ԼՇՀ դասընթացքի դասախօսական կազմի մնայուն անդամներէն է գրականագէտ եւ թարգմանիչ Րաֆֆի Աճէմեանը, որ այս եռամսեակին ստանձնած էր 22 նոյեմբեր 2025ի դասապահը, եւ դասախօսութեան նիւթ ընտրած վերի խորագիրը, որ կը ծաւալի ըստ Գրիգոր Պըլտեանի Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ (1988, 2014) խիստ կարեւոր աշխատասիրութեան հիմնական թէզերուն։ Անմիջապէս յայտնենք, որ նկատի ունենալով նիւթին տարողութիւնը, ստորեւ տրուած համառօտագրութիւնը կու տայ Աճէմեանի դասախօսութեան գլխաւոր բաժինները միայն։ Անոնք, որ կը փափագին ամբողջութիւնը լսել, կրնան դասախօսութեան տեսագրութիւնը դիտել հետեւելով այս կապին՝ Աղէտ եւ Գրականութիւն։
Որպէս նախաբան իր խօսքին, Աճէմեան նշեց, որ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւնն ու արուեստը իրենց ընդհանրական գիծերով իրմէ առաջ նիւթ դարձած են ԼՇՀ դասընթացքին (տե՛ս բանաստեղծին մասին 28 սեպտեմբեր 2024ի Յարութիւն Պէրպէրեանի դասախօսութեան զեկոյցը). ուստի, ըսաւ Աճէմեան, ինք պիտի կեդրոնանայ Վարուժանի գործին լոկ մէկ երեսին վրայ, որ կը պեղէ Աղէտին (իմա՛ Եղեռն) եւ գրականութեան առնչութիւնները, զանոնք լսարանին տալով սահիկներու ընկերակցութեամբ։

Դասախօսը իր նիւթին մէջ մտաւ պաստառին վրայ ցուցադրելով Վարուժանի դիմաստուերին սեւով քօղարկուած սահիկը, ակնարկութիւն՝ Վարուժանի ապրիլ-օգոստոս 1915 ամիսներուն՝ նախ Պոլսոյ ապա Չանղըրիի մէջ բանտարկութեան եւ 26 օգոստոս 1915ին նահատակութեան։ Աճէմեան բացատրեց, որ ուզած էր իր դասախօսութիւնը սկսիլ այդ կէտէն, որովհետեւ այնտեղ կը հանդիպինք շշմեցուցիչ՝ գրեթէ առեղծուածային փաստի մը։ Մէջբերելով Պըլտեանի հատորէն, Աճէմեան ընթերցեց հետեւեալը.
Իր բանտի ընկերները կը պատմեն, որ Չանղըրիի աքսորի օրերուն (Յունիս-Օգոստոս 1915) Վարուժան կը շարունակէր գրել, նոյնիսկ վեցերորդ տետրակ մը սկսեր էր լեցնել, կը պատմէ Արամ Անտոնեան [1879-1952], մշակականի ոճով, որ միւս աքսորականը՝ Միքայէլ Շամտանճեան [1874-1926] կը հաստատէ իր վերյիշումներուն մէջ, ան՝ որ գուցէ վերջիններէն է «նոր գրած մշակական» մէկ քանի հնչեակները» լսող։ (Կրակէ շրջանակը, 14)
Դասախօսը հարց տուաւ՝ ինչպիսի՞ հոգեվիճակով բանտին մէջ կը գրէր Վարուժան, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ բանաստեղծութիւն յօրինելը կը պայմանադրէ որոշակի մտային անդորրութիւն։ Այս տարօրինակութեան մէջ է, որ կը տեսնենք Աղէտին ու Գրականութեան խաչաձեւումը։ Նախքան այս մասին անդրադառնալը, , Աճէմեան տուաւ Վարուժանի կենսագրականէն կարեւոր թուականներ, կանգ առնելով բանաստեղծին հրատարակած երեք հատորներուն՝ Սարսուռներուն (1906), Ցեղին սիրտըին (1909) եւ Հեթանոս երգերուն (1912) վրայ (Հացին երգը լոյս տեսած է յետ մահու, 1921ին)։ Այդ ընթացքին, դասախօսը պահիկ մը կանգ առաւ Ցեղին սիրտըէն հետեւեալ չորս վերնագրերուն վրայ՝ «Հօրս բանտին մէջ», «Հայրենիքի ոգին», «Անիի աւերակներուն մէջ» եւ «Կիլիկեան մոխիրներուն»։ Անդրադառնալով այս վերջին բանաստեղծութեան, Աճէմեան մէջբերում մը կատարեց 1909ի մայիսին «Ազդակ» շաբաթաթերթին Վարուժանի ուղարկած նամակէն.
