Վահէ Օշական / Աբրահամ Ալիքեան

Վահէ Օշական (1922-2000) գերազանցապէս սփիւռքագիր բանաստեղծն է, որովհետեւ ան բառերուն կը բերէ Հայաստանէն դուրս ապրող հայ մարդուն էութիւնն ու զայն մրճահարող անձկութիւնները։ Այս միտքը կորիզն էր Րաֆֆի Աճէմեանի ԼՇՀ դասընթացքին շաբաթ 23 մարտին տուած դասախօսութեան՝ Վահէ Օշականի նուիրուած առաջին բաժնին. իսկ երկրորդ բաժնով, Աճէմեան կ՚անդրադառնար Ի. դարու երկրորդ կէսին դարձեալ սփիւռքի,- այս անգամ արեւելահայ հատուածի,- բնակիչ մէկ այլ անկրկնելի բանաստեղծին՝ Աբրահամ Ալիքեանին (1928-2013):

Աճէմեանի դասախօսութեան մեկնակէտը 1980-ականներուն Օշականի արձակին հետ իր ծանօթացումն էր։ Այդ օրերուն, Վահէ Օշական «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կանոնաւորաբար կ՚անդրադառնար իրեն հասած գրքերուն։ Անկէ ետք, ըսաւ Աճէմեան, Օշականի բանաստեղծութեան ծանօթացած է նոյնինքն հեղինակին ձայնով «Դէպի կեանք» բանաստեղծութեան տեսա-լսողական (sound art) արձանագրութիւնը, իրագործուած Հրայր Անմահունիի եւ Յովհաննէս Սալիպեանի կողմէ։ Անոր բարձրաձայն ընթերցումով, Աճէմեան յայտնաբերած է բանաստեղծութեան տողերուն մէկզմէկու զօդումը, մանաւանդ հոն երեւցող պատկերներուն մեկնութիւններով։

Դասախօսը ապա արագ թուարկումը ըրաւ Օշականի կեանքի տուեալներուն։ Ծնած է Ֆիլիպէ (Փլովտիւ). մանկութիւնը անցուցած է Կիպրոս, ուր հայրը՝ Յակոբ Օշական ուսուցիչ էր Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Օշական ընտանիքը ապա կը փոխադրուի Երուսաղէմ։ Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք, Վահէ կ՚ընդունուի տեղւոյն անգլիական բանակին մէջ, ուր կը ծառայէ իբր յիսնապետ։ Տարի մը Հայֆա ապրելէ ետք, Վահէն իբր մեքենագէտ կը պաշտօնավարէ Երուսաղէմի ելեկտրական ընկերութեան մէջ։ 1945-ին, Վահէի «Յակոբ Պիրատէր» պատմուածքը կը գրաւէ «Յուսաբեր» օրաթերթի Գրական մրցանակի երկրորդ տեղը։ 1946-51 տարիներուն, Վահէ Օշականը կը գտնենք Փարիզ՝ ուսանող Սորպոնի գրականութեան բաժանմունքին մէջ, ուրկէ վկայուելէ ետք, կ՚երթայ Պէյրութ եւ հոն գրականութիւն, քաղաքակրթութեան պատմութիւն եւ ֆրանսերէն կը դասաւանդէ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ։ 1956-ին լոյս կը տեսնէ իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը Պատուհան-ը, որուն կը յաջորդէ Քաղաք-ը՝ 1963-ին։ Խօսելով այս հատորին մասին, Մարկ Նշանեան ըսած է, «1925էն 1975 ժամանակաշրջանի ընթացքին, այսինքն՝ Սփիւռքի նորագոյն սերունդի երեւումէն առաջ, երկու գիրք կայ, երկու հատ միայն, որոնք արմատապէս վերանորոգեցին բանաստեղծական լեզուն։ Մէկը 1936ին՝ Սարաֆեանի Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւնն է, միւսը 1963ին՝ Վահէ Օշականի Քաղաքը» («Շշուկներ Վահէ Օշականէն». Հասկ հայագիտական տարեգիրք, Նոր շրջան Զ. տարի, 1994, էջ 138-39)։

