Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ

ԼՇՀ դասընթացքի շաբաթ, 16 մարտ 2024-ի դասապահը ամբողջութեամբ յատկացուցած էինք ընթացիկ եռամսեակի ուսանողական աշխատանքներու առաջին խմբակի ներկայացումներուն։ Այդ օր, մեր ուսանողներէն չորսը՝ Զեփիւռ Ասատուրեան, Մարալ Պէրպէրեան, Ներսէս Հատիտեան եւ Շողեր Մարգարեան յաջորդաբար ներկայացուցին նախորդ ամիսներուն իրենց կատարած պրպտումներուն արդիւնքները։

Զեփիւռ Ասատուրեան ընտրած էր Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը եւ անոր հիման վրայ պատրաստած աշխատանոց մը։ Առաջին հերթին, ան ընթերցեց բանաստեղծութիւնը, մերթ ընդ մերթ յամենալով իր նախասիրած տողերուն եւ պատկերներուն վրայ։ Ասատուրեան յայտնեց, որ «Եկեղեցին հայկական»-ը լայն ճանաչման արժանացած բանաստեղծութիւն մըն է, որուն կառոյցը ընթերցողը կը տանի եկեղեցւոյ շէնքին ֆիզիքական յատկանիշներէն դէպի հետզհետէ վերացականացող խորհուրդներ եւ խորհրդանիշներ։ Ապա Ասատուրեան վարեց blackout poetry-ի աշխատանոց մը, որուն ընթացքին ուսանողները պարտէին «Եկեղեցին հայկական»-էն ընտրել առանձին բառեր կամ բառակապակցութիւններ եւ անոնցմով կազմել բանաստեղծութեան «ողնաշարը»։ Այդ ընելէ ետք, իւրաքանչիւրը կարդաց իր ընտրած բառերը եւ բացատրեց ընտրութեան շարժառիթը։ Այդպիսով, անոնք լրիւ թափանցեցին Թէքէեանի բանաստեղծութեան ոգիին։

Զեփիւռ Ասատուրեան

Ուսանողական աշխատանքի երկրորդ ներկայացումը սահիկներով կատարեց Մարալ Պէրպէրեանը, որ մեր ուսանողներուն խօսեցաւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի մասին (1950-2015)։ Պէրպէրեան նախ թուեց Կիրակոսեանի կենսագրական տուեալները. ծնած Հալէպ, բանաստեղծը պատանի տարիքէն հակում ցուցաբերած է դէպի հայ գրականութիւնը։ Պէյրութի Սէն Ճոզէֆ համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքէն վկայուելէ ետք, Կիրակոսեան սկսած է աշխատակցիլ գրական պարբերականներու, յատկապէս «Բագին»-ին, ի վերջոյ միանալով անոր խմբագրական կազմին։ Կիրակոսեան հեղինակն է «Այս է արիւն իմ» (1973), «Այս է մարմին իմ» (2004), եւ «Ականեալ ձայներ» (2015) բանաստեղծութիւններու հատորներուն, ինչպէս նաեւ «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպին (2016): Ան յատկապէս մեծ ներդրում ունեցած է սուրիացի եւ լիբանանցի արաբ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները հայերէնի թարգմանելու աշխատանքին, որուն իբր արդիւնք ան հրատարակած է «Մայրիներու ծիածանը» (2010) լիբանանցի եօթը բանաստեղծներու գործերէն կազմուած ծաղկաքաղը, եւ սուրիացի-լիբանանցի նշանաւոր բանաստեղծ Ատոնիսի «Դամասկոսցի Միհիարին երգերը» խորագրեալ հատորը (2013): Կիրակոսեան քաղցկեղէ մահացած է 2015-ին։

Մարալ Պէրպէրեան / Սարգիս Կիրակոսեան

Բանաստեղծութեան թեման շարունակեց օրուան երրորդ ներկայացումը կատարողը՝ Ներսէս Հատիտեանը։ Ան նախ ներկայացուց բանաստեղծութեան տեսական յատկանիշները։ Հատիտեան նշեց, որ բանաստեղծութիւնը կը նախորդէ գրաւոր արուեստները, ինչպէս «քանդակագործութիւնը ու որմնանկարչութիւնը՝ գեղանկարչութիւնը եւ երգահանութիւնը՝ մասնագիտական երաժշտագիտութիւնը»։ Ան նաեւ տուաւ Սբ. Գրքին մէջ երեւցող բանաստեղծութիւններէն օրինակներ, ինչպէս Դաւիթ մարգարէի սաղմոսները եւ «Երգ երգոցը»։ Յաջորդաբար, Հատիտեան խօսեցաւ համաշխարհային միջնադարեան բանաստեղծութեան տիտաններէն մէկ քանիին՝ Օմար Խայեամի (1048-1131), Տանթէի (1265- 1321) եւ Շէյքսփիրի (1564-1616) մասին։ Անցնելով հայ բանաստեղծութեան ոլորտը, ան օրինակներ տուաւ Ի. դարու բանաստեղծներ Դանիէլ Վարուժանէն (1884-1915), Սիամանթոյէն (1878-1915), եւ հնչեակի վարպետ Վահան Թէքէեանէն (1878-1945):

Ներսէս Հատիտեան

Օրուան վերջին ներկայացումը կատարեց Շողեր Մարգարեանը, որ պատրաստած էր Քեպէգցի չորս երգիչներու՝ Տանիէլ Պէլանժէի, Միշէլ Րիվարի, Լէ Գաուպոյ Ֆրէնկանի եւ բնիկ երգչուհի Քիմացիլունկայի երգերուն ծանօթացման աշխատանք մը։ Մարգարեան ներկայացումը սկսաւ անդրադառնալով 1960-ական թուականներուն Քեպէգի մէջ ծայր տուած ընկերային կարգերու անարիւն յեղափոխութեան (La révolution tranquille), որ ժողովուրդը կ՚առաջնորդէր դէպի մշակութային զարթօնք, այդ ճամբով հասնելու համար ինքնագիտակցութեան հանգրուանին։ Մարգարեանի սահիկներով ներկայացման ընթացքին, ուսանողները ունկնդրեցին իւրաքանչիւր երգիչի յօրինումներէն օրինակներ, որոնք Մարգարեան թարգմանած էր հայերէնի, այդպիսով կամրջելով ֆրանսերէնն ու արեւմտահայերէնը։

Յատկանշակա՞նը այս ներկայացումներուն. բոլորովին զուգադիպաբար, չորս ուսանողներն ալ ընտրած էին բանաստեղծութեան բնագաւառէն նմոյշներ, երեւոյթ մը, որ չվրիպեցաւ ուսանողներու ուշադրութենէն։