Փորձագրութեան աշխատանոց

Փորձագրութեան աշխատանոց

Ընթացիկ եռամսեակի առաջին դասին առեւտրական ծանուցումներու պատրաստութեան աշխատանոցէն ետք, շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 2024-ին շարունակեցինք ոչ-ստեղծագործական գրականութեան տեսականիի դասաւանդութիւնը, այս անգամ կեդրոնանալով փորձագրական գրութիւններու (essay) ճիւղին վրայ։

Դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեան դասը սկսաւ իր դասարան բերած փորձագրութիւններու հատորներուն կամ գրքոյկներուն օրինակները ցոյց տալով. ինչպէս Խաչիկ Թէօլէօլեանի Սփիւռքի մէջ (1980) յօդուածներու հաւաքածոն, Գրիգոր Պըլտեանի Ինքնութիւն – Սփիւռք (2020) փոքր հատորը, Յարութիւն Քիւրքճեանի Սփիւռք եւ ինքնացում (2022) վերնագրով գիրքը եւ Վազգէն Էթիեմեզեանի Շաբթուան մտածումը (2023) յօդուածներու ժողովածուն։ Թիւֆէնքճեան ապա յայտնեց, որ այդ օր ուսանողները պիտի կատարէին երկու փորձագրութիւններու ընթերցումն ու անոնց կառուցային վերլուծումը. առաջինը՝ Շանթ Եագուպեանի «Ի՞նչ է ժողովրդավարութիւնը» բացատրական յօդուածն էր (1980), իսկ երկրորդը՝ Էթիեմեզեանի «Ժողովրդավարութեան ի խնդիր» ակնարկը (1981): Յօդուածներուն բաղդատական քննարկումը, ըսաւ Թիւֆէնքճեան, պատեհութիւն պիտի տայ ուսանողներուն, որ անոնք տեսնեն թէ ինչպէ՛ս հեղինակները՝ միեւնոյն նիւթին տարբեր երեսները կը ծաւալեն այդ գրութիւններուն մէջ։

Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Ուսանողները ուշադրութեամբ հետեւեցան Եագուպեանի յօդուածին ընթերցման։ Թիւֆէնքճեան մերթ ընդ մերթ կանգ կ՚առնէր դժուարիմաց բառերու պարագային, անոնց սահմանումը տալու ուսանողներուն։ Եագուպեանի յօդուածը կը սկսի հետեւեալ տողերով.

Ժողովրդավարութիւնը մարդու գաղափարական-բարոյական զարգացումով յառաջացած պետական վարչաձեւ մըն է։ Իր սահմանումին մէջ կը պարփակէ մի քանի գաղափարներ։ Գլխաւորներն են. ժողովուրդին իշխանութիւնը, գիտակից ընկերութիւնը, քաղաքացիներու ազատութիւնը եւ իրաւահաւասարութիւնը։

Ինչպէս պարզ կ՚երեւի, այս առաջին պարբերութեան մէջ հեղինակը կը սահմանէ ժողովրդավարութիւնը եւ կու տայ անոր չորս բաղադրիչները։ Թիւֆէնքճեան բացատրեց, որ փորձագրութիւններու գրողները, յօդուածի միտք-բանին կու տան գրութեան սկիզբը, իսկ յաջորդող պարբերութիւններուն մէջ կը քակեն ու կ՚ընդլայնեն առաջին պարբերութեան մէջ տրուած գրութեան կեդրոնական յղացքը։ Այսպէս, իր յօդուածին մէջ Եագուպեան ցոյց կու տայ, որ թէեւ ժողովուրդին իշխանութիւնը կը յուշէ մեծամասնութեան գաղափարը, սակայն յաճախ այդ չէ, որ կը տեսնենք իրենք-զիրենք ժողովրդավար յորջորջող երկիրներու մէջ, նոյնիսկ քաղաքացիներու ազատութեան եւ իրաւահաւասարութեան յարաբերական առկայութեան պարագային։ Ըստ Եագուպեանի, գլխաւոր խոչընդոտը պետութիւններու կառավարութեան մէջ տարածուած դիւանակալական համակարգն է.

