Յետ-խորհրդային հայ թատրոնը

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2024-ին, ԼՇՀ դասընթացքը վարողն էր այս եռամսեակի երկրորդ արտասահմանէն հրաւիրեալ դասախօսը՝ Դոկտ. Միրնա Տուզճեանը, որ մեր ուսանողներուն ներկայացուց «Յետ-խորհրդային հայ թատրոնը» նիւթը։

Դոկտ. Տուզճեան Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA) վկայուած է Համեմատական գրականութեան մէջ՝ պատուոյ բարձր յիշատակութեամբ, իսկ 2013-ին նոյն համալսարանէն արժանացած է դոկտորական տիտղոսի։ Իր աւարտաճառի նիւթը եղած է յետ-խորհրդային հայ եւ ռուս գրականութիւնը։  Տուզճեան հեղինակն է գիտական եւ պարբերական յօդուածներու, արդի հայ թատրոնի, գրականութեան եւ ֆիլմի մասին։ Ան նաեւ հայերէնէ անգլերէնի թարգմանած է բանաստեղծութիւններ եւ թատերգութիւններ, որոնք բեմադրուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ներկայիս ան մնայուն դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլի մասնաճիւղին մէջ (U.C. Berkeley), ուր կը դասաւանդէ հայոց լեզու եւ գրականութիւն։

Դոկտ. Միրնա Տուզճեան

Տուզճեան դասը սկսաւ համեմատական գրականութեան կարգ մը տեսական խնդիրներուն ներկայացումով։ Ան նշեց, որ միջազգային գրականութեան ոլորտին մէջ, լուսանցքային գրականութիւն մը,- ինչպիսին է հայ գրականութիւնը,- թէեւ կ՚անտեսուի համեմատաբար աւելի տարածում գտած գրականութիւններէն, սակայն կասկածէ վեր է, որ լուսանցքայինը կը կրէ ազդեցութիւնը միջազգայինին։ Հոսկէ կը ծագի հետեւեալ հարցումը. լուսանցքային գրական մշակոյթ մը կրնա՞յ երկխօսութեան մէջ մտնել  համաշխարհային գրականութեան հետ։

Յաջորդաբար, Դոկտ. Տուզճեան թուեց համաշխարհային գրականութեան ժամանակակից տեսութիւններէն մէկ քանին, որոնց թուումէն ետք ան նկարագրեց յետ-խորհրդային ժամանակաշրջանի հայրենի գրականութեան իրավիճակը։ Առաջին հերթին, Խորհրդային Միութեան փլուզումով, գրականութիւնը կը կորսցնէր իր միակ՝ թէկուզ ճնշիչ հովանաւորը. յետոյ՝ գիրք գրելն ու հրատարակելը կը դադրէր տնտեսապէս կայուն աշխատանք ըլլալէ, բայց պետական վերահսկողութեան բացակայութիւնը կ՚արտօնէր ամէն տեսակ գործերու հրատարակութիւնը։ Միւս կողմէ, վերջին 35 տարիներու ընթացքին, հրատարակուած գրքերու տպաքանակները ծանր անկում կը կրէին, հազարաւոր օրինակներէ իջնելով շուրջ 500 օրինակի։

Այս իրավիճակին մէջ, թատերագրութիւնը կը դառնար գրական արտադրութիւններու կարեւորագոյն ոլորտներէն մէկը, պարզ այն պատճառով, որ հանդիսատեսներու թիւը միշտ կը գերազանցէ ընթերցողներունը։ Հոս հարկ է նշել, որ բոլոր յաջողած թատերագիրները նաեւ արձակ եւս կը գրեն։

Յետ-խորհրդային շրջանի թատերական գրականութեան այլ յատկանիշներէն մէկն է ոճի, ձեւերու եւ նիւթերու այլազանութիւնը. այսպէս, այդ ժամանակաշրջանին երեւան կու գան հետեւեալ տարբեր ժանրերու թատերախաղեր.

  • Պատմական նիւթեր
  • Ժամանակակից հարցեր (ազգային, ընտանեկան, ընկերային)
  • Վերացական կամ փիլիսոփայական նիւթեր
  • Մենախօսութիւններ, երկխօսութիւններ
  • Ողբերգա-կատակերգութիւն
  • Իրապաշտ կացութիւններ
  • Հոգեբանական կացութիւններ
  • Հակա-տրամա
  • Անհեթեթի թատրոնը

Անդրադառնալով անհեթեթի թատրոնին, դասախօսը թուեց անոր զանազան յատկանիշները, որոնք են՝

  • Գործողութեան վայրը յաճախ անորոշ է
  • Տիպարները որոշ տեսակ(էտ) կամ կեցուածք կը ներկայացնեն, եւ հոգեբանական բարդ անհատականութիւններ չեն
  • Յստակ չէ, թէ տիպարներէն որոնք դրական են եւ որոնք ժխտական
  • Խօսակցութիւնները երբեմն անհասկնալի են
  • Մտաւորական կամ գաղափարական խնդիրները լուծում չեն գտներ
  • Դէպքերու ընթացքը կը կրկնուի կամ զուրկ է հերթականութենէ
  • Հանդիսատեսը կը մղուի մտածելու թէ ի՞նչ կը պատահի եւ ոչ՝ յետոյ ի՞նչ պիտի պատահի
  • Մարդկային կացութիւնը կը ներկայացուի յոռետես կամ անյոյս տեսակէտէ
  • Տիպարներուն որոշումները, փափաքները եւ խօսակցութիւնները տրամաբանականի փոխարէն պատահական են
  • Անհեթեթի թատրոնը երբեմն կ՚անդրադառնայ նոյնինքն թատրոնի էութեան (self-reflexive), կը մերկացնէ թատրոնը
  • Վերլուծութեան դէմ պատուարներ կը ցցուին։