1960-ական թուականներուն, Օշական մաս կը կազմէ «Բագին»-ի հիմնադիր խմբագրական կազմին. միաժամանակ, ան բաղդատական գրականութիւն կ՚ուսանի Սորպոնի համալսարանին մէջ, ուրկէ կը ստանայ իր դոկտորական աստիճանը. աւարտաճառի նիւթն է՝ Le roman arménien occidental de 1850-1930 et ses influences étrangères: Նոյն տասնամեակին, ան կ՚աշխատակցի «Ահեկան» եւ «Երիտասարդ հայ» գրական պարբերականներուն։ Յաջորդող տասնամեակներուն, իրար ետեւէ լոյս կը տեսնեն Օշականի բանաստեղծական հատորները՝ Քառուղի (1971), Ահազանգ (1980), ինչպէս նաեւ պատմուածքներու Խուճապ (1983), Փախստականը (1987), Թակարդին շուրջ (1988) հատորները։ 1980-ականներուն իր կնոջ Արսինէ Օշականին հետ ան կ՚ապրի նախ Ֆիլատելֆիա, ապա Սան Ֆրանսիսգօ, ուր ինք կը դասաւանդէ Պըրգլի համալսարանին մէջ։ 1991-ին Աւստրալիա է, ուր կը դասաւանդէ McQuarrie համալսարանին մէջ։ 1993-ին, հայկական սփիւռքի քաղաքներուն եւ Երեւանի մէջ կը տօնուի բանաստեղծին յիսնամեայ գրական գործունէութեան յոբելեանը, իսկ 1996-ին՝ ան կը մեկնի Արցախ, իբր դասախօս պաշտօնավարելու համար Ստեփանակերտի համալսարանին մէջ։ 2000-ին, Վահէ Օշական կը մահանայ Ֆիլատելֆիոյ մէջ։

Յաջորդաբար, Րաֆֆի Աճէմեան կարդաց Օշականի Քաղաք հատորը բացող առաջին բանաստեղծութենէն՝ «Մուտք»էն հատուածներ, ճի՛շտ այնպէս ինչպէս պիտի կարդար Վահէ Օշականը ինք։ Դասախօսը դիտել տուաւ, որ հատորին ենթախորագիրն է «Դիւցազներգութիւն մը», որ կը մղէ ընթերցողը մտածելու, թէ ի՞նչ դիւցազներգութեան մասին է խօսքը, մանաւանդ անոր համար, որ դիւցազներգութեան դասական սահմանումը կը պարտադրէ վսեմ ոճ, տաղաչափութեամբ գրուած տողեր, հերոս տիպարներ ու անոնց սխրագործութիւնները. մինչդեռ Վահէ Օշականի մօտ կը գտնենք վսեմի փոխարէն սովորական՝ նոյնիսկ ռամիկ լեզու, տաղաչափութեան փոխարէն՝ Գրիգոր Պըլտեանի բնութագրումով «անկայուն տողեր», հերոսներու փոխարէն հասարակ մարդիկ, իսկ հերոսական արարքները իրենց դիրքը զիջած են արդի մարդուն առօրեան կազմող անցուդարձերով։ Աճէմեան բացատրեց, որ արդի մարդուն աշխարհին մէջ, արուեստը տարբաղադրական է, եւ այդ է որ կը հրամցուի մեզի Քաղաք-ին մէջ, որուն վերնագրերուն մեծ մասը քաղաքին հանդիպման վայրերն են, ինչպէս՝ «Փողոց», «Սրճարան», «Սինեմա», «Քապարէ», «Սենեակ» եւ «Եկեղեցի»։ Աճէմեան ուսանողներուն ընթերցեց այս վերջինէն հետեւեալ հատուածը։

Հիմա հոն է

փողոցին ծայրը զետեղուած

մեզ կը սպասէ,

ալճէրիացի գորգ ծախողը առջին կայնած

նէօն լոյսեր կը խաղցնէ։

Բայց սովահար, ուղեկորոյս

քանի մը հատ ուխտաւոր, միս մինակ,

պիտի քալեն

անծայրածիր անապատի մայթերէն,

պիտի հասնին խաբկանքին

բայց չկենան ու անցնին, անցնին անդին՝

որ գտնեն

անոր ետին թագնուած, ու կորսուած ժառանգին պէս՝

կրկնապատկերն՝

որ Մարդն է։

Գտնե՜լ… ինչ յոյս, մեծ յիմար

յամառութիւն։

Ամէն թուրիսթ, քոտաքը սեղմած

անոր պատկերը կը քաշէ

ու կը մեկնի անվերադարձ,

թաքսիները անով լեցուն կը սուրան

նշան կ՚ընես, չեն կենար,

տուները պարապ

մարդիկ իրար այցելութեան ելած են

ժամը իննի սլաքին հետ շարժելով,

ամէն անձ ինքզինքին ամուսնացած

ու անզաւակ՝

բայց ինքն իր թաթիկը բռնած

կը պտտի

հէքեաթ պատմելով անդադար…։

Մարդ մարդ մարդ… մա՛րդ

ամէն կողմ՝

բայց ոչ մէկ մարդ որ ըսէ

թէ ինք ով է,

ինչ կ՚ընէ հոն, պատեանին մէջ, պատէն կախ

դաշոյնին պէս

զոր չես կրնար դուրս հանել

որ պաշտպանուիս մութին մէջ…։

Եզրափակելէ առաջ դասախօսութեան Օշականի յատկացուած բաժինը, Աճէմեան նշեց, որ Օշականի բանաստեղծութեան հիմնական յղացքը «չէզոքի տիրապետութիւնն է». այլ խօսքով, մարդերը յատկանիշ չունին («ոչ մէկ մարդ որ ըսէ / թէ ինք ով է, / ինչ կ՚ընէ հոն») եւ կառոյցները քանդուած են («տուները պարապ»)։ Մարդուն մէջ ինքզինք ամենէն աւելի պարտադրող բնազդը՝ իմաստի փնտռտուքը այժմ կը բախի իմաստի բացակայութեան, եւ այդ ընդհարումէն է որ կը ծնի Օշականի անհեթեթի աշխարհը։

