Շաբաթ, 22 փետրուարին, ԼՇՀ դասընթացքի Եզակի հայ գրողներ շարքին աւելցաւ սփիւռքահայ գրականութեան տարաբախտ գրողներէն մէկուն՝ Վազգէն Շուշանեանի (1903-41) անունը։ Այդ օր, դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց Շուշանեանի կեանքն ու գործերը, կեդրոնանալով յատկապէս հեղինակին Ալեկոծ տարիներ եսագրական հատորին վրայ։

Տարաբախտ որակումը հիմնաւորելու համար, Թիւֆէնքճեան նախ պաստառի վրայ ցուցադրեց Անդրանիկ Ծառուկեանէն մէջբերում մը, որ լոյս տեսած է «Նայիրի» պարբերաթերթի անդրանիկ թիւին մէջ (նոյեմբեր 1941), Շուշանեանի մահէն մի քանի ամիս անց.
Դժբա՛խտ այս տղան, որուն ամբողջ կեանքը կռիւ մը եղաւ թշուառութեան մէջ ու թշուառութեան դէմ, աքսորի ճամբաներէն մինչեւ Հալէպի որբանոցները, մինչեւ Հայաստան, Պոլիս եւ Ֆրանսա։ […] Կիսամերկ ու կիսամեռ՝ քալեց անապատներէն, ոտնաբոպիկ ու անօթի՝ ուսերովը ջուր կրեց Հալէպի փողոցներէն, հասուն երիտասարդութիւնը խամրեցուց գործարաններու ծուխին ու մուրին մէջ, ու երբ մեռաւ՝ երեսունըի՛նը տարեկան էր միայն։
Մանրամասնելու համար յիշեալ բնութագրումը, Թիւֆէնքճեան սահիկներով ուսանողներուն ներկայացուց Շուշանեանի կեանքին կարեւոր հանգոյցները. ծնունդն ու անվրդով մանկութիւնը Ռոտոսթօ՝ բարեկեցիկ Շուշանեան ընտանիքին մէջ, ծնողքին, եղբօր ու քրոջ հետ տարագրութիւնը պատանութեան շեմին, լրիւ որբանալը աքսորի ճամբաներուն վրայ, թափառական ու թշուառ պատանութիւնը, 1923ին ի վերջոյ Ֆրանսա հանգրուանիլը եւ այնտեղ ալ իր մահը 1941ին։ Սահիկներու ցուցադրութեան ընթացքին, ուսանողները Շուշանեանէն մէջբերումներ կարդացին իրենց տրամադրուած էջերէն։
Թիւֆէնքճեան յայտնեց, որ թէեւ Շուշանեան վերապրած է 1915ի Ցեղասպանութենէն, սակայն երբ նկատի ունենանք Եղեռնի կնիքը իր կեանքին վրայ, զինք անպայման պէտք է համարենք զոհ մը հայ ժողովուրդին հասցուած Մեծ աղէտին։ Յատկանշական է, ըսաւ Թիւֆէնքճեան, որ իր գործերուն մէջ Շուշանեան չ՚անդրադառնար իր ապրած արհաւիրքին, հետեւեալ տրամաբանութեամբ.
Անբուժելի ու խորունկ վէրքերը կը նախընտրեն լռութիւնը, որ մեծվայելուչ ու լուրջ է: Մեծ վշտերը լեզու չունին: Նոյնիսկ ոսկեբարբառ բանը երբեմն սրբապղծութիւն կը թուի: Այս վերջին տարիներուն` հոգեկան խուլ տառապանքներէ, ներքին փոթորիկներէ ու յուսաբեկութեան նոպաներէ վերջ, շրթներուս վրայ նախադասութեան մը մոխիրը մնաց: Չորս մեռել ունիմ ուսերուս վրայ, կ՚ըսէի մինակս, մէկն եմ որ օրուան մէկ ժամուն կրնայ այդ տաժանելի բեռը զգալ:
Ալեկոծ տարիներ 50-51

