Քսաներորդ դարու արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ, յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն 1930ական թուականներուն գրական հրապարակին վրայ երեւցող ֆրանսահայ գրողներու գործերը, որոնք ուսումնասիրութիւններու անսպառ աղբիւր են գրականագէտներու համար։
Շաբաթ 30 նոյեմբեր 2024ին, մեր դասախօսն էր Րաֆֆի Աճէմեան։ Ան զանազան առիթներով քննարկման առարկայ դարձուցած է հայ անհատին ինքնութեան պատկերումը սփիւռքի գրականութեան մէջ։ Այս անգամ, սահիկներու ընկերակցութեամբ, Աճէմեան մեր ուսանողներուն ներկայացուց իր Պատկեր եւ գրականութիւն խորագրեալ դասախօսութիւնը, որու առանցքը կը կազմէին պատկերներու գործածութիւնն ու անոնց նշանակութիւնը Շահան Շահնուրի եւ Զարեհ Որբունիի վէպերուն մէջ։

Աճէմեան դասանիւթը սկսաւ նկարագրելով թուային լուսանկարներու ժամանակաշրջանէն առաջ անոնց պատրաստութեան թեքնիք տուեալները, որոնց կարգին կարեւոր տեղ կը գրաւէ ռըթուշի (վերհպում) գործողութիւնը (երիտասարդ Շահնուրը այդ աշխատանքով զբաղած է Փարիզի մէջ)։ Ապա Աճէմեան նշեց, որ իր դասախօսութեան պատրաստութեան համար առաջնորդուած է Մարկ Նշանեանի Պատկեր պատում պատմութիւն աշխատասիրութեան մէջ Շահնուրի եւ Որբունիի գործերու մեկնաբանութեան համապատասխան բաժիններով։
Նախքան այս երկու հեղինակներու վէպերուն անդրադառնալը, Աճէմեան խօսեցաւ 1930ականներուն Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին շուրջ երեւցած «Մենք» գրական շարժումին մասին։ Այդ անուան տակ ստորագրող տասնհինգ երիտասարդ հեղինակները, Նշան Պէշիկթաշլեան, Ղեւոնդ Մելոյեան, Հրաչ Սարգիսեան, Ռաֆա[յ]էլ Զարդարեան, Յարութիւն Ֆրէնկեան, Ոստանիկ (Յովհաննէսեան), Գ. Գեղարքունի, Նիկողոս Սարաֆեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Փայլակ Միքայէլեան, Արշամ Տատրեան, Զ. Մ. Որբունի, Շահան Շահնուր, Վազգէն Շուշանեան եւ Շաւարշ Նարդունի, յաջորդ տասնամեակներուն իրենց անուրանալի կնիքը պիտի դնէին սփիւռքահայ գրականութեան վրայ։ Աճէմեան բացատրեց, որ անոնք Փարիզ հաստատուած էին իրենց պատանի տարիքին շատ համեստ նիւթական կռուաններով, կ՚աշխատէին այլեւայլ ասպարէզներու մարզերու մէջ, եւ զիրենք զսպանակողը նախորդ սերունդէն զանազանուելու եւ իրենք զիրենք հաստատելու համարձակ տենչն էր։ «Մենք»ի կեանքը կարճատեւ եղաւ. հինգ թիւերու հրատարակութենէն ետք, խմբակի անդամներուն միջեւ ծագած տարակարծութիւնները ի վերջոյ յանգեցան շարժման լուծարման։
Աճէմեան դասին յաջորդ բաժինը սկսաւ Նահանջը առանց երգի վէպին մասին մատենագիտական տեղեկութիւններ ներկայացումով, որմէ ետք ան կեդրոնացաւ վէպին երկրորդ մասին վերլուծման վրայ։ Նահանջին ամենէն երկար բաժինն է այդ մասը, որ կազմուած է հինգ տեսարաններէ. ա) Պետրոս-Փիէռ կը կռուի Լեսքիւռին հետ։ Կռիւին պատճառը Նէնէթն է, որ կը խուսափի Պետրոսէն. բ) Պետրոս Լեսքիւռի յարկաբաժինն է, հոն կը գտնէ պոռնկագրական լուսանկարներու ապակիներ, որոնցմէ երկուքը կը գողնայ. գ) Պետրոս-Փիէռ կը սպառնայ Լեսքիւռը խայտառակել՝ եթէ Նէնէթ իր սենեակը չգայ իսկոյն։ Նենէթ կու գայ եւ կը խոստովանի Լեսքիւռին հետ իր յարաբերութիւնը. դ) Պետրոս գաղտնաբար կ՚այցելէ Նենէթի զաւկին՝ Պիպիին. ե) Պետրոս հայ ընկերներուն հետ է (Boy Cocktail)։ Երեկոյեան ընթացքին, կը յայտնուի գողցուած ապակիէն մեծցուած Նենէթի տպուած լուսանկարը։
Յաջորդաբար, Աճէմեան տուաւ հինգ տեսարանները ընկալելու Մարկ Նշանեանի առաջարկած մակարդակները.

