Եղեռնի լեզուն

ԼՇՀ դասընթացքի իւրաքանչիւր եռամսեակին կ՚ունենանք առնուազն երկու դասախօսներ արտասահմանէն։ Այս եռամսեակին այդ երկուքէն առաջինն էր Դոկտ. Սեւան Տէյիրմենճեանը՝ Պոլիսէն, որ Մոնթրէալ ժամանեց մեր հրաւէրով, շաբաթ 6 ապրիլին դասախօսելու համար «Եղեռնի լեզուն» նիւթին շուրջ, որ յարգելի դասախօսը պատրաստած էր յատկապէս մեր դասընթացքին համար։

Իր ներածականին մէջ Տէյիրմենճեան նշեց, որ հանրապետական Թուրքիոյ մէջ ծնած ու ստեղծագործած գրողներու գործերուն մէջ 1915-ի Հայկական ցեղասպանութեան ուղղակի նշումներ չենք գտներ, հասկնալի պատճառներով։ Այնուամենայնիւ, այդ հեղինակներու գործերուն զննական ընթերցում մը կը պարզէ ծածուկ լեզուով մը,- գրեթէ գաղտնագիր,- անդրադարձները Եղեռնին։

Դոկտ. Սեւան Տէյիրմենճեան

Նախքան դասախօսութեան նիւթը ծաւալելը, Տէյիրմենճեան յիշեց երկու գրողներ, որոնք կը պատկանին յիշեալ գրողները նախորդող սերունդին. անոնք են՝ Արամ Անտոնեանը (1875-1951) եւ Յակոբ Մնձուրին (Տէմիրճեան, 1886-1978)։ Առաջինը ծանօթ է մանաւանդ իր Այն սեւ օրերուն գործով (1919), որ վաւերագրական շունչով կը պատկերէ Եղեռնին արհաւիրքը, իսկ երկրորդը իր Երկրորդ ամուսնութիւնը վէպով (1931), որուն մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Եղեռնէն վերապրողներու կեանքն ու փորձառութիւնները։ Մնձուրիի վէպը, ըսաւ դասախօսը, պէտք է համարել Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած առաջին գործը որ կ՚անդրադառնայ Եղեռնին։ Այդ օրերուն է, ըսաւ Տէյիրմենճեան, որ «մանկութիւն չունեցող» խօսոյթը կը սկսի երեւիլ մամուլի եւ գրականութեան մէջ։

Յետ-եղեռնեան ստանպուլահայ գրողներու սերունդին առաջին անունը վաղամեռիկ բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանինն է (1920-46), հեղինակը Օրէ օր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին։ Ան Եղեռնին կ՚անդրադառնայ ժառանգաբար. օրինակ, «Ճամբորդութիւն» (թուականը անյայտ) բանաստեղծութեան մէջ, բանաստեղծը կու տայ իր գաղթական ծնողներուն կենսագրական տուեալները։

Կարպիս Ճանճիկեան

Ճանճիկեանի սերունդին պատկանող գրող մըն է Երուանդ Կոպէլեանը (1923-2010)։ Ծնած պարտիզակցի ծնողներէ, Կոպէլեան խմբագիր էր, գրող եւ թարգմանիչ։ Բացի Պոլսոյ մէջ իր խմբագրական աշխատանքէն, Կոպէլեան խմբագրած է Պէյրութի «Այգ» օրաթերթը, մաս կազմած է «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» հրատարակչատան խմբագրական խորհուրդներուն։ Պոլսոյ մէջ, Կոպէլեան մաս կազմած է «Մարմարա» օրաթերթին եւ աշխատակցած «Ակօս»-ին։

