Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ – երեք դիմաստուերներ

Շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2024-ի դասապահը յատկացուցած էինք ձմրան եռամսեակէն յետաձգուած ուսանողական երեք աշխատանքներու ներկայացման։ Այդ օր, Սալբի Մարգարեան, Սեւակ Աֆարեան եւ Նորա Արուշեան՝ յաջորդաբար իրենց դասընկերներուն ներկայացուցին Արայ Կիւլէրի (Կիւլէր այդպէս կը գրէր իր անունը), Ռուբէն Սեւակի եւ Արշիլ Կորքիի մասին իրենց ուսանողական աշխատանքները։

Արա Կիւլէրը (1928-2018) իբր տաղանդաշատ լուսանկարիչ ճանաչում գտած է թէ՛ իր ժամանակաշրջանի սթանպուլահայ շրջանակներուն՝ եւ թէ՛ մանաւանդ անոնցմէ դուրս։ Այս արժանաւոր արուեստագէտը մեր ուսանողներուն ծանօթացնելու համար, Սալբի Մարգարեան նախ տուաւ Կիւլէրի կենսագրական տուեալները, յիշելով որ ան կոչուած է «Սթանպուլի աչքը», գլխաւորաբար այն պատճառով, որ Կիւլէրի ոսպնեակը բռնած է իր քաղաքի ամենօրեայ կեանքէն տեսարաններ ու անցուդարձեր։ Մարգարեան բացատրեց, որ Կիւլէր կը փափաքէր ֆիլմերու դիպաշարի հեղինակ ըլլալ, բայց ի վերջոյ իբր ասպարէզ ընտրած է լուսանկարչական լրագրութիւնը։ Ապա Մարգարեան YouTube հարթակին վրայ տեսարաններ ցուցադրեց Ara Güler: The Eye of Istanbul վաւերագրական ֆիլմէն (2016), որոնց մէջ կ՚երեւէին Կիւլէրի ոսպնեակով դիտուած միջազգային արուեստագէտներու՝ Փիգասոյի, Տալիի, Գալլասի, Հիչքոքի եւ Սոֆիա Լորէնի լուսանկարները։

Թէեւ Կիւլէր ընդհանրապէս համբաւ վաստակած է իր լուսանկարներով, սակայն ան նաեւ հեղինակ է շարք մը պատմուածքներու, որոնք ի մի բերուած են Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք հատորին մէջ (Արաս հրատարակչատուն, 1995. Բ. հրատ.՝ հայերէնով, անգլերէնով եւ թրքերէնով, 2018-ին)։ Ահա այդ շարքէն Սալբի Մարգարեան ներկայացուց «Ագռաւին վերադարձը» պատմուածքը («Սան», Դ. տարի, թիւ 47-48, դեկտ. 1951 – յուն. 1952):

Սալբի Մարգարեան

Պատմուածքին դիպաշարի ամփոփումը կատարելէ ետք, Մարգարեան նշեց, որ հոն ի յայտ կու գայ մարդիկը, իրերն ու եղելութիւնները լուսանկարչային ոսպնեակով դիտելու Կիւլէրի ոճային իւրայատկութիւնը, ինչ որ յաճախ ընթերցողին դիմաց կը դնէ երբեմն գերիրապաշտ, երեւութապէս անհեթեթ տեսարաններ կամ կացութիւններ. այդպիսով պատմուածքը կ՚օժտուի այժմէական երանգով մը։ Ի դէպ, «Ագռաւին վերադարձը» նաեւ ներառնուած է Սեւան Տէյիրմենճեանի խմբագրած Կապոյտ երազ հատորին մէջ, որուն գրեթէ բոլոր լուսանկարներուն հեղինակը Արա Կիւլէրն է (Արաս հրատարակչատուն, Ա. տպագ. 2022, Բ. տպագ. 2023)։

