ԼՇՀ դասընթացքի Բ. շրջանի Բ. եռամսեակի վերջին երկու դասապահերը յատկացուցած էինք ուսանողական աշխատանքներու ներկայացման։ Շաբաթ 20 եւ 27 ապրիլ 2024-ին, մեր ուսանողներէն Մայտա Մանուկեան, Սեւակ Պաղտասարեան, Վազգէն Քօլլօքեան, Ռիթա Պաղտասարեան, Նանօր Աշնա Սնապեան Լիպարեան, Շանթ Աֆարեան եւ Շանթալ Մանուկեան իրենց դասընկերներուն ներկայացուցին նախորդ շաբաթներու ընթացքին իրենց կատարած պրպտումներուն կամ ընթերցումներուն արդիւնքները։
Մայտա Մանուկեան իբր աշխատանք ընտրած էր Մ. Իշխանի Մնաս բարով մանկութիւն (1974) ինքնակենսագրական վէպի ընթերցումը։ Անդրադառնալով Իշխանի երկին, Մայտա Մանուկեան զայն որակաւորեց այսպէս. «տառապանքէ, աքսորանքէ անցած տղու մը՝ վաթսուն տարեկան մարդու մը գրածը»։ Ան նշեց, որ վէպին տասնչորս գլուխներն ալ հաւասարապէս ցաւագին ապրումներ կ՚առթեն ընթերցողին։ Նկատի ունենալով վէպին ինքնակենսագրական բնոյթը, Մանուկեան տեղին համարեց Իշխանի կենսագրական տուեալներուն արագ թուումը, որուն ընթացքին ան ընդգծեց Յակոբ Օշականի որոշիչ դերակատարութիւնը բանաստեղծին կազմաւորման վրայ, երբ ան կ՚ուսանէր Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Մանուկեան լուսարձակի տակ բերաւ վէպէն «Մանուշակին կանաչ պսակը» գլուխը, զորս ան ընթերցեց մեզի, ափսոսանքի պահեր յառաջացնելով բոլորիս ներսիդին։

Յաջորդ ներկայացումը կատարեց Սեւակ Պաղտասարեան, որ մեզ տարաւ հայկական երաժշտութեան ոլորտը։ Ան իր հետ բերած էր իսկական սազ մը, որ տիպական հայկական երաժշտական գործիք մըն է։

Պաղտասարեան նախ խօսեցաւ սազի առանձնայատկութիւններուն մասին։ Սազը, ըսաւ ան, Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տարածուած լարային նուագարան մըն է, որ ընդհանրապէս թթենիի կամ ընկուզենիի փայտէ կ՚ըլլայ։ Կան երկու տեսակ սազեր. սովորական սազը եւ անոր երկարավիզ տարբերակը։ Այս վերջինին լարերու թիւը կրնայ հասնիլ տասի, որոնցմով նուագածուն կրնայ աւելի մեծ տարողութեամբ նոթեր նուագել։ Աւելին, ըսաւ Պաղտասարեան, սազը առաւելաբար կապուած է արեւմտահայ մշակոյթին հետ, իսկ անոր համապատասխան գործիքը արեւելահայոց մօտ թառն է։ Պաղտասարեան ապա խօսեցաւ սազի, ուտի, քամանչայի եւ քանոնի առանձնայատկութիւններուն ու տարբերութիւններուն մասին, նշելով որ հայկական երաժշտական մշակոյթին մէջ, ծանօթ է սազի նուագածուներու մրցակցական ելոյթներու պատմութիւնը։ Ապա Պաղտասարեան, որ սազի ինքնուս նուագածու մըն է, իր սազին վրայ մեզի նուագեց երկու երաժշտական կտորներ՝ «Վարդ սիրեցի (Սարի աղջիկ)» եւ «Քամանչա» երգերը։

Ուսանողներու երկրորդ խումբ մը իր աշխատանքները ներկայացուց շաբաթ, 27 ապրիլին։ Անոնց առաջինը եղաւ Վազգէն Քօլլօքեան, որ բացատրեց արուեստական բանականութեան (artificial intelligence) տրամաբանութիւնը եւ անոր միջոցով ստեղծագործական աշխատանք կատարելու դժուարութիւններն ու բարդութիւնները։ Քօլլօքեան իր աշխատանքը կատարած էր ChatGPT արուեստական բանականութեան անգլերէն ծրագրով, որուն հետ համակարգիչին տէրը կրնայ երկխօսութեան մէջ մտնել եւ ցուցմունքներ տալ, որպէսզի ծրագիրը պատրաստէ իրմէ ակնկալուած ստեղծագործական աշխատանքը։ Քօլլօքեանի ներկայացման մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի էին երկու կէտեր. առաջինը՝ արուեստական բանականութեան միջոցաւ արեւմտահայերէն գրութիւն մը անգլերէնի թարգմանելու պահուն ծրագրին տուած անհեթեթ «պատասխանները», արդիւնք՝ համացանցի տարածքին վրայ համեմատաբար սակաւաթիւ (բաղդատած անգլերէնին) արեւմտահայերէն գրութիւններու առկայութեան. երկրորդը՝ այս ներկայացման համար իր պատրաստած արեւմտահայերէն բառապաշարը, որ արժանացաւ մնացեալ ուսանողներու ծափերուն։

