Ուսանողական աշխատանքներ Բ4-2 եւ բառապաշարի աշխատանոց

ԼՇՀ դասընթացքի շաբաթ 5 ապրիլի դասապահը բանաւոր արտայայտութեան լայն առիթ ընծայեց մեր ուսանողներուն։

Դասին առաջին բաժինը յատկացուած էր երկու ուսանողական աշխատանքներու ներկայացման։ Պետրոս Թեմիզեան եւ Շանթալ Մանուկեան յաջորդաբար հրամցուցին երկու գրական նիւթեր, առաջինը՝ Պօղոս Սնապեանի Աղքատներուն աւանդութիւնը գործէն պատմուածք մը, իսկ երկրորդը՝ իսթանպուլահայ գրականութեան բեղուն գրողներէն մէկը։

Թեմիզեան իր ներկայացումը սկսաւ յայտնելով, որ ինք կեդրոնացած էր Սնապեանի Աղքատներուն աւանդութիւնը եռահատոր գործի երկրորդ հատորէն «Օղակներ» պատմուածքին վրայ։ Ան նշեց, որ պատմուածքը ունի չորս տիպարներ՝ ջութակահար մը, բանաստեղծ մը, ուսուցչուհի մը եւ ոսկերիչ մը, որոնք մանկապատանեկան երգչախումբի մը ելոյթէն ետք, գիւղ կ՚երթան միասնաբար ընթրելու։ Թեմիզեան ընտրած էր ընթրիքի պահուն անոնցմէ երեքին՝ ջութակահարին, ուսուցչուհիին եւ ոսկերիչին մէկզմէկու պատմած զանազան դէպքերը, բացատրելու համար այդ դրուագներուն առթած զգայնութիւնները ընթերցողին մօտ։

Պետրոս Թեմիզեան

Առաջին հերթին, Թեմիզեան ընթերցեց այդ երեք հատուածները , մերթ ընդ մերթ կանգ առնելով եւ ուսանողներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս կամ այն կէտին վրայ, մանաւանդ անոնք՝ որոնք խորապէս տպաւորած էին զինք։ Ապա Թեմիզեան պատմեց, թէ ինչ պարագաներու բերմամբ իր պատանութեան տարիներուն անձնապէս ճանչցած էր «Բագին»ի երկարամեայ խմբագիրը, որմէ դրական յիշատակներ կը պահէ մինչեւ օրս։

Թեմիզեանի ներկայացման յաջորդեց հարց-պատասխանի բաժին մը։ Ուսանողներէն ոմանք փափագեցան տեղեկանալ թէ ի՞նչ էր նշանակութիւնը «Աղքատներուն աւանդութիւնը» վերնագրին։ Այդ մասին կարծիքներու փոխանակման ընթացքին, դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեան յայտնեց, թէ ըստ էութեան, վերնագիրը յարակարծութիւն (paradox) մըն է. «աղքատ» կ՚ենթադրէ չքաւոր մը, իսկ «աւանդութիւն»՝ ուրիշին յանձնելի նուէր մը, խրատ մը կամ շօշափելի գումար մը, եւ այդտեղ ալ կը գտնենք Սնապեանի վերնագրին թելադրած խորհուրդը։

Օրուան երկրորդ ներկայացումը կատարեց Շանթալ Մանուկեան։ Սկսելէ առաջ, ան կարդաց «Ազդակ» օրաթերթի 5 սեպտեմբեր 2016-ի թիւէն Լեւոն Շառոյեանի ստորագրած մէկ յօդուածին առաջին հինգ պարբերութիւնները, զանց առնելով որեւէ յիշատակութիւն որ պիտի բացայայտէր իսթանպուլահայ գրողին ինքնութիւնը։ Ընթերցումէն ետք, ուսանողները պէտք է կռահէին գրողին անունը։ Ի վերջոյ անոնք գտան Մանուկեանի ընտրած անձնաւորութիւնը՝ հրապարակագիր, խմբագիր, վիպագիր եւ թատերագիր Ռոպէր Հատտէճեանը, որ այս տարի կը բոլորէ իր 99 տարիները։

Շանթալ Մանուկեան

Մանուկեան նախ տուաւ Հատտէճեանի կենսագրական տուեալները, ուսման ընթացքը եւ գրականութեան կալուածէն ներս մուտքը, «Բառասխալ» պատմուածքը՝ «Անիւ» ամսագրին մէջ։ Այնուհետեւ, Մանուկեան յիշեց թէ Զարեհ Խրախունիի (1926-2015), Զահրատի (1924-2007) եւ Վարուժան Աճէմեանի (1917-2005) հետ, Հատտէճեան ձեռնարկած է «Մարմարա» թերթին մէջ ցարդ շարունակուող գրական էջերու հրատարակութեան։

27 հոկտեմբեր 1967ին, Ռոպէր Հատտէճեան կը ստանձնէ «Մարմարա»յի խմբագրապետի պաշտօնը։ Այդ օրուընէ սկսեալ, ըսաւ Մանուկեան, ան ծաւալած է լայնածիր գրականութիւն եւ հեղինակն է հրապարակագրական յօդուածներու, վէպերու, թատերախաղերու եւ գրական նշմարներու, մանաւանդ «Յուշատետր» խորագրով «Մարմարա»յի մէջ իր ամենօրեայ սիւնակին, որուն մէջ իր գրութիւնները կը հասնին 10,000ի։ Անոնց մեծամասնութիւնը հրատարակուած է շարք մը հատորներու մէջ։

Ռոպէր Հատտէճեան

Յաջորդաբար, Մանուկեան հակիրճ անդրադարձով մը խօսեցաւ Հատտէճեանի թատերական վաստակին մասին, յիշելով, որ գրողին մօտիկ ընկերներէն էր համբաւ վաստակած բեմադրիչ ու դերասան Պերճ Ֆազլեանը, որ ըստ Հատտէճեանի, «Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ, ան շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իմ վրաս, որպէս թատրոնի սիրահար»։

Իր ներկայացումը աւարտելէ առաջ, Մանուկեան մէջբերում մը ըրաւ Հատտէճեանէն, ուր ան կը նկարագրէ ծովին հանդէպ իր տածած սէրը. ապա ան ուսանողներուն ցրուեց Յուշատետր շարքէն հեղինակին Մեսրոպ Մաշտոցին ուղղուած ներբողական գրութիւնը, որուն մեր ուսանողները ծանօթացան Ալին Շողեր Մարգարեանի բարձրաձայն ընթերցումով։

Դադարէն ետք, Թիւֆէնքճեան վարեց բառապաշարի աշխատանոց մը։ Ուսանողներէն իւրաքանչիւրը պարտէր միւսներուն՝ իրար ետեւէ ներկայացնել մեր դասերու ընթացքին իր հանդիպած բառերէն մի քանին։ Այդ բառերը պէտք է լրացնէին հետեւեալ երեք պայմաններէն մէկը կամ միւսը. ա) բոլորովին անծանօթ բառ մը, բ) ծանօթ՝ բայց քիչ գործածուող բառ մը, գ) մտածում մը կամ գաղափար մը գեղեցկօրէն արտայայտող բառ մը։ Ուսանողները շաբաթէ-շաբաթ իրենց մօտ արձանագրած բառերէն ընտրեցին ամենէն դժուարիմացները, եւ անոնց իմաստի փնտռտուքը կամ բացատրութիւնը յառաջացուց խանդավառ երկխօսութեան պահ մը։

Այսպիսով վերջ գտաւ բանաւոր արտայայտութեան բարելաւման այս դասը։