Գործողութեան մակարդակը վէպին դիպաշարն է, որուն կը հետեւին մնացեալ չորս մակարդակները։ Առեղծուածի մակարդակին կը փնտռենք պատասխաններ. ո՞վ է Նենէթը եւ ի՞նչպիսի յարաբերութիւն ունի Լեսքիւռին հետ։ Գաղափարաբանութեան մակարդակին կը կարդանք չափազանցութեան՝ նոյնիսկ անհեթեթութեան հասնող հաստատումներ («բոլոր ֆրանսացի կիները պոռնիկներ են»)։ Յաջորդ մակարդակը վէպը կարդալու մեր ոսպնեակն է. կրնա՞նք զայն կարդալ իբր իրապաշտ նկարագրութիւնը ապրուած կեանքի մը կամ կեանքերու։ Վերջապէս, գրութենական մակարդակով կը հասնինք կէտի մը, ուր նախորդ մակարդակներով մեր ընկալած յղացքները մեզ կը տանին վերլուծութեան։
Յիշեալ թուումէն ետք, Աճէմեան հակիրճ կերպով ներկայացուց անհատի ենթակայականութեան (subjectivity) կազմաւորման գործընթացի մասին ֆրանսացի փիլիսոփայ Ժաք Լագանի (1901-81) տեսութիւնները։ Ըստ Լագանի, անհատին ենթակայականութիւնը կը բաղկանայ երեք ընդելուզուած ու անքակտելի օղակներէ՝ 1. երեւակայական – պատկերակայականը (imaginaire), 2. իրողականը (réel) եւ 3. խորհրդանշականը (symbolique): Նահանջի Պետրոսը պատկերակայական յարաբերութեան մէջ է Նենէթին հետ, որ իր երեւակայութեան մէջ կը գրաւէ «այլ»ին, «օտար»ին դիրքը։ Դարձեալ ըստ Լագանի, պատկերակայականի տիրապետութենէն անկախացումը կարելի կը դառնայ խորհրդանշական օղակով, իսկ այս վերջինին որպէս հիմնաքար Լագան կ՚առաջարկէ «Հօր անուան» օրէնքը (la loi du père), որ կը միջամտէ մանուկին եւ մօր յարաբերութեան մէջ եւ կ՚արգիլէ ներսերնդագործութիւնը (inceste): Աճէմեանի բառերով, եթէ Պետրոսի յարաբերութիւնը «օտարին [Նենէթի] հետ պատկերակայական է միայն, կը նշանակէ թէ Հօր-անուան սկզբունքը չի գործեր, չէ գործած»։
Դասին յաջորդ բաժնին մէջ, որպէս ընթերցումի հիգներորդ մակարդակ, Աճէմեան ընդլայնեց «Հօր-անուան» գործօնի դերակատարութիւնը Նահանջին մէջ։ Ան բացատրեց, որ երբ վէպի երկրորդ մասի աւարտին Նենէթ կը վերադառնայ Պետրոսին՝ ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով անդամահատուած, տղուն համար անոր յարաբերութիւնը կը դադրի պատկերայական (իմա՛ «այլ) ըլլալէ ու Նենէթ կը դառնայ կին։ Անկէ ետք, երբ Պետրոս-Փիէռ կ՚որոշէ Նենէթին եւ Պիպիին հետ ընտանիք կազմել եւ հաստատուիլ գաւառական շրջանի մը մէկ գիւղին մէջ, Պիպի իր մանր չարագործութիւններով շրջակայքի բնակչութեան մօտ դժգոհութիւն կը յառաջացնէ։ «Ամէն օր գանգատներ կը տեղային Փիէռի