Իր կրած կտտանքները Շուշանեանը կ՚առաջնորդեն դէպի «յեղափոխութեան լոյսէ գօտին»։ «Վասն պատրանաթափ մանկութեանց եւ մնայուն աղքատութեան» գրութեան մէջ, Շուշանեան կ՚ըսէ, «Արիւնս դեռ կանուխէն կը խայտար յեղափոխական ալիքներով ու ապստամբութիւնը պաշտօնական ստրկութեանց դէմ առաջին ուրախութիւնս էր։ Մարմինս բնակարան շինեցի ընդվզումի, ապստամբութեան ու արդար բարկութեանց ու ան այժմ կ՚որոտայ» (8)։ Այս շրջարկին մէջ, Թիւֆէնքճեան նշեց 1923ին Շուշանեանի անդամակցութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այդ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի մէջ իր պաշտօնավարութիւնը իբր փոխ-խմբագիր, եւ իր ու գաղափարակից ընկերներուն (Լեւոն Մոզեան, Մկրտիչ Երիցանց, Մեսրոպ Գույումճեան եւ Աբօ Աբոյեան) այլախոհական դիրքորոշումին հետեւանքով արտաքսումը ՀՅԴի շարքերէն։ Խմբակը կը հիմնէ «Մարտկոց» օրաթերթը, որուն խմբագրութեան մաս կը կազմէ Շուշանեան. սակայն երկու տարի ետք, երբ գրողը կ՚անդրադառնայ թէ համայնավար Հայաստանի իշխանութիւնը զիրենք գործիքաւորած է ՀՅԴի դէմ, ան կը լքէ մարտկոցական շարժումը։
1920ական տարիներուն, Շուշանեան կ՚ուսանի ֆրանսական երկրագործական եւ կաթնարդիւնաբերութեան կրթական հաստատութիւններու մէջ, իսկ 1927-30 կը հետեւի Սորպոն համալսարանի Ընկերային բարձրագոյն ուսմանց դասընթացքներու: Նոյն տասնամեակին, ան բանուոր կ՚ըլլայ Ռընոյի ինքնաշարժերու եւ Մոնրուժի մետաղագործութեան գործարաններուն մէջ:
Մարտկոցական շարժումը լքելէ ետք, Շուշանեան բոլորովին կը քաշուի հայ ազգային-հասարակական կեանքէն։ 1933-39 զինք կը գտնենք նախ՝ Նըմուր, ապա Ռուէն, ուր տեղւոյն École primaire superieure de Nemours գիշերօթիկ վարժարանին մէջ կը ստանձնէ փոխ-տնօրէնի եւ ընդհանուր հսկիչի պաշտօնները։ 1940-ին, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, վարժարանը կը փակուի եւ Շուշանեան կը վերադառնայ Փարիզ։ Տարիներէ ի վեր իր թոքերը հիւծող ցնցղատապը (bornchitis) ի վերջոյ կը զգետնէ զինք, 2 յունիս 1941ին։