Երկրորդ ներկայացումը կատարողն էր Սեւակ Աֆարեան։ Որպէս ներկայացման նիւթ, ան ընտրած էր Ռուբէն Սեւակը (Չիլինկիրեան, 1885-1915), որ ծանօթ է առաւելաբար իբր բանաստեղծ, սակայն ինք որոշած էր կեդրոնանալ Սեւակի շուրջ երեսուն պատմուածքներուն վրայ։ Անոնցմէ միայն մի քանին լոյս տեսած են հեղինակին կենդանութեան, իսկ մնացեալը մէկտեղուած են Բժիշկին գրքէն փրցուած էջեր վերնագրին տակ, Սեւակի նահատակութենէն տասնամեակ մը ետք։ Նախքան այդ պատմուածքներուն անդրադառանալը, Աֆարեան թուեց Ռուբէն Սեւակի կեանքին առարկայական տուեալները, յիշելով, որ պահպանուած ու ապագային նաեւ հրատարակուած է բանաստեղծին եւ իր կնոջ փոխանակած նամակներու հաւաքածոն։

Սեւակ Աֆարեան

Ըստ Աֆարեանի, Սեւակի պատմուածքներուն յաջողութիւնը կը կայանայ հեղինակին ապրած ժամանակաշրջանի ընկերութեան զանազան երեւոյթներուն ճարտար ներկայացումին մէջ, ընդ որում կը գտնենք այդ օրերու տարածուած հիւանդութիւններն ու յոռի բարքերը։ Այսպէս, «Գինովին աղջիկը» եւ «Տէլիրիում թրեմենս» պատմուածքները կը պատկերեն գինեմոլութեան (alcoholism) եւ լուսնոտութեան (epilepsy) տխուր հետեւանքները, «Կռունկը», «Մեռելի մը նամակը», «Թոքախտաւորը», »Մեռելին նշանտուքը» եւ «Անիծուած գանձը»՝ թոքախտաւորներու կեանքերը, «Ստամոքսին զոհը»՝ որկրամոլութիւնը (gluttony), «Ծարաւ մարդը»՝ ախոնդախոտութեան կամ ախտավախութեան (hypochondria) վիճակը, «Կէս խենթը» «Հարսերուն գաղտնիքը», «Մեղքին տունը» եւ «Մանչերու գերեզմանը» ֆրանկախտը (syphillis), իսկ «Վեցերորդ զգայարանք» արձակ գրութիւնը՝ սեռային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։ Իւրաքանչիւր պատմուածքի պարագային, Աֆարեան հակիրճ կերպով կը ներկայացնէր տիպարներն ու դէպքերը։

Սեւակ եւ իր կինը Եաննի Ապէլ-Սեւակ

Գալով ընկերային յոռի բարքերուն, Աֆարեան յիշեց այսօր տակաւին դիպուկ «Փոխան հարսանիքի» պատմուածքը, որուն աւարտին կը կարդանք հետեւեալ տողերը.

Միայն թէ ազատեցէ՜ք Պսակը միջնադարեան յղփութիւններէն, գերեվաճառութեան յիշատակներէն, անբարոյացուցիչ տեսարաններէն, չտես ցուցադրութիւններէն …։ Այս բոլորը կը ծառայեն միա՛յն ամուսնութիւնը դժուարացնելու, աղքատութիւնը նուաստացնելու, կուսութիւնը կարմրցնելու…։

Փոխանակ հարիւրաւոր հրաւիրեալներու՝ որոնք վա՛ղն իսկ պիտի քննադատեն ձեր հարսնիքին խեղճութիւնը, լաւագոյն է ուրախացնել որբուհի մը՝ որ ամբո՛ղջ կեանքով պիտի օրհնէ ձեզ։

Աֆարեան նաեւ յիշեց «Մեղքին պտուղը» եւ «Այլասերում» գրութիւնները, որոնցմէ առաջինը կը քննադատէ վիժումները, իսկ երկրորդը՝ հայ հասարակութեան իր ազգային ակունքներէն հեռանալու միտումը։

Վերջապէս, նախքան իր ներկայացումը աւարտելը, Աֆարեան հրաւիրեց իր դասընկերներէն Վայք Աճէմեանը, որ կարդաց Սեւակի «Տոքթէօր Քոզմոզ» երգիծական պատմուածքը, որ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ ուսանողներուն մօտ։

Կարգը հասած էր օրուան վերջին ուսանողական աշխատանքին՝ Նորա Արուշեանի պատրաստած Արշիլ Կորքիի դիմաստուերի ներկայացման։

