Շաբաթ, 1 մարտ 2025ին, ԼՇՀ դասընթացքի ուսանողներէն Մայտա Մանուկեան ներկայացուց ընթացիկ եռամսեակի իր ուսանողական աշխատանքը։ Մայտան հեղինակ է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու, ուստի բնաւ զարմանալի չէր, որ ան իբր ուսանողական աշխատանք բանաստեղծութիւն մը ընտրած էր։ Այս պարագային, ան կանգ առած էր քիչ ընթերցուած եւ նոյնքան ալ քիչ հասկցուած բանաստեղծի մը, Ինտրայի (Տիրան Չրաքեան, 1875-1921) «Ցնորք» բանաստեղծութեան վրայ։

Մանուկեան իր ներկայացումը սկսաւ նշելով, որ «Ցնորք»ը հնչեակ մըն է։ Բանաստեղծութեան այս ձեւաչափը, բացատրեց ան, անպայման կ՚ունենայ տասնչորս տողեր՝ բաժնուած երկուքի. սկիզբը երկու քառատող տուներ, որոնց կը հետեւին երկու այլ եռատող տուներ։ Հնչեակին իւրաքանչիւր տողը կրնայ ունենալ 7 + 5 վանկեր. Մանուկեան տուաւ օրինակը «Ցնորք»ի առաջին տողին՝ «Նը-ման ոգ-եաց որ կու-գան յա-ծիլ տրտ-մա-պէս»։ Հնչեակի առաջին ութը տողերը ընդհանրապէս կը խօսին նիւթի մը կամ իրավիճակի մը մասին, իսկ երկրորդ բաժնի վեց տողերը՝ ընթերցողին կը պարզեն բանաստեղծին տեսակէտը տուեալ խնդրին մասին։
Նախքան բանաստեղծութեան խորհուրդին թափանցելը, Մանուկեան տուաւ Ինտրայի հակիրճ կենսագրականը եւ անոր վերիվայրումներով լի հանգրուանները։ Ապա ան յայտնեց, թէ «Ցնորք»ը լոյս տեսած է Ինտրայի Նոճաստան հատորին մէջ (1908), որուն քառասուն բանաստեղծութիւններուն մէջ Ինտրա կ՚արծարծէ այն թեմաները, որոնք ան նախապէս զարգացուցած էր իր Ներաշխարհ (1906) երկին մէջ։ Երկու գործերն ալ ունին ներհայեցողական (introspective) բնոյթ, որ Ինտրայի նախասիրած ստեղծագործական ոլորտն է։

Յաջորդաբար, Մանուկեան անցաւ «Ցնորք»ի խորհուրդի պեղումին։ Բանաստեղծութեան տողերը մի առ կարդալով, ան քակեց անոնց խրթին թելադրանքները եւ զանոնք մատչելի դարձուց ուսանողներուն։ Հոն երեւցող նոճին,- երկնասլաց, մշտադալար ծառը,- խորհրդանիշ է յաւերժութեան, գեղեցկութեան, երկրային վաղանցուկ երեւոյթներէն գերիվեր իտէալական աշխարհի մը, ուր «մինչ ամէն բան կը հծծէ թէ կը քայքայի՜ | Անոնք, դալար ոյժ ու շնո՜րհ՝ ամբարձած երկրէս | Գեղն են որ չի ճանչնար մահն ու՝ Անդրին կը նայի»։ Սակայն այդ յաւերժութեան ի տես՝ բանաստեղծը կը յիշէ, թէ «գեղեցկին լոկ բաժինն է կեանք անսահման», եւ կ՚անդրադառնայ, թէ մահկանացու է ինք. «Այդ վեհաւարտ նոճերէն ի՜նչ օգուտ հոգւոյդ. | Ո՞չ ապաքէն որս մ՚ես դուն անսըխա՜լ ջնջման»։ Սակաւ են այն բանաստեղծները, որոնք մարդկային կեանքը կը դիտեն բնազանցական ոսպնեակով մը, այնպէս ինչպէս կ՚ընէ Ինտրա։
Դասին երկրորդ մասով, ուսանողները լծուեցան Վիգէն Թիւֆէնքճեանի ղեկավարութեամբ վիճաբանական ասուլիսի մը, որու նիւթն էր «Միշտ չէ, որ մանուկներու համար գրուած հեքիաթները նպատակայարմար են»։ Թիւֆէնքճեան ուսանողները բաժնեց թեր եւ դէմ տեսակէտ պաշտպանող խումբերու, ապա անոնց յատկացուց ասուլիսի նախապատրաստական պահ մը, որու ընթացքին երկու խումբերը ամփոփեցին իրենց անդամներուն միտքերը եւ զանոնք կարգաւորեցին ըստ այդ կէտերու տրամաբանութեան ուժեղականութեան. յորմեհետէ, խումբերու անդամները մէկ առ մէկ դիմացի խումբին ներկայացուցին իրենց վիճարկումները։ Տեսակէտներու փոխանակումներէն ի յայտ եկաւ, որ հայերէնով գրուած հեքիաթները իրենց զարգացումով կը տարբերին ոչ-հայերէնով գրուածներէն։ Առաջինները յաճախ գրուած են ոչ-անպայման մանուկներու համար («Կաթիլ մը մեղր») եւ երբեմն ունին երգիծական բնոյթ («Սուտլիկ որսկանը»), վերջինները կը պարզեն չարակամ տիպարներ («Ձիւնաթոյրը» կամ «Մոխրիկը»։ Յամենայն դէպս, էականը այս պարագային անպայման այդ եզրակացութեան յանգիլը չէր, այլ մտքերու բանաւոր արտայայտութեան վարժանքը։ Ասուլիսը նաեւ պատեհութիւն ստեղծեց, որ ուսանողները ընկերային մթնոլորտի մը մէջ իրար շաղուին։ Այդպիսով ալ աւարտեցաւ այս աշխոյժ դասապահը։