ԼՇՀ դասընթացքի նպատակներէն մին է հայ գիրով խանդավառ շրջանակներու ուշադրութեան յանձնել գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան կալուածներուն մէջ՝ 1950էն ասդին նոր ուղիներ կոփած անուններ, մանաւանդ երբ անոնց գրութիւնները ցրուած կը մնան սփիւռքի հայկական մամուլին մէջ։ Այդ շարքէն է խոհուն մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանը, որուն վաստակին ներկայացումը կատարեց բանաստեղծ եւ գրականագէտ Յարութիւն Պէրպէրեանը 15 նոյեմբեր 2025ին։

Պէրպէրեան իր դասախօսութիւնը սկսաւ Էթիեմեզեանը բնորոշելով իբր «1970ականներէն սկսեալ, սփիւռքի ամենէն կարեւոր մտաւորականներէն մին»։ Ան իր ներկայացումը կատարեց սահիկներու ընկերակցութեամբ, որոնց միջոցաւ ուսանողները ծանօթացան Էթիեմեզեանի կեանքի հանգրուաններուն եւ հեղինակին անոնցմէ իւրաքանչիւրին համապատասխանող մտածողութեան հոլովոյթին։
Էթիեմեզեան ծնած է Հալէպ, 1943ին, եւ աշակերտած է Մխիթարեան միաբանութենէն Հայր Վահան Յովհաննէսեանին ու Հայր Եփրեմ Ղազարեանին։ 1963ին սկսած է յաճախել Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը ու հետեւած ճարտարապետութեան դասընթացքներու։ Հինգ տարի ետք, ուսումը շարունակելու նպատակաւ մեկնած է Գանատա, ուր Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի համալսարաններուն մէջ խորացուցած է գրականագիտութեան եւ իմաստասիրութեան՝ ինչպէս նաեւ ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան ու քաղաքական գիտութիւններու իր գիտելիքները, իսկ իր ապրուստը եւ ուսման ծախքը ապահովելու համար լծուած տենդագին աշխատանքի։ 1975ին վերադարձած է Լիբանան, եւ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն իբրեւ ուսուցիչ եւ խմբագիր պաշտօնավարած Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրդ. վարժարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհեան դպրեվանքին, Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին, «Ազդակ» օրաթերթի եւ ապա «Ազդակ Շաբաթօրեակ–Դրօշակ»-ին մէջ, միաժամանակ աշխատակցելով վերոյիշեալ թերթերուն եւ «Բագին» ամսագրին՝ Վ. Էթիեմեզեան, Վ.Է., Վարազդատ, Ն. Դիմաքսեան եւ այլ գրչանուններով: Այդ շրջանին հրատարակած է պատմուածքներ, գրախօսականներ, հրապարակագրական էջեր, գրականագիտական, ընկերային, իմաստասիրական, քաղաքական եւ այլ նիւթեր շօշափող յօդուածներ։ 1985ին հիմնադրած է «Մորմոք» անուամբ սեփական գրաշարատունը։ Սեպտեմբեր 1996-ին, լեղուցի վիրահատումէ ետք, սրտի տագնապի հետեւանքով, Վազգէն Էթիեմեզեան անսպասելիօրէն մահացած է 53 տարեկան հասակին:

Իր մահէն շուրջ քսանհինգ տարի ետք, Էթիեմեզեանի մամուլին մէջ ցրուած հրապարակագրական, գրական եւ իմացական գրութիւնները երեք հատորներով, եւ շուրջ 1200 համագումար էջերով, լոյս տեսած են Պէյրութի եւ Մոնթրէալի մէջ. Շաբթուան մտածումը (2023, Պէյրութ),Գրական եւ իմացական էջեր (2024, Մոնթրէալ) եւ Տագնապի եւ խռովքի էջեր (2024, Պէյրութ)։ Այդ հատորներու հրատարակութեան մեծապէս նպաստած է Էթիեմեզեանի աղջկան՝ Մեղեդիին գրաշարութեան աշխատանքը։

Պէրպէրեան նշեց, որ «Էթիեմեզեանի ստեղծագործութիւնը՝ իր պատմուածքներով, իմացական յօդուածներով, գրախօսականներով, նոյնիսկ՝ թարգմանական յօդուածներով ամբողջութիւն մըն է. օրինակ՝ Ռապըրթ Հարթմանի «Քաղաքացին»` աւելի ուշ իբրեւ մեկնակէտ կը ծառայէ «Քաղաքացին՝ Մուշեղ Գալշոյեանի մէջ» յօդուածին»։ Դասախօսը նաեւ յայտնեց, որ այստեղ ինք պիտի ընդգծէ երկու երեւոյթներ. նախ այն, որ գրողին միջավայրը, իր ապրած փորձառութիւններն ու ընկերային մտածողութիւնը ինչպէս կը կազմաւորեն անոր աշխարհահայեացքը, եւ ապա՝ պատմուածքներուն ճամբով հետեւիլ իր գրական զարգացումին։
Յաջորդաբար, Պէրպէրեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Էթիեմեզեանի գրականութեան, զայն բաժնելով երեք հանգրուաններու։ Անոնցմէ առաջինը կը տարածուի 1962-65 տարիներուն վրայ, երբ հեղինակին առաջին պատմուածքները լոյս տեսած են «Բագին» ամսագրին եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ։ Դասախօսը հակիրճ ձեւով տուաւ այդ պատմուածքներէն ոմանց դիպաշարերը («Երիտասարդի մը օրագրէն», «Անաւարտ պատմութիւն», «Թուրքը», «Քառասուն ութ ժամ՝ պատուոյ խօսք»)։ Երկրորդ շրջանը կը պարփակէ «Ահեկան» եռամսեայ պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած գրութիւնները,- «Լոյծ յանգեր», «Մեղեդի երգիս համար», «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն», «Քերմէս» եւ «Քոմա», որոնց մէջ «կը հանդիպինք կնոջ եւ շրջապատին հետ շփուելու, փնտռտուքի, դժգոհութեան, ըմբոստութեան, գինովութեան եւ նման բազմաթիւ ապրումներու եւ հոգեվիճակներու»։ Երրորդ շրջանը կը սկսի 1975ին, երբ հեղինակը կը վերադառնայ Լիբանան, իր հետ տանելով Արեւմտեան կիսագունդի մտածողութիւնն ու աշխարհահայեացքը։ «Խառն ապրումներով փորձառութիւն մը՝ իր դրական ու ժխտական երեսներով, սակայն շատ աւելի հասուն ու հարցադրող կերպար մը կը տեսնենք այստեղ», հաստատեց դասախօսը։