Իր կենդանութեան, Շուշանեան հրատարակած է չորս հատորներ, Սիրոյ եւ արկածի տղաքը (1926),Գարնանային. սիրոյ հեզ նամակներ (1927), Օրերը գեղեցիկ չեն (1929) եւ Ամրան գիշերներ. Երիտասարդ անոք մարդու մը թղթերէն (1930)։ Այս գործերը յետ մահու արժանացած են բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու։ Ինչ կը վերաբերի իր անտիպ գործերուն, Շուշանեան անոնց ձեռագիրները ուղարկած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան։ Ի վերջոյ, այդ ձեռագիրները հասած են Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը (ԳԱԹ), ուր եւ կը գտնուին ցարդ։ 1950-2020 տարիներուն, այդ ձեռագիրները լոյս տեսած են կա՛մ առանձին հատորներով, կա՛մ պարբերաթերթերու մէջ։
Ահաւասիկ գրողին հատորով հրատարակուած գործերու ցանկը.
- Սիրոյ եւ արկածի տղաքը (1926, 1951, 1957, 1986, 2012, 2019)
- Գարնանային. սիրոյ հեզ նամակներ (1927, 1956, 2016)
- Օրերը գեղեցիկ չեն (1929, 1951)
- Ամրան գիշերներ. երիտասարդ անոք մարդու մը թղթերէն (1930, 1952)
- Մահուան առագաստը (1952, [եւ] Առաջին սէրը 1959)
- Մթին պատանութիւն (1956)
- Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզ (1958)
- Ճերմակ Վարսենիկ (1960, 1983)
- Երկիր հիշատակաց (1966) [Գարնանային սիրոյ հին (՞) նամակներ, Ամրան գիշերներ եւ Երկիր յիշատակաց]
- Բանաստեղծը եւ կինը (1982)
- Երկու վիպակ (1983) [Ճերմակ Վարսենիկ եւ Մթին պատանութիւն]
- Ներքին դաշտանկար (1995)
- Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը (1998)
- Յեղափոխութեան լոյսէ գօտին (1998)
- Օրագիր (1999)
- Քրոնիկոն քնարական (2000)
- Խառնիխուռն (2001)
- Ընտրանի (2010) [Առաջին սէրը, Մահուան առագաստը, Սիրոյ և արկածի տղաքը, Դառն հացը եւ Ճերմակ Վարսենիկ]
- Ալեկոծ տարիներ (2014)
Ինչպէս կ՚երեւի վերի ցանկէն, սփիւռքի մէջ ստեղծագործող գրողներէն ամենէն աւելի փնտռուած հեղինակներէն է Շուշանեան։ Բացի իր ստեղծագործական գրականութենէն, ան նաեւ ձեռնարկած է Անտրէ Ժիտի Les nourritures terrestres գործին հայերէնի թարգմանութեան, որ սակայն մնացած է անաւարտ։
Գաղափար մը տալու համար Շուշանեանի ինքնուս այլ պերճ հայերէնին մասին, Թիւֆէնքճեան ընթերցեց հետեւեալ հատուածը իրմէ.
Որքա՜ն յաճախ մարդ կը նմանի պատի հսկայ ժամացոյցի մը ճօճանակին, որ ահարկու կանոնաւորութեամբ մը աջ ու ձախ կը ճօճի, նո՛յն նեղ տարածութեան մէջ սակայն: Իր հաւասարակշռութիւնը անշուշտ այդ է` մէկ կէտէն միւսը այդ մնայուն տատանումը: Մարդկային մարմինը եւս կարծես ճակատագրական մեքենականութեամբ մը կը ճօճի, տենդահար ու խօլ հաճոյքին ու մաքրութեան, խաղաղութեան զօրեղ ծարաւին միջեւ: Այդ ճօճանակը մերթ կը հպի անաղարտ հոգեկան բարձունքներու, կ՚ելլէ վեր ուժգին զուարթութեամբ մը ու մերթ ալ գլխակորոյս կը մխրճի անկումի անդունդին յատակը:
Ալեկոծ տարիներ 284
Դասապահի երկրորդ բաժնին մէջ, մեկնելով Շուշանեանի գրականութենէն, Թիւֆէնքճեան խօսեցաւ գրողին ներաշխարհին մէջ ուրուագծուող երկփեղկումին մասին, որ անոր պիտի ընկերանար մինչեւ մահ։ Մէկ կողմէ՝ իր կայուն ու խաղաղ մանկութիւնը, միւս կողմէ՝ վերիվայրումներով եւ անորոշութիւններով լի պատանութիւնն ու երիտասարդութիւնը։ Սփիւռք եւ ինքնացում հատորին մէջ, Յարութիւն Քիւրքճեան սապէս կը բանաձեւէ այդ փեռեկը.
Կենսագրական քանի մը մատնանշումները, որոնք կատարուեցան՝ կը բաւեն Շուշանեանի մէջ վերբերելու համար երկհերձումի, երկփեղկումի վիճակը։ Էական այս ճեղքը իր ամբողջ անհատականութիւնն է, որ երկուքի կը կիսէ. եւ այնպիսի ահաւոր կիսումով՝ որ ոչ մէկ ճիգ պիտի յաջողի դարմանել զայն։ Գլխաւոր պատճառը այս երկուութեան, ըսուեցաւ, անցեալէն ներկայ տարբերութիւնը, հակադրութիւնն է, այս աշխարհի ու կեանքի փոփոխութիւնը.
Սփիւռք եւ ինքնացում 31
Այս երկփեղկումը յաղթահարելու մտադրութեամբ, Շուշանեան գրի կ՚առնէ իր էութիւնը թերեւս ամենէն աւելի բացայայտող գործը՝ Ալեկոծ տարիները։ Ինքնակենսագրական այս հատորը, որուն անդրանիկ հրատարակութիւնը 2014ին կատարած է Համազգային Գանատայի Հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարը, ընթերցողին կը պարզէ գրողին՝ իր ներսիդին խորացող երկփեղկումը յաղթահարելու մտադրութիւնը։ Ահա՛ թէ ինչպէս կը բացատրէ Շուշանեան զինք մրճահարող այդ մղումը.
Փաստօրէն առնուազն երկու տարբեր կեանքեր հորիզոնաբար շարունակուած են մէկ մարմնի մէջ, ստիպելով զիս, որ անընդհատ հաշուի առնեմ մէկը եւ միւսը, ծալլուիմ ինքզինքիս վրայ, հարթեմ ներքին դժուարութիւններս ու մարդոց ցոյց տամ որքան կարելի է միակտուր, ամբողջական տրամաբանական էակ մը։
Ալեկոծ տարիներ 185-86

Դասին վերջին բաժնով, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ընթերցեց Ալեկոծ տարիներ հատորէն «Սիրոյ առաջին գիշեր» գլուխը, որուն մէջ ի յայտ կու գայ հեղինակին ներաշխարհին խաթարումը՝ յատկապէս այն պահուն՝ երբ իր տղամարդկային բնազդները եւ ներսիդին եռեւեփող էութիւնը մէկզմէկու կը բախին։

Այդ ընթերցումին յաջորդեց Թիւֆէնքճեանի եւ ուսանողներուն միջեւ հարց-պատասխանի բաժին մը, որուն միջոցաւ վերջինները կարողացան աւելի դիւրութեամբ ըմբռնել այն բարդ, այլ խիստ ուշագրաւ գրողը, որ է Վազգէն Շուշանեան։
Դասապահի աւարտին, դասախօսը ուսանողներուն կարդաց Շուշանեանէն հետեւեալ մէջբերումը, ուր ան կը նկարագրէ իր անհուն սէրը հայերէնի հանդէպ.
Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ։ Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ։ Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ՝ աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը։ Կ՚ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,– քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ։ Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ՝ պատմութեան մէջ։ Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,– հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ:
