Բանաստեղծութիւն եւ պատկեր

ԼՇՀ դասընթացքի անցնող հինգ տարիներուն, հիւր դասախօսներ ունեցած ենք գրեթէ ամէն շաբաթ, սակայն երբեք երկու գործակիցներ՝ որոնք դասաւանդեն միասնաբար։ Այդ էր պարագան շաբաթ 15 մարտ 2025ին, երբ մեր հրաւէրով մեզի ներկայացան «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի խմբագիր եւ բանաստեղծ Սոնիա-Սանանը (Քիլէճեան) եւ ճարտարապետ Նուարդ Տալեանը։ Երեք տարի առաջ, անոնք հրատարակած էին իրենց համատեղ ստեղծագործութիւնը՝ առաջինին բանաստեղծութիւններու եւ երկրորդին լուսանկարներու համադրութեամբ Շղարշից անդին խորագրեալ ալպոմը (Երեւան, Ակտուալ Արուեստ 2022)։

Սոնիա-Սանան եւ Նուարդ Տալեան

Դասապահը սկսաւ բանաստեղծութիւններու եւ լուսանկարներու յարակցութեան մասին Սոնիա-Սանանի պատմական տեղեկութիւններու ներկայացումով։ Ան բացատրեց թէ արուեստի այս երկու ճիւղերուն զուգակցութիւնը սկսած է ԺԹ. դարու կէսերուն, երբ լուսանկարչութիւնը կը դառնար ստեղծագործական արտայայտութեան նոր ձեւ մը, եւ որմէ ան թուեց օրինակներ։ 1860ին, անանուն բանաստեղծի մը “Eleanora” բանաստեղծութիւնը կը հրատարակուէր երեք լուսանկարներու ընկերակցութեամբ։ Երեք տարի ետք, սկովտիացի բանաստեղծ եւ վիպագիր Sir Walter Scottի (1771-1832) “The Lady of the Lake” բանաստեղծութեան կողքին կ՚երեւէին սկովտիական բնութենէն լուսանկարներ։ 1920ական թուականներուն, ռուս ապագայապաշտութեան հիմնադիր բանաստեղծ Vladimir Mayakovsky (1893-1930) եւ արուեստագէտ Aleksandr Rodchenko (1891-1956) գործակցաբար կը հրատարակէին կպչարուեստի (collage) գործերու շարք մը։ Քիլէճեան յիշեց նաեւ որ անկէ քսան տարի ետք լոյս կը տեսնէր բանաստեղծութիւններու եւ լուսանկարներու յարակցութեամբ հրատարակուած առաջին հատորը, A Group of Interpretations through Photographs (1936), հեղինակ՝ Constance Phillips։ Նոյն տասնամեակին, Ֆրանսայի մէջ հռչակաւոր բանաստեղծ Փօլ Էլիւար (1895-1952) կը հրատարակէր իր Facile բանաստեղծութիւններու հատորը (1935), որուն մէջ տեղ կը գտնէին լուսանկարիչ Man Rayի (Emmanuel Radnitsky, 1890-1976)՝ բանաստեղծին կնոջ Nuschի մերկ լուսանկարները եւս։ Սոնիա-Սանան նշեց, որ արդի ժամանակներուն, լուսանկարչութիւնը ոսպնեակին միջոցաւ տեսարան մը արձանագրելու կողքին, կը միտի ընկերային կամ քաղաքական խորհուրդ մը թելադրել եւս։

Այս նախաբանէն ետք, խօսք առաւ Նուարդ Տալեան։ Ան յիշեց հռոմէացի բանաստեղծ Հորացիոսի (Ք.Ա. 65-8) խօսքը՝ «պատկերը բանաստեղծութիւն է առանց բառերու». ապա ան պատմեց իր եւ Սոնիա-Սանանի հրատարակած Շղարշից անդինի ծննդոցը։ Տալեան յայտնեց, թէ ալպոմի լուսանկարները կու գան 2020ի ամրան զբօսաշրջկական խումբի մը հետ Համշէնի շրջանը իր այցելութենէն։ Ուղեւորութեան ընթացքին, խումբին առաջնորդը իրենց յայտնած է, որ պիտի երթան «դրախտի դարպասը» կոչուող՝ հազարաւոր մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող լիճը տեսնելու։ Երբ հասած են վայրը, մշուշապատ լիճը ներշնչած է զինք իր ոսպնեակին միջոցաւ բռնելու տեսարանի թելադրականութիւնը։ Մոնթրէալ վերադարձէն ետք, ինք առաջարկած է Սոնիա-Սանանին, որ համագործակցաբար ներկայացնեն իրենց գործերը, բան մը՝ որ բանաստեղծը սիրով ընդունած է, տրուած ըլլալով մշուշի մասին բանաստեղծութիւններ գրելու իր վաղեմի փափագը։ Տալեան ընտրած է եօթ լուսանկարներ, որոնց առանցքը վերոյիշեալ լիճին վրայ տարածուող մշուշին շարժումն է՝ աղօտութենէ դէպի թափանցկութիւն, իսկ Սոնիա-Սանան ստեղծագործած է եօթ նոր բանաստեղծութիւններ, որոնց ներշնչումը կու գայ լուսանկարներու շարքէն։

Ալպոմի հրատարակութենէն ետք, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի ինստիտուտին մէջ (տնօրէններ Նազարէթ Կարոյեան եւ Ռուբէն Արեւշատեան) կայացած է անոր ցուցահանդէսը, ուր պատերուն տեղադրուած էին Տալեանի լուսանկարները, իսկ սեղաններու վրայ՝ Սոնիա-Սանանի բանաստեղծութիւնները, զոյգ շարքերն ալ մեծադիր։ Ցուցահանդէսը ապա կրկնուած է Գիւմրիի մէջ։ Տալեան մեր ուսանողներուն ցուցադրեց կարճ տեսերիզ մը, որուն մէջ Ռուբէն Արեւշատեան կ՚անդրադառնար Շղարշից անդին ալպոմին եւ ցուցահանդէսին։ Տեսերիզը դիտելէ ետք, ուսանողները մէկական օրինակ ստացան ալպոմէն։ Տալեան նշեց, որ ալպոմին մէջ բանաստեղծութիւնները տպուած են կիսաթափանցիկ թուղթի վրայ, այդպիսով պարզելու համար անոնց յաջորդող էջերու լուսանկարները։

Յաջորդաբար, Սոնիա-Սանան մեր ուսանողներուն կարդաց իր եօթ կարճ՝ բայց այլապէս խորիմաստ բանաստեղծութիւնները։ Այս ընթերցումին յաջորդեց բանաստեղծութիւններուն մասին հարց-պատասխանի պահ մը, որուն ընթացքին Սոնիա-Սանան ո՛չ միայն բացատրեց անոնց խորհուրդը, այլեւ տուաւ ընդհանրապէս բանաստեղծութեան մասին իր մօտեցումը, որն է՝ գրութիւնը տպագիր էջէն դուրս բերել եւ զայն երկխօսութեան ճամբով կենդանացնել։

Դադարէն ետք, մեր հիւր դասախօսները վարեցին բանաստեղծական տողեր գրելու աշխատանոց մը, որուն համար Տալեան ընտրած էր իր շուրջ քսան լուսանկարները։ Ուսանողները պարտէին իւրաքանչիւրի պարագային արձանագրել բառ մը կամ տող մը, եւ աւելի ուշ՝ անոնցմէ ընտրել իրենց նախասիրածը ու մի քանի բանաստեղծական տողերով արտայայտել լուսանկարէն իրենց ստացած տպաւորութիւնը։ Ահա այդ լուսանկարները.