Յաջորդ ներկայացումը կատարեց Ռիթա Պաղտասարեան, որ պրպտած էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին պատկանող «Կովերու պարտէզ» կոչեցեալ հողամասը վարձելու գործառնութեան հետ կապուած գայթակղութիւնը։ Պաղտասարեան նախ ներկայացուց Երուսաղէմի հայկական թաղամասերուն աշխարհագրական եւ պատմական տուեալները, որոնց մէջ ուշագրաւ էր այն իրողութիւնը, որ վերջին մի քանի դարերու ընթացքին հայկական համայնքը տէրը դարձած է բազմաթիւ հողամասերու, ընդ որում՝ «Հայկական հողամաս»ը, որ ծանօթ է նաեւ «Կովերու պարտէզ» անունով։ Պաղտասարեան բացատրեց, որ այս հողամասը ներկայիս կը գործածուի իբր ինքնաշարժներու կայան:

Գալով այս հողամասը վարձակալելու գործառնութեան, Պաղտասարեան բացատրեց, որ մի քանի տարի առաջ, Xana Capital Group աւստրալիական ընկերութեան տնօրէն Danny Rubinstein Rothman յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին, որ կը փափագի այդ հողամասին վրայ Xana Gardens անունով բարձրորակ պանդոկ մը կառուցել։ Rothman առաջարկած է, որ կալուածը 99 տարիով վարձու տրուի իր ընկերութեան։ 2021-ին, Պատրիարքարանի կողմէ վարձակալութեան գործառնութիւնը կը ստորագրեն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան, լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Նոյն տարին, երբ այդ պայմանագրի մանրամասնութիւնները կը հրապարակուին լրագրող Յարութ Սասունեանի կողմէ, Երուսաղէմի հայկական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ տասնեօթը կղերականներ, կը հրապարակեն իրենց առարկութիւնը յիշեալ գործառնութեան։ Անոնք կը հիմնուին այն փաստին վրայ, որ 400 տարի առաջ հաստատուած վաքըֆ (waqf) անունով ծանօթ (եւ ցարդ ի զօրու) օրինական փաստաթուղթը կ՚արգիլէ հողամասի վաճառքը կամ անոր վարձակալութիւնը, եթէ այդպիսի գործառնութեան մը արդիւնքը ուղղակի նպաստ չի բերեր տեղւոյն հայ համայնքին։ Պաղտասարեան նաեւ յայտնեց, թէ 2023-ին, Պատրիարքարանի յատենոյ կալուածոց տեսուչը Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան, կարգալոյծ դասուած է Պատրիարքին կողմէ, իսկ նոյն տարուան հոկտեմբերին, Պատրիարքարանը պաշտօնական նամակով մը կը տեղեկացնէ Xana Capital Group-ի տնօրէնութեան, թէ Պատրիարքարանի եւ Xana Capital Group-ի միջեւ 2021-ին կնքուած պայմանագիրը չեղեալ կը համարէ։ Գալով տեղւոյն համայնքին, 18 փետրուար 2024-ին, անոր ղեկավարները դատ կը բանան՝ այդ գործառնութիւնը չեղարկելու առաջադրութեամբ։ Հարցը տակաւին չէ հասած իր լուծումին։
Օրուան երրորդ ներկայացումը կատարեց Նանոր Աշնա Սնապեան Լիպարեան, որ առաջին հերթին մեզի բերաւ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանի «Մթնոլորտային գետեր, ոգի կրակներ» բանաստեղծութիւնը (մթնոլորտային գետեր՝ atmospheric rivers, ոգի կրակներ՝ ghost fires)։ Լիպարեան նախ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ այս երկու մթնոլորտային երեւոյթներուն մասին. ապա ան ընթերցեց բանաստեղծութիւնը եւ տուաւ սահմանումները ուսանողներուն անծանօթ կարգ մը բառերուն,- ինչպէս թափօն, ուռճանալ, եւլն.։ Լիպարեան շեշտեց Պէրպէրեանի այն գաղափարը, թէ այլապէս աղիտալի նկատուող «ոգի կրակներ»ուն ջահակիրը պիտի ըլլար բանաստեղծը, եթէ այդ հրդեհները «դառնային իրաւ ոգեղէն բոցեր, / լուսաւորելու, մաքրելու միտող՝ / ագահութեամբ եւ անխղճութեամբ / վաղուց վարակուած / իշխող մէկ դասի»։ Ապա Լիպարեան անցաւ իր երկրորդ աշխատանքի ներկայացման, որ կը վերաբերէր Միսաք Մեծարենցի «Ցայգանուագ» բանաստեղծութեան։ Զայն ընթերցելէ ետք ան յայտնեց, թէ Լոս Անճելըսաբնակ LA Project նուագախումբը երգի վերածած է այդ քերթուածը եւ այդ երգին ունկնդրութեամբ աւարտեցաւ Լիպարեանի ներկայացումը։
Օրուան վերջին երկու ներկայացումները կատարեցին Շանթ Աֆարեան եւ Շանթալ Մանուկեան։ Առաջինը՝ սահիկներու ընկերակցութեամբ, խօսեցաւ Մ. Իշխանի Հացի եւ լոյսի համար վէպին մասին։ Ներկայացումը կը բաղկանար հետեւեալ բաժիններէն. Իշխանի կենսագրութենէն կարեւոր թուականներ, գործին ընդհանուր նկարագրութիւնը, գլխաւոր տիպարներ եւ թեմաներ, մէջբերումներ, վէպին մէջ յիշուած այլ գրական գործեր եւ եզրափակում։ Աֆարեան մի առ մի ընդլայնեց այս բաժինները, տալով իւրաքանչիւրին համապատասխան բացատրութիւններ եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ։ Այսպէս, ուսանողները տեղեկացան, որ վէպին դէպքերը տեղի կ՚ունենան Դամասկոսի մէջ, յետ-Եղեռնեան տարիներուն։ Գործին տիպարները շուրջ տասնչորս տարեկան կօշիկի ներկարար տղաք են, որոնք Մեծ եղեռնին կորսնցուցած են իրենց ծնողները։ Անոնք են «պոյաճիներ» Սեդրակը, Վահանը, Արսէնը եւ Աւետիսը, որոնց կողքին ընթերցողը կը հանդիպի երկրորդական տիպարներ Սեդրակի մայրը, մօրեղբայրը եւ Սերինան։ Աֆարեան վէպէն դիպուկ մէջբերումներու ընթերցումով յաջողեցաւ նկարագրել վէպին տիպարներուն կեանքն ու անոնց դիմագրաւած խնդիրները։ Բաց աստի, Աֆարեան մէջբերեց վէպին մէջ յիշուած կարգ մը գրաբար ասոյթներ, ինչպէս «բազմունք են կոչեցեալք, եւ սակաւք ընտրեալք», «սահման քաջաց՝ զէնն իւրեաց» եւ «նման զնմանս սիրեսցէ», այդպիսով կամրջելով իր ներկայացումը այս եռամսեակի ընթացքին ներկայացուած գրաբարեան ասոյթներու դասերուն հետ։ Ան նաեւ յիշեց վէպին մէջ յիշուած երկու բանաստեղծութիւններ՝ Ռուբէն Որբերեանի «Գիւղիս ճամբան» եւ Դանիէլ Վարուժանի «Լոյսը»։ Աւարտելէ առաջ իր ներկայացումը, Աֆարեան կարդաց վէպին զուարթախոհ բաժիններէն ոտնագնդակի խաղ մը կազմակերպելու դրուագը։