Համիտին փորասողուկ թաւալումը ինծի այնքան ուրախութիւն չպատճառեց՝ որքան Կիլիկիայի ջարդը ճմլեց աղիքներս։ Ցեղին հոգին կու լայ մէջս, հրդեհուած քաղաքներէն եկող ամէն լուր՝ տաք մոխիրի նման կը թափի գլուխիս եւ սրտիս վրայ։ Հինգ դարեր պէտք եղան՝ որպէս զի Թուրքերէն մաս մը քաղաքակրթուէր, եւրոպականանար, ինչպէս փտած կաթսաները կը կլայեկուին. ո՜վ գիտէ դեռ ո՜րչափ հինգ դարեր պէտք են եւ ո՜րչափ հայու արիւն՝ միւս մեծագոյն մասին համար։ Երիտասարդ Թուրքերը չեն դադրի Եւրոպայի հասկցնելէ թէ Թուրքը ի բնէ բարի ժողովուրդ է, թէ տաք Հայերու անխոհեմութիւնն է աղէտին սկզբնապատճառը (ընդգծումը Ր.Ա.ի).- ոճի՜ր,- եղած՝ Եւրոպայի հայանպաստ կարծիքին դէմ հակազդելու համար, կարծիք մը՝ որ արդէն առանց ատոր ալ պոռնկացած է։ (Կրակէ շրջանակը, 154)
«Կիլիկեան մոխիրներուն»ը վերջինն էՑեղին սիրտըին մէջ «Բագինին վրայ» ենթախորագրով բաժնի վերջաւորութեան դրուած «աղէտ»ի մասին քերթուածներու շարքի մը. «Ջարդը (1895-1896)», «Դիակի սայլը», «Հայհոյանք» եւ «Կիլիկեան մոխիրներուն»։ Վերջինը, որ գրուած է իբր անդրադարձ 1909ի ապրիլին գործադրուած Ատանայի ջարդին, ըսաւ Աճէմեան, վկայութիւն մը չէ՝ այնպէս ինչպէս օրին կատարած են Սուրէն Պարթեւեան՝ Կիլիկեան արհաւիրքը (1909), Արշակուհի Թէոդիկ՝ Ամիս մը ՚ի Կիլիկիա. կցկտուր նօթեր 37 պատկերներով (1910) եւ Զապէլ Եսայեան՝ Աւերակներուն մէջ (1911) գործերով։ Բանաստեղծութիւնը գրուած է Պելճիքա, ուր կ՚ուսանէր Վարուժան, դէպքերու անմիջական ազդեցութեան տակ. «Լուրերը այնքան գէշ ազդած են վրաս՝ որ կը ցաւիմ Ատանա չգտնուելու համար», կը շարունակէ Վարուժան։ Հարց ուրեմն. կարելի՞ է Վարուժանի Եւրոպա ըլլալու իրողութեամբ բացատրել բանաստեղծութեան մէջ Օտարականին ներկայութիւնը։ Ո՞վ է այդ Օտարականը, ի՞նչ է անոր դերը բանաստեղծութեան մէջ եւ ինչպէ՞ս կ՚առնչուի ան նամակին մէջ յիշուած «աղէտ»ին։ Գալով «Աղէտ»ին, 1915էն առաջ եւ նոյնիսկ անկէ ետք, այդ եզրը համատարած կերպով գործածուած է ժամանակակից մամուլին եւ վկայագրական գործերուն մէջ (տե՛ս Եսայեան)։ «Կիլիկեան մոխիրներուն»ի պարագային, Վարուժան ո՛չ միայն «աղէտ»ը կը փոխարինէ «եղեռն»ով, այլեւ կ՚ահագնացնէ վերջինին ի սպառ ոչնչացնողի յատկանիշը. «Եաթաղանին, բըրոցին, Եղեռնաւոր բոցին տակ,/Ինչ որ հանճարն էր կանգներ, զայն մոխրակոյտը կըլլեց»: «Եղեռն»ը կը կարդանք այլուր եւս՝ օրինակ՝ «Հօրս բանտին մէջ» եւ «Դիւցազնի մը