ԼՇՀ դասընթացքի 8 նոյեմբեր 2025ի դասապահը յատկացուած էր ուսանողական աշխատանքներու ներկայացման։ Այդ օր, Մայտա Մանուկեան եւ Ռիթա Պաղտասարեան մեզի խօսեցան երկու շահեկան նիւթերու մասին. առաջինը՝ Սրբուհի Տիւսափի Մայտա վէպին նկատմամբ Յակոբ Պարոնեանի ընդհանրապէս ժխտական դիրքաւորման, իսկ երկրորդը՝ 2025ի ամրան Արեւմտահայաստանի իր ուղեւորութեան մասին։
Մայտա Մանուկեան իր ներկայացումը սկսաւ երկու խոստովանութիւններով։ Ան յայտնեց, որ ԼՇՀ դասընթացքի նախորդ եռամսեակին, «Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ Գ.» դասախօսութեան ընթացքին, Վիգէն Թիւֆէնքճեան յայտնած է, թէ Գրիգոր Զօհրապ խստօրէն քննադատած է Սրբուհի Տիւսափի «Մայտա» վէպը։ Թէ՛ վէպին վերնագիրը եւ թէ՛ Զօհրապի կեցուածքը իր մէջ հետաքրքրութիւն արթնցուցած են կարդալու վէպը եւ ծանօթանալու երկին մասին ժխտական անդրադարձներուն։ Հակառակ այն իրողութեան, որ վէպը գրուած է գրաբարախառն լեզուով, Մանուկեան յայտնեց, որ ինք շատ ախորժեր էր Մայտայի ընթերցումէն։

Որպէս նախաբան իր նիւթին, Մանուկեան տուաւ Տիւսափի կենսագրական գիծերը։ Ան նշեց, որ հայ առաջին կին վիպագիրը ծնած է 1840ին, Վահանեան ընտանիքին մէջ։ Հետեւած է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի տուած հայերէնի մասնաւոր դասերուն, որու գրաբարախառն լեզուի ազդեցութիւնը կ՚երեւի հեղինակին երեք վէպերուն՝ Մայտա (1883), Սիրանոյշ (1884) եւ Արաքսիա կամ վարժուհին (1887) մէջ։ Սրբուհի Վահանեան 1871ին ամուսնացած է երաժիշտ Փոլ Տիւսափի հետ, եւ ունեցած երկու զաւակ՝ Տօրինը եւ Էտկարը, որոնցմէ առաջինին մահը 19 տարեկանին վշտահար դարձուցած են մայրը, որ 1901ին մահացած է քաղցկեղէ։

Ապա Մանուկեան խօսեցաւ Մայտայի (1883) մասին, նախ տալով վէպին տիպարներու նկարագրականը՝ ապա դիպաշարը։ Այնուհետեւ ան մէջբերումներ ըրաւ Յակոբ Պարոնեանի Այտամ թատերական գրութենէն, որ լոյս տեսած է «Լոյս» պարբերաթերթին մէջ, 1883ին։ Մանուկեան նշեց, Պարոնեանի Այտամին տիպարները կը կրեն Տիւսափի վէպին տիպարներուն անունները՝ շրջոած ձեւով, Մայտա-Այտամ, Տիգրան-Գիտրան, Սիրա-Րիսա, Հերիքա-Հիրեքա եւլն.։
Ապա Մանուկեան խօսեցաւ Մայտայի (1883) մասին, նախ տալով վէպին տիպարներու նկարագրականը՝ ապա դիպաշարը։ Այնուհետեւ ան մէջբերումներ ըրաւ Յակոբ Պարոնեանի Այտամ թատերական գրութենէն, որ լոյս տեսած է «Լոյս» պարբերաթերթին մէջ, 1883ին։ Մանուկեան նշեց, Պարոնեանի Այտամին տիպարները կը կրեն Տիւսափի վէպին տիպարներուն անունները՝ շրջոած ձեւով, Մայտա-Այտամ, Տիգրան-Գիտրան, Սիրա-Րիսա, Հերիքա-Հիրեքա եւլն.։