Կարճ դադարէ մը ետք, դասին երկրորդ բաժնով ուսանողները ծանօթացան Աբրահամ Ալիքեանին, որ Օշականի նման սփիւռքագիր բանաստեղծ մըն է։ Աճէմեան նախ տուաւ բանաստեղծին ամփոփ կենսագրականը. ծնած 1928-ին Ալեքսանտրէթ, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը, Ալիքեան տասը տարեկանին ընտանիքին հետ կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը յաճախէ Համազգայինի Ճեմարանը եւ անկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1946-ին։ Տասնինը տարեկանին կը հրատարակէ բանաստեղծութիւններու իր անդրանիկ հատորը՝ Հորիզոն։ Մեծ հայրենադարձութեան տարիներուն (1946-48), Հայաստան ներգաղթող իրենց 95,000 հայրենակիցներուն նման, Աբրահամ Ալիքեանը ընտանիքը մշտական բնակութիւն կը հաստատէ հայրենիքին մէջ։ Աճէմեան դիտել տուաւ, որ Ալիքեան մէկն է հայրենադարձ երեք տաղանդաւոր բանաստեղծներէ, որոնք իրենց տաղանդը պիտի ծաղկեցնէին սփիւռքի մէջ, սակայն այդ չպատահեցաւ։ Միւս երկուքն են Արամ Արման (1923-2004), որ 1965-էն ետք բոլորովին լռեց, իսկ միւսը՝ Անդրանիկ Թերզեան (1927-1952), որ սպաննուած է։

Երեւանի մէջ, Ալիքեան կ՚աշակերտէ Հրաչեայ Աճառեանին, որ լեզուաբանութիւն կը դասաւանդէր Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ 1952-ին բանաստեղծը կ՚երթայ Մոսկուա, հոն հետեւելու համար Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկի դասընթացքներուն։ Այս շրջանին է, որ կը սկսի Ալիքեանի բեղուն արտադրութիւնը. Նախերգանք բանաստեղծութիւններու հատորը (1951), որ արեւմտահայերէնով գրուած ըլլալուն համար կ՚ոչնչացուի, իսկ Ալիքեանի կը ստիպեն, որ նոյն հատորը հրատարակէ արեւելահայերէնով յաջորդ տարին։ Յաջորդող տասնամեակներուն, կը դառնայ մոսկուաբնակ, ու իրար ետեւէ կու տայ Կանաչ սոսափ (1959), Բարեյուսոյ հրուանդան (երկու հրատարակութիւն՝ առաջինը 1965-ին, երկրորդը մեսրոպեան ուղղագրութեամբ 1968-ին), Աչքեր (1968), Նժար (1974), Արեւմաղ (1983) բանաստեղծական հատորները։ 1990-ական թուականներուն կը շրջագայի Փարիզ, Սան Ֆրանսիսգօ՝ ուր կը ծանօթանայ Վահէ Օշականին եւ Պէյրութ։ Կարճ ժամանակ մը հայագիտական նիւթեր կը դասաւանդէ Համազգային Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին, իսկ յետոյ ամբողջ տասնամեակ մը Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ։ 1991-ին, «Յառաջ»-ի «Միտք եւ Արուեստ»-ին մէջ լոյս կը տեսնէ Վահէ Օշականին ուղղուած իր քերթուածը՝ «Թուղթ Չափաբերական»-ը, որ յետոյ պիտի մտնէր Ծղրիթը (1993) հատորին մէջ։ Այս վերջինին կը յաջորդեն Հեզ իրիկուն (1995, 2008), Ֆարայա (1998), Ծղրիթը՛ ,նորէ՜ն (2004) եւ Հանդիպակաց ափեր (2009) յօդուածներու հատորը։ Ահա Ֆարայա հատորէն «Սովորական երազս» բանաստեղծութիւնը.

Դասին վերջին բաժնով, ուսանողները ունկնդրեցին դասախօսին մատուցմամբ հատուածներ «Թուղթ չափաբերական» եւ «Պէյրութ» բանաստեղծութիւններէն, որոնց ընդմէջէն իր բոլոր գոյներով կը պարզուէր երանգապնակը Ալիքեանի սփիւռքաբնակ փորձառութիւններուն։