Վերամուտ եւ առեւտրական ծանուցումներ պատրաստելու աշխատանոց

Վերամուտ եւ առեւտրական ծանուցումներ պատրաստելու աշխատանոց

ԼՇՀ դասընթացքի Բ. շրջանի (2023-2025) Գ. եռամսեակի վերամուտը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2024-ին։ Արձանագրուած քսանհինգ ուսանողներէն ոմանք կը բացակայէին, անհանգստութեան կամ երկրէն դուրս գտնուելու պատճառներով։

Դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ այս եռամսեակը ԼՇՀ դասընթացքի եօթներորդն է, բան որ գոհունակութիւն կու տայ դասընթացքի կազմակերպիչներուն, մանաւանդ անոր համար, որ արձանագրուողներուն մէջ կան Սբ. Յակոբ ազգային վարժարանէն 2023-2024 տարեշրջանի շրջանաւարտներ։ Ան նոյնպէս բացատրեց, որ դասընթացքի յայտագիրը կազմուած է նախապէս դասաւանդուած նիւթերէն ոմանց՝ որոշ փոփոխութիւններով կրկին ներկայացմամբ, եւ կամ՝ դասախօսներէն մի քանիին վերադարձով։ Այս եռամսեակին հրամցուող նորութիւնը պիտի ըլլայ, ըսաւ Թիւֆէնքճեան, ոչ-ստեղծագործական գրականութեան (նամակագրութիւն, փորձագրութիւն, ճանապարհորդագրութիւն, կենսագրութիւն եւլն.) աշխատանոցներու կազմակերպութիւնը։ Ապա ան ուսանողներուն ներկայացուց ընթացիկ եռամսեակի յայտագիրը։

Օրուան դասը սկսաւ առեւտրական ծանուցումներու աշխատանոցով։ Իբր նախապատրաստութիւն, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ներկայացուց 1900-2024 տասնամեակներուն հայկական մամուլին մէջ երեւցած տասնեակ մը առեւտրական ծանուցումներ։ Ահաւասիկ մի քանի նմոյշ անոնցմէ.

Թիւֆէնքճեան ուսանողներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց ներկայացուած ծանուցումներուն ընդմէջէն պարզուող երկու կարեւոր հանգամանքներու վրայ. նախ՝ ծանուցողներուն,- ինչպէս նաեւ անոնց թիրախ յաճախորդութեան,- մտայնութեանց փոփոխութիւնները անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին, իսկ աւելի կարեւորը՝ արեւմտահայերէնի կրած փոփոխութիւնները նոյն ժամանակաշրջանին։ Առաջին պարագային, ուսանողները յաճախ զուարճալի գտան այս կամ այն ծանուցման բովանդակութիւնը, իսկ երկրորդին՝ կարգ մը ծանուցումներու մէջ, անոնք նշմարեցին այսօր անգործածական կամ անընդունելի համարուող ոճային առանձնայատկութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ հայատառ թրքերէնի գործածութիւնը։

Դադարէն ետք, Թիւֆէնքճեան հրաւիրեց ուսանողները, խմբային կամ անհատական աշխատանքով պատրաստելու առեւտրական ծանուցումներ, մեկնակէտ ունենալով մեր միջավայրի պայմաններն ու այժմեան ընկերութեան համար ընդունելի չափորոշիչները։ Ուսանողները իրենց երեւակայութեան զարկ տալով կատարեցին իրենցմէ ակնկալուած աշխատանքը, որուն արդիւնքը եղաւ թէ՛ այժմէական եւ թէ՛ զուարթախոհութեամբ պարուրուած ծանուցումներու ներկայացումը։ Իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք, ուսանողները ճշտեցին իրենց ներկայացուող ծանուցումներու յատկանիշները։