Յաջորդաբար, Շանթալ Մանուկեան ուսանողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց արեւմտահայերէնով աշխատելու ելեկտրոնային գործիքներու շտեմարանի մը՝ ֆրանսական Calfa.fr համացանցային ընկերութեան կայքէջին վրայ, որ կը գործէ 2014-էն ի վեր։ Հիմնադրութեան պահուն, կայքէջը կը հրամցնէր Ամբրոսիոս Գալֆայեանի (Նար-Պէյ) հայերէն-ֆրանսերէն-հայերէն բառարանը (1861): Այդ թուականէն ի վեր, Calfa.fr-ի հիմնադիրն ու իր աշխատակիցները ընդլայնած են կայքէջի բովանդակութիւնը, հոն տեղադրելով զանազան ծրագրեր, ինչպէս օրինակ ձեռագիր կամ տպագիր հայերէն գրութիւններու տառերու ճանաչման ծրագիր (OCR), որմով կարելի կ՚ըլլայ այդ գրութիւնները թուայնացնել։ Վերջապէս, Մանուկեան խօսեցաւ Calfa.fr-ի կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկուն՝ Փարիզի Հ. Սամուէլեան գրատան մէջ գտնուող հայերէն թերթերու հաւաքածոն թուայնացնելու աշխատանքին մասին, որ կ՚իրականացուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տրամադրած նիւթական նպաստով։
Շանթալ Մանուկեանի ներկայացման աւարտէն ետք, ուսանողները հարցումներ ուղղեցին անոր, յաւելեալ բացատրութիւններ ստանալու համար։
Այսպիսով վերջ գտաւ ԼՇՀ դասընթացքի Բ. շրջանի Բ. եռամսեակը։ Ուսանողները մեկնեցան, աշնան զիրար վերագտնելու ակնկալութեամբ։