Շաբաթ, 28 սեպտեմբեր 2024-ին, հրաւիրած էինք բանաստեղծ եւ գրականագէտ Յարութիւն Պէրպէրեանը, մեր ուսանողներուն ներկայացնելու ԼՇՀ դասընթացքի «Եզակի հայ գրողներ» շարքէն Դանիէլ Վարուժանի կեանքն ու գործերէն նմոյշներ։
Պէրպէրեան դասը սկսաւ Վարուժանի մասին հետեւեալ ընդհանրական բնութագրումով. Միսաք Մեծարենց, Սիամանթօ, Վահան Թէքէեան եւ Վարուժան արեւմտահայ բանաստեղծութեան դասականներն են։ Այս չորս անուններէն յատկապէս Թէքէեան եւ Վարուժան՝ բանաստեղծական տարբեր ձեւեր փորձած են։ Ապա Պէրպէրեան թուեց Վարուժանի կենսագրական տուեալները։ Ծննդական մականունով Չպուգքեարեան, բանաստեղծը ծնած է 1884-ին, (այս տարի իր ծննդեան 140-ամեակն է) Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղին մէջ։ Դանիէլը անդրանիկ զաւակն էր Թագուհի Պաղտիկեանի եւ Գրիգոր Չպուգքեարեանի. այս վերջինը Դանիէլի մանկութեան կ՚երթայ Պոլիս, ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար՝ այնտեղ իբր պանդուխտ աշխատելու։ 1896-ին, համիտեան կոտորածներու օրերուն, անհիմն մեղադրանքներով Գրիգոր կը ձերբակալուի մայրաքաղաքին մէջ։ 12 տարեկան Դանիէլն ու իր մայրը կ՚երթան զինք փնտռելու, եւ զայն կը գտնեն բանտարկուած։ Աւելի ուշ, Վարուժան կը նկարագրէ այդ փորձառութիւնը իր «Հօրս բանտին մէջ» բանաստեղծութեամբ։

Պոլսոյ մէջ, պատանի Դանիէլը կը յաճախէ Գատըգիւղի Մխիթարեան վարժարանը, որուն տնօրէնը՝ Հայր Արիստակէս Քասգանտիլեանը, որոշիչ դերակատարութիւն կ՚ունենայ Վարուժանի կեանքին մէջ։ Պատանին անոր կը ներկայացնէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները, եւ Քասգանտիլեան անոնց մէջ կը գտնէ ապագայ բանաստեղծին տաղանդի առաջին դրսեւորումները, ու զանոնք կը հրատարակէ դպրոցի թերթին մէջ։

1902-ին, Մխիթարեաններու վարժարանէն վկայուելէ ետք, Քասգանտիլեանի կարգադրութեամբ Վարուժան կը մեկնի Վենետիկ, այնտեղ իր ուսումը շարունակելու Մուրատ Ռափայէլեան հաստատութեան մէջ։ Վենետիկի մէջ կը յօրինէ Ծաղկեփունջ կամ բրգնիկցիի մը նուագները, ինչպէս նաեւ Փուշի ակօսներ եւ Մրրկայոյզ կայծոռիկներ բանաստեղծութիւններու շարքերը, որոնք լոյս պիտի տեսնէին բանաստեղծին մահէն տասնամեակներ ետք։
1905-ին Մխիթարեան միաբանութիւնը Վարուժանը կ՚ուղարկէ Պելճիգա, տնտեսագիտութիւն եւ քաղաքական գիտութիւններ ուսանելու Կանտի համալսարանին մէջ։ Նոյն տարին, Մխիթարեաններու տպարանէն լոյս կը տեսնէ իր Սարսուռներ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ Վարուժան կը դժգոհի, որ հրատարակիչները ժողովածուէն դուրս ձգած են իր այն բանաստեղծութիւններ, որոնք կը յատկանշուէին ազգային գաղափարախօսութեամբ։
Վենետիկի եւ Կանտի մէջ, Վարուժան կը յայտնաբերէ եւրոպական գեղանկարչութեան վարպետներու արուեստը, որ պիտի ընդարձակէր իր մտային հորիզոնը։ Այս մասին հետեւեալը կը վկայէ ինք, 1 Նոյեմբեր 1908, Կանտէն Թէոդիկին ուղղուած իր ինքնակենսագրական նամակին մէջ. «Երկու միջավայր ազդած են վրաս.Վենետիկը իր Թիցիանոյով (Titian) եւ Ֆլանտրը իր Վան-Տիգներով (Van Dyck): Առջինին գոյները եւ վերջնոյն բարբարոս իրապաշտութիւնը յօրինած են վրձինս՝ զոր սնափառութիւնն ունիմ թաթխած ըլլալու միմիայն հայրենի հողին որդան կարմիրին մէջ եւ իր ծովածուփ արեանը»: Պէրպէրեան բացատրեց, որ Վարուժանի ներշնչման այս երկու աղբիւրները իր արուեստի կարկինին շրջագիծը կը հանդիսանան. «որդան կարմիր»ը կը խորհրդանշէ հայութեան անցեալ փառքերը, իսկ «ծովածուփ արիւն»ը՝ բանաստեղծին ժամանակաշրջանի հայութեան ապրած արհաւիրքները։ Նոյն տարին, Վարուժան լոյս կ՚ընծայէ իր երկարաշունչ «Ջարդը» բանաստեղծութիւնը։