Երուանդ Կոպէլեան

Տէյիրմենճեանի դասախօսութեան նախորդող օրերուն, մեր ուսանողները կարդացած էին Կոպէլեանի «Հողով մկրտուածներ» պատմուածքը, որուն կեդրոնական տիպարներն են գաւառներէն Պոլիս հասած երկու լուսանցքային անհատներ՝ աղբահաւաք Քիրիվոն ու քրջահաւաք Խորէն Աղան։ Պատմուածքին անանուն պատմողը այդ երկու տիպարները կը դիտէ հեռուէն ու ընթերցողին կը նկարագրէ զանազան անցուդարձեր անոնց առօրեաներէն։ Պատումին ընթացքին հետզհետէ կը պարզուի, որ աղբահաւաքն ու քրջահաւաքը զիրար առնչողը անոնց ներսիդին կուտակուած թախիծն է, որ անուն չունի, որ բացայայտօրէն չէ արտայայտուած, բայց որուն սկզբնապատճառը կռահելը դժուար չէ։ Տէյիրմենճեանի առաջնորդութեամբ, ուսանողները քակեցին այս պատմուածքին թելադրած խորհուրդն ու թագուն իմաստը։

Տէյիրմենճեանի ներկայացուցած յաջորդ հեղինակն էր Պոլսէն դուրս սակաւածանօթ Անդան Էօզէրը (1927-1994)։ Իսկական անունով Անթուան, Էօզէր հեղինակն է բանաստեղծական եւ պատմուածքներու չորս հատորներու՝ Ահա այսպէս (1953), Առանձնութիւն (1984), Ծածուկ իրականութիւններ (1984), ու Եւ (1990)։ Դասախօսը կարճ մէջբերում մը կարդաց Էօզէրի «Առնէտին տնկած ինկոզը» (ընկոյզը) պատմուածքէն, որուն կեդրոնական տիպարներն են Սրապիոն եւ անոր կինը Ազնիւ։ Երբ այս վերջինը իրենց բնակած թաղին մէջ փոքր խռովութիւն մը կը գործէ, ոստիկանը թեւէն կը բռնէ ու կ՚ուզէ զայն ոստիկանատուն տանիլ։ Ազնիւ թեւը կ՚ազատէ ոստիկանէն ու կ՚ըսէ անոր. «Ես գիտեմ քալելը… քալելէն ալ չեմ վախնար, ատենին ես մինչեւ անապատներն եմ քալեր…»։ Այս կարճ մէջբերման ետին կը նշմարենք Եղեռնին մէկ արձագանգը, որուն յիշատակութիւնը Էօզէրի կողմէ խիզախ քայլ մը պէտք է նկատել։

Անդան Էօզէր

Ապա Տէյիրմենճեան մեր ուսանողներուն ներկայացուց Ատափազար ծնած Վարդան Կոմիկեանը (1915-1998): Ասպարէզով ատամնաբոյժ, Կոմիկեան նաեւ արձակագիր է եւ ուսուցիչ։ Ծանօթ է իր Բարի եկար, Սէ՜ր եւ Համրիչի հատիկներ պատմուածքներու ժողովածուներով, եւ իր գործերուն մէջ եւս կը գտնենք Հայկական Ցեղասպանութեան ակնարկութիւններ։

Ձախէն աջ՝ ստանպուլահայ գրողներ Իգնա Սարըասլան, Օննիկ Ֆչըճեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Վարդան Կոմիկեան։ Կեդրոնը նստած է Յակոբ Մնձուրի։

Էօզէրի եւ Կոմիկեանի նման, Եղեռնի արձագանգները կը գտնենք նաեւ կարգ մը թուրք եւ քիւրտ ձախակողմեան հակումներով գրողներու գործերուն մէջ։ Տէյիրմենճեան յիշեց անոնցմէ երեքը՝ Քեմալ Թահիր (1910-73), Եաշար Քեմալ (1923-2015) եւ Օրհան Քեմալ (1914-70):