սուրին» բանաստեղծութիւններուն մէջ, միշտ ամբողջական ոչնչացումի իմաստով, իսկ «Ջարդը (1895-1896)»ին մէջ, կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն. «Արեան ծովու մ՚ալիքներէն կը ծփան/Մարդու ահեղ դիակներ,/Դիակ կոյսի, դիակ աստղի եւ վարդի,/Դիակը մեր Ազգին ու մեր Աստըծոյն…» (ընդգծումները մեզմէ) (Վարուժան, Երկեր, 147)։

Ոչնչացում եւ անսեպհականացում
Այս գլուխին տակ, Աճէմեան զուգահեռներ քաշեց «Կիլիկեան մոխիրներուն» եւ «Անիի աւերակներուն մէջ» բանաստեղծութիւններուն միջեւ։ Երկուքին մէջ ալ խնդրոյ առարկայ է ի սպառ ոչնչացումի ընթացքը. «Կիլիկեան մոխիրներուն» մէջ՝ եղեռնական գործողութեամբ, «Անիի աւերակներուն մէջ» անոր արդիւնքով։ Երկու քերթուածներն ալ կը պատկերեն վարէն վեր սլացքի շարժում մը, առաջինին մէջ դէպի բլուրի մը կատարը, երկրորդին՝ պարիսպն ի վեր։ Անիի պարիսպներու բարձունքէն՝ կը տեսնուի «որ փլած պատուարներու, դըղեակի/Ճեղքերուն մէջ կը մեռնի/Շող մ՚արեւու, Անուն մը հին, Ազգ մը մեծ…». աւելի՛ն, հայրենիքի ոչինչը դիտող մարդը չունի խօսք՝ «Չունենալով նոյն ինքն իրե՛ն սեպհական/Հայրենիքի այս Ոչընչին, բոհին դէմ՝/Իբր առաջին սերմընցու/Խօ՜սք մ՚որ ստեղծէ, ներդաշնակէ, պոռթկալով/Փոշիներէն Անիի Քանան մը նո՜ր եւ ազա՜տ»։ (Վարուժան, Երկեր, 105-06)։ Ոչնչացումի հոլովոյթին լծորդուած կը գտնենք սեպհականի կորուստին գաղափարը։ Վարուժանի «սեպհական»ը, նշեց դասախօսը, համազօր է «սեփական»ին, սակայն երկրորդ եզրին մէջ անտեսանելի է առաջինին «սեպ(ու)հական» յատկանիշը (սեպուհ՝ ազնուական, ազատ, ինքնիշխան)։ Երկու քերթուածներն ալ կը պարզեն սեպհական հայրենիքի ոչնչացումը, որով սեփականը կը դադրի գործելէ։ Այս վերջնական կորուստը կ՚արտայայտուի երկու եղանակներով՝ այլասերում եւ ստրկութիւն։ Բանաստեղծութիւններէն բացի, այս մասին Վարուժան կը խօսի ուրիշ առիթներով եւս։ Իր դասընկեր Դերենիկ Ճիզմէճեանին 5 հոկտեմբեր, 1910 թուակիր նամակին մէջ ան կը գրէ. «Մեր հայրենակիցները գռեհկացած են լուծին տակ, ո՛ւր մնաց դասական հայութիւնը. աւերակներու աճիւններուն մէջ փնտռելու է զանոնք» (Նամականի, 187)։ Ֆիզիքական հայրենիքի բնաջնջումէն անդին, Վարուժան ոչնչացում կը տեսնէ նաեւ լեզուին մէջ։ «Ազատամարտ» շաբաթաթերթի 24 ապրիլ 1911ի թիւով տրուած «Հայ լեզուի խնդիրը» հարցախոյզին ի պատասխան, Վարուժան կ՚արծարծէ այն միտքը, որ աշխարհաբարի տարածումը պատճառած է անհետացումի եղանակ մը.
