Շաբաթ, 22 հոկտեմբերի մեր դասապահը յատկացուցած էինք թարգմանական աշխատանքի, որ աշխատանոցային դրութեամբ վարեց Րաֆֆի Աճէմեան։ Վերջին մի քանի տարիներուն, գործակցութեամբ այլ մտաւորականներու, Աճէմեան հրատարակութեան յանձնած է Անթուան Պերմանի L’épreuve de l’étranger գործին հայերէն թարգմանութիւնը՝ Օտարութեան փորձընկալումը, Էտուըրտ Սայիտի Orientalism (Արեւելաբանութիւն) գործը եւ Տակլըս Ատըմզի A Hitchhiker’s Guide to the Galaxy շարքին առաջին հատորը՝ Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը։
Աշխատանոցէն առաջ, ուսանողներէն երկուքը՝ Շողիկ Ազարիկեան եւ Ռիթա Պաղտասարեան, մեզի ներկայացուցին իրենց պատրաստած աշխատանքները. առաջինը՝ Վահան Թոթովենցի Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ վէպը, իսկ երկրորդը՝ խորհրդածութիւններ բամբասանքի մասին։ Երկուքին ալ ներկայացումները եղան բովանդակալից եւ շնորհալի հայերէնով։
Շողիկ ԱզարիկեանՌիթա Պաղտասարեան
Ներկայացումներէն ետք, ուսանողները անցան թարգմանական աշխատանոցին։ Աճէմեան նախ բացատրեց, թէ մէկ լեզուէն միւսը թարգմանելու պարագային, երկու լեզուներու տիրապետութիւնը բաւարար չէ։ Թարգմանողը պարտի նաեւ ունենալ լեզուական ենթակառոյցները եւ մտածողութիւնը այն լեզուին, որուն մէջ կը փոխադրուի բնագիրը։
Րաֆֆի Աճէմեան
Աճէմեան ապա ուսանողներուն ներկայացուց հայերէնէն անգլերէն թարգմանուած վեց նմոյշներ, Արշակ Չօպանեանի «Ես ի՞նչ ընեմ հոգիով», Երուխանի «Քարիտէզճին», Զապէլ Եսայեանի «Տիկին Տիւսաբ եւ Թովմաս Թէրզեան», Նշան Պէշիկթաշլեանի «Հայը», Շահան Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս» եւ Լեւոն Շանթի Հին աստուածներ գործերէն հատուածներ։ Ծանօթանալէ ետք հայերէն բնագրերուն, ուսանողները իրենց ուշադրութեան առարկան դարձուցին անգլերէն թարգմանուած հատուածներուն մէջ հարազատ եւ ամբողջական վերարտադրութիւնը բնագրերուն։
Դասին վերջին բաժնով, Աճէմեան ուսանողներուն ցրուեց անգլերէն քսան առածներ։ Ուսանողները պարտէին կա՛մ գտնել անոնց հայերէն համապատասխան առածը, կա՛մ տուեալ առածը թարգմանել հայերէնի, յատուկ ճիգ թափելով հայերէն թարգմանութեան մէջ անգլերէն առածին թելադրած խորհուրդը ճշգրտօրէն արտայայտելու։