գլխին, որ սակայն ոչինչ կրնար ընել գիտնալով, որ այս տղան կարգի բերելու միակ միջոցը խստութիւնն է, եւ ինք անկարող է այդ միջոցին դիմելու՝ նկատի առնելով իր բոլորովին օտարի հանգամանքը: Փիէռ կ՚ուզէր, որ միայն Նէնէթը զբաղի իր զաւկով, եւ Նէնէթ անկարող էր, լալու չափ անկարող» (ընդգծումը մեզմէ): Պիպի արդիւնքն է ֆրանսացիներ Նենէթի եւ Կիի յարաբերութեան, մինչդեռ ինք, Պետրոս-Փիէռը, «օտարական է», ըստ Պիպիի հօր։ Այլ խօսքով, ըսաւ Աճէմեան, Պիպի կը սերի նոյնը նոյնին հետ յարաբերութենէ մը։
Նոյնը-նոյնին հետ յարաբերութեան դատապարտելի օրինակի մը կը հանդիպինք Շահնուրի «Պույնուզլըները» պատմուածքին մէջ, ուր Տասնապետ Աւագ եւ իր ընկերները, կը ստիպեն դաշտին մէջ իրենց հանդիպած թուրք քոյր-եղբօր, որ անոնք իրար հետ յարաբերին, այդպիսով յագեցնելու համար իրենց վրիժառութեան բնազդը։ Ներսերնդագործական յարաբերութիւն մըն ալ կը գտնենք Որբունիի Ասֆալթը վէպին մէջ, ուր Մինաս ականատես կ՚ըլլայ իր կնոջ Նիգոլի եւ անոր քրոջ սեռային յարաբերութեան։ Այս երկու օրինակներուն մէջ, դիտողները հայեր են,- Շահնուրի հայ զինուորները եւ Որբունիի Մինասը։ Երկու վէպերուն մէջ կը գտնենք այլ զուգահեռ մը եւս. թէ՛ Նենէթ եւ թէ՛ Նիգոլ յղի կը մեռնին, բան մը՝ որ վէպերու դիպաշարերը կը յանգեցնեն ամլութեան։
Դասին վերջին բաժնով, Աճէմեան ուսանողներուն ներկայացուց հօրենական կերպարի կորուստին պատկերումը Որբունիի Հալածուածները շարքէն Սովորական օր մը վէպին մէջ։ Հոն Ասֆալթին Մինասը, իր կնոջ Նիգոլի մահէն ետք, մէկ օրուան համար Փարիզէն կը վերադառնայ Մարսէյլ։ Կ՚այցելէ իր հօրենական տունը, ուր մայրը իրեն կու տայ հօրը մի քանի լուսանկարները։ Օրին Մինաս անոնցմէ մին վերարտադրած էր խոշոր չափերով, սակայն այժմ կարիքը կը զգայ իր գծագրած նկարը սրբագրելու, որովհետեւ նկարին մէջ հօրը աչքերէն մին պղտոր է։ Հակառակ իր յամառ ճիգերուն, Մինաս չի յաջողիր։ Սրբագրութեան այս աշխատանքին մէջ պէտք է կարդալ հօրենական կերպարը վերականգնելու Մինասի մղումը, որ ի վերջոյ ի դերեւ կ՚ելլէ։ Աճէմեան կարդաց Որբունիի վէպէն այս ձախողութիւնը նկարագրող համապատասխան էջերը։
Վերի համառօտագրութիւնը կու տայ «Պատկեր եւ գրականութիւն» դասախօսութեան կմախքը միայն, որ Աճէմեան հանգամանօրէն ընդլայնեց այդ օր։ Որպէս եզրակացութիւն, ան յայտնեց այն միտքը, Շահնուրի եւ Որբունիի յիշեալ վէպերուն մէջ, «վէպը կը վրիպի սրբագրութեան աշխատանքին մէջ»։