Պոլիսը մաքրելով հանդերձ լեզուն գրաբարի մեր յիշած ձեւերէն՝ զայն խաթարեց ֆրանսաբանութիւններով, կլայեկելով հայ գիրը ֆրանսական գրականութեան մենէն սինլքոր վէպերու եւ ֆանթէզիներու ազդեցութեամբ։ Լեզուն սկսաւ օտարանալ եւ ստրկանալ կարգ մը գրիչներու տակ […] Այն լեզուն որ իր ծոցէն հեռու կը սաղմնաւորէր, անշուշտ պիտի չկրնար արտայայտել այն մեծ իտէալները, այն վսեմ պատկերներու դիւցազներգութիւնները, որոնք իր մարդուն եւ իր հողին կը պատկանին։ Այդ լեզուն իսկապէս չունեցաւ ժողովուրդի մը մեծ սրտին տիեզերական բաբախիւնները…

Այնուհետեւ Աճէմեան կատարեց «Կիլիկեան մոխիրներուն» բանաստեղծութեան զննական ընթերցում մը։ Դասախօսը նշեց, որ Վարուժան այստեղ հեռու կը մնայ հռետորականութենէ, այնպէս ինչպէս, օրինակ, Սիամանթոյի Կարմիր լուրեր բարեկամէս (1909) գործին սրտառուչ ոճը։ Փոխան վերացական եւ ընդհանրականացած պատկերումի, ըսաւ Աճէմեան, հոս կը տեսնենք որոշակի եւ մասնաւորացած մօտեցում, ինչպէս եւ ներկայացումի մտահոգութիւն եւ բեմականացում։ Ո՞վ խօսողը, որ կը հրաւիրէ Օտարականը բարձրանալ «սա դիմացի լերան վրայ»,- բանաստեղծը ինքը՛. իսկ ո՞վ է Օտարականը, եթէ ոչ գաղութարար եւրոպացին։ Բանաստեղծութիւնը ունի երկխօսական կառոյց. կայ խօսող մը՝ «ես», եւ լսող մը՝ «Օտարականը»։ Խօսելու համար անոր հետ, «ես»ը պիտի գործածէ անոր լեզուն, որովհետեւ ան հայերէնին չի տիրապետեր. սակայն բանաստեղծութիւնը մեզի կու գայ հայերէնով,- թարգմանաբա՞ր ուրեմն։ Հոս կը կրկին տեսնուի լեզուին կորուստը։ Խօսողն ու Օտարականը կը գտնուին լերան մը ստորոտը, զերծ աւելի վարի հրկիզումէն։ Սակայն իրենց չորս դին՝ «Կը վառի հողն իսկ, նայէ՛, բորբ հորիզոնը մեր շուրջ/Հըրափողփող պըսակ մ’է` որուն կեդրոնը կանգուն/Մենք կը դողանք սըգաւոր ոգիներու պէս օտար»: Անոնք՝ ինչպէս եւ քերթուածը, կը գտնուին կրակէ շրջանակի մը կեդրոնին, ըսաւ Աճէմեան։ Այստեղէն ալ կը ծնի Եղեռնը սեպհականացնելու խնդիրը։ Երեսնամեակ մը ետք, նոյնը պիտի ըսէր Յակոբ Օշական իր «Վկայութիւն մը» (1946) գործին մէջ, յայտնեց դասախօսը։
Իմ թելադրել ուզած Սփիւռքը սակայն կ՚ընդգրկէ աւելին, քանի մը կարգեր միանգամայն, խնդրական ու անվաւեր բանաձեւով մը՝ քանի մը սերունդ։ Զոր յօրինէին պարզ որքան որակեալ, հանգամանաւոր մարդերը, գրող ինչպէս ընթերցող, գործող որքան արհեստաւոր, թէժ՝ ինչպէս տարիքով ծանրաբեռն ու ինծի պէս կոխուածն ալ։ Որոնք բոլորը, մեր աղէտը ընդունելու, իրենց մտքին պատշաճեցնելու ահաւոր պարտքը կատարէին, իրենք իրենց, միայն ու միայն մտիկ ընելով իրենց խղճմտանքին եւ ոչ թէ ասոր անոր ուզածները առնէին մեկնակէտ, ու մեր այնքան պայծառ, անստուեր (բառը կը գործածեմ փոխաբերական իմաստով) կործանումը չարտաբերէին աս ու ան սուտ աստուածներէն, քանի որ երկու պատերազմներ ու ասոնցմէ առաջ քառորդ մը դար ողջակէզի մեզ դնելու էին առնուազն պարկեշտ։ Վկայութիւն մը, 28. ընդգծումները բնագրէն)
«Վարուժան Կիլիկիոյ մոխիրներուն մէջ կը յայտնաբերէ սեպհական եղեռնը, հայրենիքին Ոչինչն ու բոհը, իբրեւ դէպք, իրողութիւն մը, որ չէ եղած սեպհական։ Սեպհականը անսեպհական է։ Ուստի՝ որոշ չափով եւ շատ որոշ իմասով մը եղեռնը դեռ գալի՛ք մըն է», գրած է Պըլտեան (Կրակէ շրջանակը, 171-72)։

Վերջապէս, սպառիչ եւ համատարած ոչնչացումը, որուն ականատեսն են Խօսողն ու Օտարականը, կը դիմադրէ շրջանակը եզերող ծիրին, կը տարածուի անկէ դուրս դէպ անսահման հորիզոնները։ Քերթուածի աւարտին, ըսաւ Աճէմեան, «բանաստեղծը ուրեմն միակն է, որ Օտարականին հետ կը մնայ կանգուն բարձունքի կատարին, մինչ բոլոր հորիզոնը վերածուած է կրակէ շրջանակի մը»։
Դասապահը աւարտելէ առաջ, Աճէմեան պաստառին վրայ ցուցադրեց Վարուժանի զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռերուն անուններն ու լուսանկարները, որմէ պարզուեցաւ, որ անոնց մէջ բանաստեղծին անունը կը կրեն հինգ յետնորդներ։