Իսկ ի՞նչ կ՚արտայայտէ «անհեթեթի թատրոնը» հարցումին՝ Տուզճեան պատասխանեց այսպէս. ա) արդի աշխարհին մէջ տրամաբանութիւնը ձախողած է եւ չի կրնար հարցեր լուծել, բ) լեզուն թերի է, որովհետեւ կը կաշկանդէ մարդոց, գ) ընկերային յարաբերութիւններու կորիզը ոյժն է, եւ վերջապէս՝ իրապաշտ թատրոնը իրապաշտ չէ, որովհետեւ անոր կառոյցը ձեւաւորուած է նախապէս յղացուած ծրագրի մը համաձայն։

Որպէս օրինակ յետ-խորհրդային ժամանակաշրջանի անհեթեթի թատրոնին, Տուզճեան խօսեցաւ Աղազի Այվազեանի Դեկորներ թատերախաղին մասին, որուն մէջ չորս անանուն տիպարներ պարապ բեմի մը վրայ կը փորձեն հասկնալ թէ ուր կը գտնուին։ Իրենց սահմանումը ունենալու համար, անոնք կը դիմեն թատերախաղի գլխաւոր բեմայարդարին, անկէ խնդրելով որ իրենց համար «տեղ մը ստեղծէ»։ Երբ այս վերջինը իրենց կը տրամադրէ պատեր ու կահ-կարասի, անոնք չեն գոհանար։ Միաժամանակ, իրենց շրջապատի պարապութիւնը զիրենք անհանգիստ կ՚ընէ։ Այս տեսարանը կը կրկնուի չորս անգամ, եւ չորս անգամուն ալ անոնք իրենց փափագածը չեն ունենար։ Ի վերջոյ, անոնք կ՚անդրադառնան, որ իրենց պակսողը առաստաղ մըն է։ Երբ բեմայարդարը եւ անոր օգնականները առաստաղ մը կը բերեն, առաստաղը փուլ կու գայ չորս անանուն տիպարներու գլխուն վրայ։ Դասախօսը նշեց, որ իր «նիւթ»ով Դեկորներ-ը կը նմանի Սամուէլ Պէքէթի Սպասելով Կոտոյին թատերախաղին, սակայն այստեղ այդ կտորին որոշ չափով յուսալի աւարտը (Կոտոն վաղը պիտի գայ) փոխարինուած է լրիւ անյոյս աւարտով մը։

Աղասի Այվազեան

Դեկորներ-ու արծարծած թեմաները ընկալելու համար, Տուզճեան կարեւոր համարեց թատերախաղին պատմական շրջարկին ամփոփ ներկայացումը հետեւեալ կէտերով. ա) ըստ հեղինակին, «երկրաշարժը ստեղծեց այս պիեսը, բայց այս պիեսը երկրաշարժի մասին չէ», բ) տիպարներէն մէկը կ՚ըսէ, «Գուցէ այստեղ քաղաք էր… Ու երկրաշարժ եղաւ», գ) թատերախաղը կը պատկերէ մէկէ աւելի պատմական իրադարձութիւններ, ինչպէս 1988-ի երկրաշարժը, Գորբաչովի վերակառուցման քաղաքականութիւնը, Խորհրդային Միութեան փլուզումը եւ Արցախի պատերազմը (տիպարներէն ուրիշ մը կ՚ըսէ, հոս «նախկին տեղ է»)։ Այսպիսով կը տեսնենք, ըսաւ դասախօսը, «տիպարներուն անձնական գոյութենական պայքարը կապուած է երկիր կառուցելու, երկրի գոյութեան հետ»։

Յիշեալ եւ այլ տուեալներովԴեկորներ-ու վերլուծումը կը մղէ ընթերցողը յանգելու կարգ մը եզրակացութիւններու, որոնց ներկայացումը կատարեց Տուզճեան դասապահի վերջին բաժնով։ Ահաւասիկ այդ եզրակացութիւններէն մի քանին.

  • Համայնավարութեան հետքերը կը կաշկանդեն տիպարները։
  • Ներկայ ազատութեան (ան)կարելիութիւնը կապուած է ճնշումի եւ գերիշխանութեան պատմութեան հետ։
  • Ազատութիւնը կը բերէ նոր ստորադասութիւն (ուրիշէ կախեալ ըլլալու դրութիւնը)։
  • Ուժի յարաբերութիւնները կ՚որոշեն պատմութեան ընթացքը։
  • Թատրերգութեան քաղաքական թերահաւատութիւնը կարելի է կիրառել որպէս քննադատութիւն։ համաշխարհային գրականութեան տեսութեան, որ կը մշուշապատէ աշխարհա-քաղաքական ուժի ներգործութիւնը։
  • Ոյժը բեմին վրայ քարտիսելով, ընդհանրական, համաշխարհային եւ ազգային գրականութեան միջեւ սահմանները կ՚ոչնչանան։

Վերոյիշեալ կէտերու պարզաբանումով եւ անոնց շուրջ կարծիքներու փոխանակութեամբ աւարտեցաւ Դոկտ. Միրնա Տուզճեանի խիստ հետաքրքրական դասախօսութիւնը։