Զինք նախորդող ուսանողներուն նման, Արուշեան եւս իր ներկայացումը սկսաւ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան) կենսագրական նոթերով։ Ինչպէս ծանօթ է, Կորքիի ապրած ողբերգական կեանքը սերտօրէն կ՚առնչուի իր արուեստին։ Այս հանգամանքը անշուշտ ճիշտ է այլ արուեստագէտներու պարագային եւս, սակայն ընդգծելի է Կորքիի պարագային, որովհետեւ արուեստագէտին պաստառներուն մէջ կը գտնենք իր ընդհատուած կեանքի վերիվայրումներուն եւ իր աշխարհընկալման արձագանգը։ Արուշեան յիշեց Կորքիի ծնունդը Վանի շրջանի Խորկոմ գիւղին մէջ, 1915-ին ընտանիքին գաղթը իր ծննդավայրէն դէպի Էջմիածին, թափառական պատանութիւնը Երեւանէն Թիֆլիս ու Աթէնք, մօրը սովամահութիւնը՝ 1919-ին, եւ վերջապէս իր գաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ 1920-ին, վերամիանալու համար տասնամեակ մը առաջ հոն հաստատուած իր հօր։ Այդ տարիներուն է, որ Կորքի ձեւաւորած է իր ինքնութիւնը, ինքզինքին տալով Արշիլ (վրացակա՞ն) անունը եւ Կորքի ռուսական մականունը, յաւակնելով որ ինք մէկ հեռաւոր ազգականն է ռուս գրագէտ Մաքսիմ Կորքիին (անկարելի՝ որովհետեւ «Կորքի» ռուս գրողին ծածկանունն էր)։ Պոսթընի եւ Փրավիտընսի մէջ, Կորքի հետեւած է նկարչութեան դասերու եւ յետոյ դասաւանդած զայն։ Արուշեան նշեց, որ Կորքիի աշակերտ Վիլէմ տէ Քունինկ գրած է, թէ Կորքի դիտելու, տեսնելու յատուկ կարողութիւն մը ունէր, ինչ որ ինք չէ կրցած ձեռք ձգել դասընթացքներու միջոցով իսկ։

Նորա Արուշեան

Յաջորդաբար, Արուշեան ցուցադրեց Աթոմ Էկոյեանի Ararat (2002) ֆիլմէն այն տեսարանը, որուն մէջ չափահաս Կորքին իր աշխատանոցին մէջ կը մտաբերէ մայրը ու կը փորձէ նկարել իր անկրկնելի The Artist and His Mother գործը։ Կորքի այս նկարին վրայ աշխատած է 1926-45 տարիներուն, զայն անաւարտ համարելով։

1940-ին, Կորքի կ՚ամուսնանայ իր ուսանողներէն Ակնէս Մըկրուտըրի (1921-2013) հետ, որուն կու տայ «Մուկուչ» մակդիր անունը։ Անոնց կապէն կը ծնին երկու դուստրեր՝ Մարօն եւ Նաթաշան։ Կորքիի ընտանեկան կեանքը երջանիկ չէ եղած, եւ զոյգը ի վերջոյ բաժնուած է 1945-ին։ Նոյն տարին, շարք մը արկածներ վրդոված նկարիչին փխրուն կեանքը. ինքնաշարժի արկած մը՝ որուն հետեւանքով վնասուած է իր ողնայարը, աշխատանոցին մէջ ծագած հրդեհը՝ որ փճացուցած է իր պաստառները, իսկ ֆիզիքական անհանգստութիւններ եւ ապահարզան վատթարացուցած են իր մտային առողջութիւնը։ Ի վերջոյ, 21 յուլիս 1944-ին, Կորքի անձնասպանութեամբ վերջ տուած է իր տառապակոծ կեանքին։

Արշիլ Կորքի

Արուշեան իր ներկայացումը աւարտեց Կորքիէն երկու մէջբերումներու ընթերցումով.

Մենք կորսնցուցինք մեր գեղեցիկ Հայաստանը, եւ ես պէտք է վերականգնեմ զայն իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ։

Մենք կարճ ժամանակի ընթացքին հարկադրաբար շատ բան տեսանք ու ապրեցանք: Տեսանք թուրքերու ոճրագործութիւնները, կոտորածն ու Եղեռնը, մեր գաղթը, մեր երկրի կործանումը: Ես կը յիշեմ այս բոլորը: Մենք՝ ողջ մնացածներս, չենք կրնար այս բոլորին չհակադարձել հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ:

Երեք ներկայացումներն ալ արժանացան ուսանողներու ծափերուն։