Դադարէն ետք, Տէյիրմենճեան դասին վերջին մասը յատկացուց Զաւէն Պիպեռեանի ներկայացման (1921-84)։ Գրողը իր ժողովուրդի անցեալին կը հաղորդուի զինուորական ծառայութեան տարիներուն։ Ձախակողմեան հակումներ փայփայող գրող մըն էր Պիպեռեան, որ աշխատակցած է Աւետիս Ալեքսանեանի «Նոր օր» թերթին, եւ այնտեղ հրատարակած իր յանդուգն յօդուածներուն պատճառով կարճ ժամանակ մը բանտարկուած է։ Ազատ արձակուելէն ետք, Պիպեռեան գացած է նախ Եգիպտոս, ապա Լիբանան, ուր աշխատակցած է «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն։ Պոլիս վերադարձէն ետք, իր ապրուստը ապահովելու համար Պիպեռեան զբաղած է զանազան գործերով։ Հեղինակն է Լկրտածը (1959), Անկուտի սիրահարներ (1962) եւ Մրջիւններու վերջալոյսը (1984) վէպերուն, ինչպէս նաեւ Ծովը (1961) պատմուածքներու հատորին։ Որպէս այս դասին նախապատրաստութիւն, մեր ուսանողները կարդացած էին այս վերջին ժողովածուէն «Երբ սրտերը կը լուացուին» պատմուածքը, որուն զննական ընթերցումը կատարեց Տէյիրմենճեան, մակերեսին հանելով այնտեղ ակնարկուած 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին ստանպուլաբնակ յոյն գաղութին դէմ գործուած խժդժութիւնները։

Զաւէն Պիպեռեան

Հաւանաբար Պիպեռեանի ամենէն ծանօթ գործը Լկրտածը վէպն է, որուն կեդրոնական տիպարը Ֆաթմա/Կիւլկիւնն է, ազգութիւնը անյայտ որդեգիր աղջիկ մը, որ կ՚ապրի թուրք ընտանիքի մը մօտ՝ որպէս անոնց սպասուհին։ Ֆաթմա/Կիւլկիւնի շուրջ արբանեակներ են թուրք ընտանիքին զաւակը Էրոլը, գիւղի ամարանոցի մսավաճառի աշկերտը Ալին, հայ երիտասարդ մը՝ Արէտն ու իր թուրք ընկերուհին եւ նոյն թաղամասի բնակիչ հայ ընտանիք մը։ Թէ՛ Էրոլ եւ թէ՛ Ալի կը հալածեն Ֆաթմա/Կիւլկիւնը, անոր տիրանալու մտադրութեամբ։ Ընկերային յետնապատկերի մը վրայ կառուցուած այս պատումը ի վերջոյ կը յանգի ոճիրի մը, երբ Ալի կը բռնաբարէ «լկրտած» Ֆաթմա/Կիւլկիւնը եւ կը սպաննէ զայն։ Տէյիրմենճեան բացատրեց, որ երեւութապէս ոստիկանական-ոճրային վէպ մը ըլլալէ անդին, Լկրտածը-ի մէջ մենք կրնանք կարդալ քօղածածուկ ակնարկութիւնը Եղեռնին։ Ֆաթմա/Կիւլկիւն չէ ճանչցած իր հայրը, եւ միայն աղօտ կերպով կը յիշէ լաչակով կին մը, թերեւս զինք ծնող մայրը, որ երկաթուղիի կայարանի մը շէնքին մէջ զինք յանձնած է ուրիշ կնոջ մը (որդեգրող մայրը՞)։ Պիպեռեան կայարանի շէնքը կը նկարագրէ իբր «մռայլ կոթողը պետութեան», յորջորջում մը որ զանազան արձագանգներ կը բերէ Հայկական Ցեղասպանութենէն։ Տէյիրմենճեան բացատրեց, որ ամենայն հաւանականութեամբ, Ֆաթմա/Կիւլկիւնը ծագումով հայ աղջիկ մըն է, մէկը այն բազմաթիւ մանուկներէն որոնք այլեւայլ պայմաններու տակ թրքացուեցան։ Գալով իր սպանութեան, դասախօսը բացատրեց, որ զայն պէտք է ընկալել իբր Հայկական Ցեղասպանութեան կիսատ մնացած հետեւանքին ամբողջացումը թուրք Ալիին կողմէ։

Դասի աւարտին, ուսանողները հարցումներ տուին դասախօսին, այդպիսով համալրելով այդ օր իրենց ամբարած գիտելիքները, եւ շնորհակալ եղան դասախօսին, որ հանգամանօրէն ներկայացուց «Եղեռնի լեզուն»: