Levon Shant Armenological Course

Levon Shant Armenological CourseLevon Shant Armenological Course

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքը կը միտի համալրել ու զարգացնել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներու արեւմտահայերէնի, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի իմացութիւնը։ Դասընթացքները կը համակարգուին ու կը ղեկավարուին դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի կողմէ։

Նպատակ

Դասընթացքին վախճանական նպատակներն են.

  • տրամադրել ուսանողին միջավայր մը, ուր ան հնարաւորութիւնը կ՚ունենայ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ գործածելու արեւմտահայերէնը իբր շնչող ու իր առօրեան շնչաւորող լեզու։
  • Խորացնել ուսանողին հայկական մշակոյթին եւ գրականութեան գիտելիքները։
  • Զարգացնել եւ կենսունակ դարձնել ուսանողին հայերէնի բառապաշարը զանազան մարզերու մէջ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել 

armenolog.wordpress.com