցին իրենց թարգմանութիւնները, որոնցմէ երկուքը կը ներկայացնենք ստորեւ.
Վերջապէս
Վերջապէս
Եկաւ իմ սէրս։
Մենակեաց օրերս վերջացան
Եւ կեանքը եղաւ երգի մը նման.
Օ, այո, այո։
Վերջապէս
Երկինքը կապոյտ է.
Սիրտս երեքնուկով պարուրուեցաւ։
Այն գիշեր, երբ քեզ տեսայ,
Գտայ երազ մը, որուն հետ կրնամ խօսիլ,
Երազ մը՝ որ կրնամ ըսել իմս է.
Գտայ հրճուանք մը, որուն կրնամ այտս սեղմել,
Հրճուանք մը՝ որ երբէք չեմ ճանչցած,
Օ, այո, այո։
Ժպտեցար, ժպտեցար,
Օ, եւ կախարդուեցայ
Եւ ահաւասիկ արքայութեան մէջ ենք
Քանզի իմս ես վերջապէս։
Երանի գիտնայի, թէ ինչ պիտի զգայի, եթէ ազատ ըլլայի
Երանի գիտնայի, թէ ինչ պիտի զգայի, եթէ ազատ ըլլայի.
Երանի կարենայի զիս կաշկանդող բոլոր շղթաները կոտրել.
Երանի կարենայի ըսել այն բոլոր բաները որ պէտք է ըսեմ,
Ըսել բարձրաձայն, ըսել յստակ,
Որպէսզի ամբողջ մոլորակը լսէր։
Երանի կարենայի բաժնել ամբողջ սէրը որ սրտիս մէջ է,
Հանել ամէն արգելք, որ մեզ կը բաժնէ։
Երանի կարենայիր իմանալ թէ ինչ կը զգամ.
Այն ատեն պիտի տեսնէիր եւ համաձայնէիր,
Որ ամէն ոք պէտք է ազատ ըլլայ։
Երանի կարենայի տալ այն ամէնը, որ կը ցանկամ տալ,
Ապրէի՝ ինչպէս կը ցանկամ ապրիլ,
Ընել այն ամէնը, որ կրնամ ընել։
Թէեւ ուշացած եմ, սակայն կրնամ սկսիլ ծայրէն։
Է՜հ, երանի կարենայի երկնքին մէջ թռչուն մը ըլլալ,
Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլար եթէ կարենայի թռչիլ,
Օ՜, պիտի սաւառնէի դէպի արեւը եւ վերէն դիտէի ծովը։
Այն ատեն պիտի երգէի, քանի պիտի գիտնայի, այո,
Պիտի երգէի, քանի պիտի գիտնայի,
Գիտնայի՝ ինչ կը զգաս երբ ազատ ես, այո,
Այո, պիտի գիտնայի, պիտի գիտնայի,
Ինչ կը զգաս, երբ ազատ ես։
Տէր, Տէր, Տէր, այո։
Ժամանակի սղութեան պատճառով, կարգ մը ուսանողներու թարգմանութիւններուն ընթերցումը յետաձգուեցաւ յետագային։