1909-ին Կանտի համալսարանէն վկայեալ Վարուժանը կը վերադառնայ հայրենիք եւ իբր ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ։ Միեւնոյն ատեն, ան կ՚աշխատակցի «Ազատամարտ»,«Շանթ», «Գեղարուեստ», «Հայ Գրականութիւն», եւ «Հողդար» պարբերականներուն: 1910-ը կարեւոր իրադարձութիւններու տարի մը կ՚ըլլայ Վարուժանին համար. այդ տարի լոյս կը տեսնէ իր երկրորդ հատորը՝ «Ցեղին սիրտը», եւ Վարուժան կը ծանօթանայ Արաքսի Թաշճեանին, որուն հետ պիտի կապէր իր կեանքին մնացեալ տարիները։ Արաքսիին ընտանիքը նախ կ՚ընդդիմանայ երկուքի կապին, յատկապէս անոր համար, որ Վարուժան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կը պատկանէր։ Ի վերջոյ, Վարուժանի ազդեցիկ ծանօթներուն միջամտութիւնը կը վերացնէ Թաշճեաններու առարկութիւնները, եւ երիտասարդ զոյգը կը պսակուի։ Յաջորդ տարի կը ծնի իրենց անդրանիկ զաւակը՝ Վերոնիքան (Վարուժնակը), իսկ երկրորդ զաւակը՝ Արմէնը, 1912-ին։ Վարուժանի երրորդ զաւակը՝ Հայկակը կը ծնի իր մահուան օրը, 1915-ին։

1912-ի աշնան, Վարուժան ընտանեօք կը փոխադրուի Պոլիս, ուր բանաստեղծը կը ստանձնէ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի տնօրէնութիւնը. միաժամանակ, իբր հայերէնի այցելու ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ կարգ մը երկրորդական վարժարաններուն մէջ։ Այդ եւ յաջորդ տարիները Վարուժանի կեանքին բեղուն գործունէութեան շրջանն են։ 1913-ին բանաստեղծը կը հրատարակէ իր գլուխ-գործոց Հեթանոս երգեր ժողովածուն, հրապարակային ելոյթ կ՚ունենայ հայ գրերու գիւտի 1500-ամեակին եւ հայկական տպագրութեան 400-ամեակին զոյգ առիթներով, եւ իր գաղափարակից ընկերոջ Յ. Ճ. Սիրունիի (Յակոբ Ճոլոլեան) հետ կը ծրագրէ «Նաւասարդ» գրական տարեգրքին հրատարակութիւնը (անկէ միայն մէկ թիւ լոյս տեսած է ՝ 1913-ի աշնան)։ Յաջորդ տարի, Վարուժան կը միանայ Յակոբ Օշականի, Կոստան Զարեանի, Գեղամ Բարսեղեանի համատեղ խմբագրութեամբ հրատարակուող «Մեհեանի» խմբակին, սակայն այդ անուններուն հետ իր տարակարծութիւններուն պատճառով շուտով կը հեռանայ հանդէսէն։ Ծանօթ է անկէ ետք իր մնացեալ օրերու տարեգրութիւնը՝ ձերբակալութիւնը 1915-ի ապրիլին, բանտարկութիւնը՝ մի քանի ամիս, եւ նահատակութիւնը՝ 26 ապրիլ 1915-ին, Այաշի ճամբուն վրայ։ Բանաստեղծին հուսկ բանքը՝ Հացին երգը լոյս կը տեսնէ իր այրիին ու բարեկամներուն ջանքերով, 1921-ին։
Այս տուեալներու ներկայացումէն ետք, Պէրպէրեան խօսեցաւ Հեթանոս երգեր գործին մասին, որուն մէջ, ըսաւ ան, բանաստեղծը կ՚ոգեկոչէ հայոց հեթանոս աստուածները՝ Վանատուրը, Անահիտը եւ Վահագնը, ինչպէս նաեւ միջազգային գրականութենէն Կղէոպատրան ու Բեգասը։ Ոյժի եւ Գեղեցկութեան գովերգութիւն մըն է այս գործը, յայտնեց դասախօսը, ու նշեց, որ օրին, մանաւանդ արեւելահայ ճակատին վրայ, երկը արժանացած է անտեղի քննադատութեան։ Անդրադառնալով այդ հատորէն «Օ Լալագէ» բանաստեղծութեան, Շիրվանզադէ գրած է, «դա արդէն պոռնկագրութիւն չէ, այլ կատարեալ պոռնկութիւն», իսկ իր «Հայ գրականութեան գալիք օրը» յօդուածին մէջ, Վահան Տէրեան վարկաբեկած է «պոլսահայ բոլոր յանկարծակի հեթանոսացած պոետները»։