Յաջորդաբար, Մանուկեան մէջբերումներ կատարեց Պարոնեանի Այտամէն. օրինակ՝ ի պատասխան Տիւսափի վէպէն Տիկին Սիրայի հետեւեալ խորհուրդին
ի՞նչ փոյթ քեզ, երբ սիրտ մ’ունիս սիրելու համար, միտք՝ խորհելու, կամք՝ գործելու. ազատ ես, գործէ՛, եւ ով որ ազատ է եւ կը գործէ, կարեկցութեան տեղի չի տար,
Պարոնեանի Րիսան կ՚ըսէ,
շատ գեղեցիկ եւ քաջալերական են այս խօսքերը, նամանաւանդ անոր համար՝ որ յայտնուած ճշմարտութիւն մը կը քարոզեն, թէեւ ըստ իս աւելի յարմար կ՚ըլլար, եթէ նախ գրուէր խորհելու համար միտք, գործելու համար կամք եւ ամենէն ետք սիրելու համար սիրտ, որ դժբախտաբար առաջ դրուած ըլլալով՝ կրնայ Այտամն պղտորել եւ հրաւիրել զայն, որ խորհելէն ու գործելէն առաջ սիրահարութիւն սկսի։
Մանուկեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կարեւորութիւն ունի մտքի, կամքի եւ սրտի շարքը. արդեօք կարելի՞ չէ զանոնք միաժամանակ ի գործ դնել։ Ան նշեց, որ այս եւ նման հարցադրումներ այժմէական կը դարձնեն Տիւսափի վէպին ընթերցումը։ Մանուկեանի սահուն հայերէնով ու գրաւիչ մատուցմամբ տրուած ներկայացման աւարտին, կարծիքներու փոխանակումով ուսանողները առաւել եւս իմաստաւորեցին ներկայացումը։
Օրուան երկրորդ ներկայացումը կատարեց Ռիթա Պաղտասարեան, որ 16-29 օգոստոս 2025ին, 36 ընկերակիցներու հետ մասնակցած էր NAASR (National Association for Armenian Studies and Research) ընկերակցութեան կազմակերպած ՝ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի առաջնորդութեամբ, դէպի պատմական Հայաստան Stones and Stories խորագրուած շրջագայութեան։ Պաղտասարեան յիշեց, որ 2016ին ինք այլ խումբի մը հետ ուխտագնացութեան մը գացած էր Camino di Compostela, եւ թէ այս տարուան իր ուղեւորութիւնը նոյնպէս ուխտագնացութիւն մըն էր։

Սահիկներու ընկերակցութեամբ, Պաղտասարեան ներկայացուց խումբին այցելած վայրերը, իւրաքանչիւրին մասին պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ տալով։

Ստորեւ խումբին այցելած բնակավայրերուն կամ աւերակներուն ցանկը.
- Այնթապ եւ Այնթապի այժմ մզկիթի վերածուած Սբ. Աստուածածին եկեղեցին
- Վագըֆ գիւղը եւ գիւղի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին
- Սիսի բերդը, Ատանայի նահանգ
- Զէյթուն, Մարաշի նահանգ
- Մալաթիա, Մալաթիայի նահանգ եւ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ գործօն է
- Էլազիկ
- Բալուի կամուրջը՝ Մուրատ գետին վրայ, ուր 10,000 հայեր սպաննուեցան
- Բալուի Սբ. Լուսաւորիչ եկեղեցին, եւ Փերի գետը
- Խարբերդի ամրոցը
- Տիգրանակերտ, եւ Սբ. Կիրակոս (գործօն) ու Սբ. Սարգիս եկեղեցիները
- Ուրֆա
- Սասունի Գոմոց վանքը
- Պիթլիս Սբ. Սահակ աւերակ եկեղեցին
- Վանայ լիճի Կտուց կղզին եւ Սբ. Կարապետ եկեղեցի
- Աղթամարի Սբ. Խաչ տաճարը
- Առտէր կղզին
- Վանի բերդը՝ կառուցուած ուրարտական թագաւորութեան ժամանակ
- Բաշկալէ գաւառի Սբ. Բարթողիմիոս եկեղեցի –
- Աղբակի Սբ. Խաչ եկեղեցին
Ահաւասիկ Պաղտասարեանի այցելած վայրերէն մի քանիին լուսանկարները.
Ուսանողները մեծապէս տպաւորուեցան Պաղտասարեանի ներկայացումով, իսկ իրենց տուած հարցումներուն պատասխաններով ստացան յաւելեալ բացատրութիւններ Stones and Stories շրջագայութեան մասին։ Աւելորդ չէ ըսել, որ Պաղտասարեանի ներկայացումը յուզեց բոլոր ներկաները։
