Շաբաթ 30 մարտ 2024-ին, ԼՇՀ դասընթացքի ուսանողներէն Սիմոն Պաղտասարեան ի՛նք ստանձնեց դասախօսի պաշտօնը։ Սահիկներու ընկերակցութեամբ, ան իր դասընկերներուն ներկայացուց դասական ուղղագրութեան կանոնները։
Պաղտասարեան դասը սկսաւ նշելով, որ մեսրոպեան ուղղագրութեան մէջ, ամենէն աւելի դժուարութիւն յարուցող պարագաներն են 1) ւ եւ վ տառերու ուղղագրութիւնը, 2) բառասկզբի յ եւ հ տառերը, 3) բառամէջի ե եւ է տառերը, 4) բառամէջի եւ բառավերջի օ հնչիւնը եւ 5) գ–ք, բ–փ, ց–ձ, չ–ջ, դ–թ բաղաձայն տառերը։ Անդրադառնալով առաջինին, Պաղտասարեան բացատրեց, թէ ա ե եւ ի ձայնաւորներուն կը յաջորդէ ւ տառը, իսկ բաղաձայնէ մը առաջ ի եւ ւ տառերը միասնաբար կը կազմեն իւ երկբարբառը. օրինակ՝ արիւն, հիւր, ճիւղ եւ նիւթ։ Ան նաեւ բացատրեց, թէ արեւմտահայերէնի դասական ուղղագրութեան (ի տարբերութիւն արեւելահայերէնի դասական ուղղագրութեան՝ օր. պարսկահայերու ուղղագրութիւնը) մէջ, բաղաձայններէ եւ յ կիսաձայնէն ետք եւ ա, ե, է, ի եւ ո ձայնաւորներէն առաջ, ու-ն կը ստանայ վ-ի արժէք. օր. հարուած, նայուածք, հաշուապահ, ստուեր, հաշուել, նուէր, պատուէր, քուէարկել, թուաբանութիւն, բանուոր։ Բացառութիւններ են բարդ բառերու վ-ով սկսող երկրորդ արմատները, որոնք կը պահեն իրենց ուղղագրութիւնը, օր. կառավարել, լուսավառ, կարեվէր։

Բառասկզբի յ եւ հ տառերու պարագային, դասախօսը յայտնեց, որ աստուածաշնչեան այն անունները որ լատիներէն j տառով կը սկսին, հայերէնի մէջ յ-ով կը գրուին, ինչպէս Jesus – Յիսուս, Judith – Յուդիթ, Jean – Յովհաննէս։ Իսկ բառերու սկիզբը բաղաձայնէն առաջ երբ հ կը լսուի, ընդհանրապէս հ կը գրուի բացի կարգ մը բառերէ՝ յղել, յղի, յստակ, յղկել, յղփանալ։
Գալով է եւ ե տառերուն, Պաղտասարեան տուաւ ամենէն հիմնական կանոններէն մին, որն է՝ երբ բառի մը մէջ է կը լսուի եւ այդ է-ն կարողութիւնն ունի ի-ի հնչիւնափոխուելու, ուրեմն է-ով կը գրուի:
Ինչ կը վերաբերիօ թէ՞ ո հարցումին, բառերու սկիզբը լսուող օ ձայնը այդ տառով ալ կը գրուի. օրինակ՝ օդ, օր, օղ, օգնել, օրինակ, օտար։ Բացառութիւններ են ով, ովկիանոս, Ովսաննա։ Անուններու վերջաւորութեան օ հնչիւնը օ-ով ալ կը գրուի, օրինակ՝ Կարօ, Սիամանթօ, Դրօ, Թորոնթօ. բայց երբ այս անունները կը հոլովուին, օ-ն ո կը դառնայ, եւ յ մը կ՚աւելցուի, ինչպէս օրինակ՝ Կարոյին, Սիամանթոյի, եւլն.։ Երբ այս անունները ն յօդը կ’առնեն, օ-ն կը մնայ՝ Կարօն, Մարօն։ Դասախօսը ապա տուաւ օ-ով եւ ո-ով գրուող ածանցները իրենց օրինակներով (տե՛ս սահիկները)։ Այս բաժինը փակելէ առաջ, դասախօսը ուսանողներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ երբ օ տառին հայոց այբուբենին մէջ մուտքէն առաջ, օ-ի փոխարէն կը գործածուէր աւ երկբարբառը, այսպէս. ակաւս – ակօս, աղաւթք – աղօթք, ամաւթ – ամօթ, ծանաւթ – ծանօթ, օր – աւուր։

Դժուարութիւն յարուցող պարագաներուն վերջինը գ–ք, բ–փ, ց–ձ, չ–ջ, դ–թ բաղաձայն տառերու ուղղագրութիւնն էր։ Դասախօսը տուաւ անոնց ուղղագրութեան կանոնները այսպէս. ր բաղաձայնին ընդհանրապէս կը յաջորդէ գ, օր. արգելք, գորգ, թարգմանել (բացառութիւնները տեսնել համապատասխան սահիկին մէջ). փ եւ բ տառերու պարագային, առաջինը ընդհանրապէս բնիկ հայերէն բառերու եւ ոչ-սեմական լեզուներէ փոխառութիւններու մէջ կը գործածուի, օրինակ՝ ափսէ, գաղափար, սփոփել, թուփ, իսկ երկրորդը ընդհանրապէս սեմական ծագում ունեցող փոխառութիւններէն կու գայ, օրինակ՝ շաբաթ, խաբել, արաբ, Աբրահամ։ Ինչ կը վերաբերի ց թէ՞ ձ, չ թէ՞ ջ, դ թէ՞ թ հարցումներուն, դասախօսը նշեց, որ անոնց ճիշտ ուղղագրութեան տիրանալու համար, հարկաւոր է ա) շատ կարդալ, եւ բ) արեւելահայերէն տեսերիզներ մտիկ ընել եւ հնչիւններուն ուշադիր ըլլալ, որովհետեւ արեւելահայերը այս տառերը կը հնչեն իրենց սկզբնական ձայներով, մինչդեռ արեւմտահայերը կորսնցուցած են այդ ճարտարութիւնը։
Դասը աւարտելէ առաջ, դասախօսը ուսանողներուն ցրուեց սխալներով լի պարբերութիւն մը, որ անոնք պէտք էր սրբագրէին, այդպիսով իրենց ուսած կանոնները ի գործ դնելով։