Էթիեմեզեանի պատմուածքներէն ճաշակ մը տալու համար, դասախօսը խնդրեց Սեւակ Աֆարեանէն, որ ընթերցէ հեղինակին պատմուածքներէն «Սէր»ը, որ լոյս տեսած է «Բագին»ի մէջ, օգոստոս 1980ին։ Պատմուածքը կը յատկանշուի անանուն տիպարներով եւ սեռային յարաբերութեան մը նկարագրութեամբ, առանց սակայն դոյզն գռեհկութեան նշոյլի։
Դադարէն ետք, Պէրպէրեան կեդրոնացաւ Էթիեմեզեանի գրականագիտական խորքով էջերուն։ Ան յայտնեց, որ յօդուածներու եւ գրախօսականներու ճամբով, հեղինակը անդրադարձած է դասական հեղինակներու, ինչպիսիք են Հրաչեայ Աճառեան, Յ. Ճ. Սիրունի, Մկրտիչ Արմէն, Յակոբ Մնձուրի, Վազգէն Շուշանեան, Յարութ Կոստանդեան, Մուշեղ Գալշոյեան եւ Հրանդ Մաթեւոսեան: Միւս կողմէ՝ ան ներկայացուցած է աւելի երիտասարդ, ժամանակակից կամ «դժուար» հեղինակներ,- Զարեհ Որբունի, Կարօ Արմենեան, Վահէ Օշական եւ Գրիգոր Պըլտեան:
Գալով իմացական մարզին, այնտեղ ուշագրաւ են Էթիեմեզեանի «Մշակոյթի արմատներուն ընդմէջէն» ընդհանուր խորագրին տակ խմբուած տասնչորս յօդուածները, որոնց վերնագրերէն իսկ կարելի է գաղափար մը կազմել արծարծուած նիւթերու տարողութեան մասին. «Մեղքի պարտէզէն մեկնելով», «Լռութիւն եւ լեզու» (երկու մասով), «Վրէժխնդրութիւն եւ յիշողութիւն», «Ժամանակ եւ բարոյականութիւն», «Սեռային ազատութիւն», «Տրոկի գործածութիւն» եւ մանաւանդ՝ «Ինչո՞ւ կարեւոր է մշակոյթի արմատներուն ընդմէջէն դիտել հարցերը» գրութիւնը։ Դասախօսը յայտնեց, որ այս կարգի գրութիւններուն մէջ ընթերցողը կը հանդիպի 60-70 միջազգային համբաւ վաստակած անուններու (Փիրանտելլօ, Քամիւ, Եունկ եւ այլք), որոնցմէ մէջբերումներով Էթիեմեզեան կը փաստարկէ ընկերային եւ քաղաքական հարցերը մշակութային ոսպնեակէ մը դիտելու անհրաժեշտութիւնը։ Ահաւասիկ այդ յօդուածաշարքէն հատուած մը.
Եւ ի՞նչ է գիտութիւնը / Առնել այդ այլը առարկայականօրէն, առանց բարդոյթի, առանց վախի, առանց մտալլկումի, բոլորովին բաց կերպով: Սերտել չէ՞ այլ մը, ըլլայ ան մարդ, կենդանի, բոյս կամ առարկայ, ինքն իր մէջ, առանց անձնականացումի, առանց արտաձգումի: / Եւ ի՞նչ է հանդուրժողութիւնը … / Եթէ ոչ կարենալ ապրիլ այս բացութեան մէջ, ընդունելով տարբերութիւնները, ըմբռնելով զանոնք իրենց փոփոխումին մէջ իսկ: / Եւ ի՞նչ է կրօնը … / Եթէ ոչ նուիրականացումը սիրոյ եւ հանդուրժողութեան, առանց դառնալու տոկմա, հաստատութիւն, անփոփոխ իրականութիւն, եւ քաղաքակրթութիւնն ու գիտութիւնը ըմբռնել այս ձեւով: / Եւ ի՞նչ է ընկերվարութիւնը … / Եթէ ոչ այս ամբողջին պսակը: / Եւ ի՞նչ է մշակոյթը … / Եթէ ոչ այս բոլորին ամբողջական արտայայտութիւնը:
Դասապահի աշխատանոցային բաժնին մէջ, ուսանողները խմբովին կարդացին Էթիեմեզեանէն կարգ մը մտքեր, եւ զանոնք բացատրեցին իրենց բառապաշարով։ Այնուհետեւ, Պէրպէրեան ուսանողներուն ընթերցեց Հրանդ Մաթեւոսեանի գրականութեան մասին հեղինակին «Քաղաքացին՝ Մուշեղ Գալշոյեանի մէջ» յօդուածէն հատուած մը, ուր երեւան կու գայ Էթիեմեզեանի գրախօսականներուն եզակի ոճը։ Այդպիսով ալ աւարտեցաւ դասապահը։