ժողովրդավարական վարչաձեւով պետութիւն մը ժամանակի ընթացքին կը պարտաւորուի պաշտօնավարական-գրասենեկային ցանց ու գործելաձեւ մը ունենալ (նաեւ իր գաղտնի ենթաբաժանումներով) – այս երեւոյթը կ՚առաջնորդէ ժողովրդավարութիւնը դէպի «փոքրաթիւներու իշխանութիւն», որովհետեւ ինքնաբերաբար այդ հաւաքականութիւնը պիտի փորձէ երկրի քաղաքական ղեկը իր ձեռքը ունենալ։

Դարձեալ ըստ Եագուպեանի, այս երեւոյթը առաւելաբար կը հակակշռուի գիտակից ընկերութիւններու զարգացումով։ Երբ հասարակութիւնը գիտակից է իր իրաւունքներուն, պարտաւորութիւններուն եւ կարողականութեան, կառավարական համակարգը կը հարկադրուի պատասխանատուութեամբ մօտենալ իր որոշումներու գործադրութեան։

Երկրորդ յօդուածը, Վազգէն Էթիեմեզեանի «Ժողովրդավարութեան ի խնդիր»-ը, կը սկսէր 19 սեպտ. 1981-ին The Economist շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած գրութենէ մը հետեւեալ մէջբերումով. «Ժողովրդավարութիւնը պատեհութիւններու հաւասարութիւն կը պահանջէ, եւ ոչ հաւասարապաշտութիւն մը, որ արժանիքի հանդէպ կոյր է»։ Այս գրութեան մէջ, Էթիեմեզեան կը բացատրէ, թէ ժողովրդավարական՝ բայց եւ միաժամանակ դրամատիրական կարգեր որդեգրած պետութիւններու մէջ, հասարակութեան յատկապէս վերին դասակարգը, օժտուած է բնատուր պատեհութիւններով, որոնք այլապէս անհասանելի են ընկերութեան մնացեալ խաւերուն։

Հարվըրտ, Եէյլ կամ Քորնելլ […] համալսարանները կը յաճախեն միայն առանձնաշնորհեալ դասակարգերու զաւակները եւ այդ համալսարաններէն է որ պետութիւնը իր ծառայութեան կը կանչէ պետական ընտրանին կամ, հակառակ պարագային, այդ համալսարաններէն է որ մեծ գործարանատէրներ իրենց վարչական գործերը վարելու կը զինուորագրեն շրջանաւարտները։

Իրերու այս դրութեան մէջ, մարդոց անհատական արժանիքները անտեսելու միտում մը կը նշմարէ Էթիեմեզեան. «պետական վարիչներ կամ տնօրէններ, ժողովրդավարական կարգերու անունով խօսելով հանդերձ, […] կարելի չափով դէմ պիտի կանգնին արժանիքի բացառիկ արտայայտութիւններուն եւ ջանան ընտրանիական վերին խաւը զօրացնել իրենց նմաններով կամ հաւատարիմ գործակիցներով»։ Այսպիսով, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներէն պատեհութիւններու հաւասարութիւնը ոտնակոխ կը դառնայ։ Էթիեմեզեան կ՚եզրակացնէ, որ արժանիքներու հանդէպ յարգանքն ու գուրգուրանքը ստիպողական բաղկացուցիչներ են ժողովրդավարութեան իրա՛ւ կիրարկման։

Վերջապէս, ուսանողները լծուեցան երկրորդ յօդուածի միտք-բանիին փնտռտուքին, եւ յանգեցան այն եզրակացութեան, որ հեղինակը իր գրութեամբ կը ծաւալէ The Economist-էն մէջբերուած խօսքը, եւ կը պարզաբանէ անոր բազմաթիւ երեսներն ու հետեւանքները։