Յաջորդաբար, Պէրպէրեան թուեց Վարուժանի վաստակը ըստ արժանւոյն գնահատող կարգ մը անուններ, գործեր եւ մատենագիտութիւն, ընդ որում՝ Պարոյր Սեւակի «Վարուժանի պոեզիան» (1945), Յովհաննէս Ղանալեանի եւ Հեկտոր Ռշտունիի մենագրութիւնները (1961), Գոհար Ազնաւուրեանի խմբագրած Վարուժանի Նամականին (1965), Վազգէն ԳաբրիէլեանիԴանիէլ Վարուժանի կեանքը եւ գործը (1978) եւ Երկեր (1984) հատորները, Ալբերտ Շարուրեանի Դանիէլ Վարուժանի կեանքն ու ստեղծագործութեան տարեգրութիւնը (1984), Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած Բանաստեղծական երկեր (1986) հատորը եւ Գրիգոր Պըլտեանի Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ լայնածաւալ ու ժամանակակից ուսումնասիրութիւնը (1988):
Ապա ուսանողները ծանօթացան Վարուժանի գրական հանգանակը սահմանող բանաստեղծին կարգ մը տողերուն.
Գաղափարիս մէջ կ՛ընտրեմ Պայրընը կամ Նիցչէն, բայց արուեստիս մէջ կը նախընտրեմ Քուչակը (ի հարկէ աւելի սանտրուած ու մաքուր): – Ըստ իս միայն ռոմանտիկ դպրոցն է՝ որուն սնունդը մեր ինքնատպութիւնը եւ հայութիւնը պիտի չեղծանէ: Հիւկոյին մէջ բան մը կայ որ արաբ է, արաբին մէջ՝ Նարեկացին՝ Նարեկացիին մէջ հայը:
…Միշտ անտրամաբանական գտած եմ գրական դպրոցներու բաժանումը, ըստ իս գեղեցիկը դպրոց չունի, գեղեցկութիւնը բազմանկիւն հատուածակողմ մըն է. մեծ արուեստագէտին հոգին վերէն ուղղահայեաց նայող արեւու պէս այդ բիւրեղէ հատուածակողմին ամէն անկիւններէն շողեր կ՛արձակէ (…) Իրապաշտ գուցէ կոչէք զիս. կ՛ընդունիմ. բայց իրապաշտութիւնը գեղեցկութեան հասնելու ամէնէն ուղիղ գիծն է: Իրապաշտութեան մէջ պէտք է փնտռել բոլոր միւս դպրոցները՝ որոնք իր ստորաբաժանումներն են լոկ. բնութիւնը իր խորհրդաւորութիւնները ունի, իր անսանձ մրրիկները ունի, կամ իր միջօրէի արեւուն միակտուր խաղաղութիւնը. ասոնք փոխն ի փոխ նկարելով ինչպէս որ են, ի՛նչպէս որ մեր հոգիին վրայ փոխն ի փոխ կը ցոլան, մենք կ՛ըլլանք խորհրդապաշտ, ռոմանդիկ, դասական. հետեւաբար գեղեցկութիւնը անթերի արտադրելու համար ես պիտի սիրէի տալ այս բոլորը միանգամայն (…) Ահա թէ ինչո՛ւ համար իրապաշտութիւը յատուկ դպրոց մը ընդունիլը ծիծաղելի կը թուի ինձ:

Դասին աշխատանոցային բաժնին մէջ, ուսանողները ստացան Վարուժանի «Գուշակը», «Ձօն», «Անդաստան», «Նաւասարդեան», «Կալերու գիշեր» եւ «Կարմիր հողը» բանաստեղծութիւններէն օրինակներ։ Պէրպէրեանի ղեկավարութեամբ, անոնք մի առ մի ընթերցեցին այս կտորները, անոնց մէջ փնտռելով Վարուժանի արուեստին յատկանիշները եւ հանճարին արտայայտութիւնները։
Դասը աւարտելէ առաջ, դասախօսը ուսանողներուն կարդաց Վարուժանի «Լոգանքէն վերջ» բանաստեղծութիւնը, իր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով բանաստեղծին տողերուն շլացուցիչ այժմէականութեան վրայ։