Հայկական երաժշտութիւնն ու երգը

Հայկական երաժշտութիւնն ու երգը

Շաբաթ, 9 մարտ 2024-ին, ԼՇՀ դասընթացքի հիւր դասախօսը եղաւ երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, որ Գանատա ժամանած էր իբր գլխաւոր բանախօս միութեան 95-ամեակի հանդիսութիւններուն։ Ան մեր ուսանողներուն ներկայացուց «Հայկական երաժշտութիւնն ու երգը» խորագրեալ նիւթը։

Քէշիշեան դասը սկսաւ յայտնելով, որ նկատի առնելով ժամանակի սահմանափակումը, իր ներկայացումը պարզապէս ընդհանուր ակնարկ մը պիտի ըլլար հայկական երաժշտութեան մասին։ Սկսելով նախաքրիստոնէական ժամանակներէն, ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդը ապահովաբար երաժշտութիւն ունեցած է հեթանոսական ժամանակաշրջանին, որուն հետքերը,- հայկական մշակոյթի այլ դրսեւորումներուն նման,- չեն հասած մեզի, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը իբր պետական կրօն ամրապէս հաստատելու համար, եկեղեցւոյ հայրերը մերժելի կը համարէին նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանի մշակոյթը։ Ինչ որ հասած է մեզի, գողթան երգերու խօսքերն են. օրինակ՝ «Երկնէր երկին, երկնէր երկիր» կամ «Հեծաւ արի արքայն Արտաշէս», որոնց գեղագիտական բարձր մակարդակը ցուցանիշն է այդ երգերու կորսուած երաժշտութեան նոյնքան բարձր մակարդակին. որովհետեւ, բացատրեց Քէշիշեան, արուեստի արտայայտութիւնները իրարմէ անկախ չեն զարգանար։ Այսպէս, Վահագնի երգը ունեցած ըլլալու է խօսքին համապատասխան երաժշտութիւն, եւ Արտաշէսի ու Սաթենիկի երգը՝ իրը։ Այդ երգերու հեղինակ գուսանները, որոնք նախահայրերն են աշուղներուն, այսօրուան հեղինակային երգերու համապատասխան երգահաններ են, ըսաւ Քէշիշեան։

Զաքար Քէշիշեան

Այնուհետեւ, Քէշիշեան անցաւ քրիստոնէական ժամանակաշրջանի երաժշտութեան, որուն լաւագոյն նմոյշներն են մեր շարականները։ Կարելի է ենթադրել, որ անոնց մէջ վերապրած է հեթանոսական շրջանի հայկական մեղեդայնութիւնը։ Մեր առաջին շարականագիրներն են Մեսրոպ Մաշտոց (362-440), որ յօրինած է «Անկանիմ առաջի քո»-ի նման՝ կարճ խօսքերով ապաշխարութեան շարականներ, Սահակ Պարթեւ (338-439), որ հեղինակն է «Որ ի յերկնից իջեր» շարականին, Մովսէս Խորենացի (մ. 490)՝ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»-ին, եւ այլք։ Քէշիշեան նաեւ նշեց, որ այդ շրջանին, հայոց պատմութեան զանազան դրուագները առիթ են հանդիսացած, որ նոր շարականներ յօրինուին. օրինակներ են՝ Է. դարու Կաթողիկոս Կոմիտաս Ա. Աղցեցիի (մ. 628) Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած «Անձինք նուիրեալք»-ը, կամ՝ աւելի ուշ, Ներսէս Շնորհալիի Վարդանանց պատերազմը ոգեկոչող «Նորահրաշ պսակաւոր»-ը։ Հայկական շարականագիտութեան մէջ համբաւաւոր են Սահակադուխտ եւ Խոսրովիդուխտ շարական յօրինող կիները, Է. դարու կաթողիկոս Սահակ Ձորափորեցին, Անանիա Շիրակացի գիտնականը եւ Բարսեղ Ճոն Վարդապետի «Ճոնընտիր» շարակնոցը։

Սահակ Գ. Ձորափորեցի (մ. 703) | Անանիա Շիրակացի (610-685) | Ներսէս Շնորհալի (1102-73)

 

Դասախօսը ապա նշեց, որ մեր շարականներու մեծամասնութիւնը յօրինուած է Դ.- ԺԳ կամ ԺԴ. դարերուն, ու թէեւ այդ թուականներէն ետք շարականներ գրուած են, այս վերջիններուն թիւը համեմատաբար սակաւ է։ Քէշիշեան յայտնեց, որ հայկական շարականագիտութեան մէջ նոր գլուխ բացած է Գրիգոր Նարեկացին (951 – շ. 1003), որ կարճ շարականներէն անդին անցնելով, այլաբանական մտածողութիւն մտցուցած է իր տաղերուն մէջ, որոնց լաւագոյն նմոյշներէն են «Սայլն այն իջանէր», «Հաւիկ մի պայծառ տեսի» եւ «Գոհար վարդն»։ Նարեկացիէն ետք, մեր երաժշտութեան մէջ մէկ այլ գագաթ կը հանդիսանայ Ներսէս Շնորհալին, որուն շարականները լայնօրէն ժողովրդականացած են՝ ինչպէս «Յիշեսցուք ի գիշերի» եւ «Առաւօտ լուսոյ», որուն տուները գրուած են այբուբենական կարգով։

Յաջորդաբար, դասախօսը խօսեցաւ այժմեան հայերէն երգերու տեսականիին մասին, թուելով հետեւեալները.

  • Ժողովրդական երգեր
  • Գուսանական երգեր
  • Աշուղական երգեր
  • Ռոմանսներ
  • Հեղինակային երգեր
  • Էսդրատային երգեր

Ժողովրդական երգերը, բացատրեց Քէշիշեան, չունին ճշտեալ հեղինակներ, օրինակ՝ «Աման Թելլօ» երգը։ Գուսանական երգերու աւանդութիւնը կու գայ պալատական կեանքէն, ուր իշխանին կամ թագաւորին գովքը կը հիւսուէր։ Այլ է պարագան աշուղական երգերուն, որոնց աւանդութիւնը զարգացած է աշուղներու մրցումներով։ Ռոմանսները, ըսաւ Քէշիշեան, որակեալ ու հանրայայտ բանաստեղծութիւններու խօսքերով յօրինուած երգեր են, ինչպէս օրինակ՝ Սմբատ Շահազիզի (1840-1908) խօսքերով «Երազ (ես լսեցի մի անոյշ ձայն)»-ը, Րաֆֆիի (1835-1888) խօսքերով «Ձայն տուր, ո՛վ ծովակ»-ը, Կէօթէի (1749-1832) խօսքերով եւ Թումանեանի (1869-1923) թարգմանութեամբ «Վարդը» եւլն.։

Անդրադառնալով աշուղներուն, Քէշիշեան յայտնեց, որ Աշուղ Ջիւանին (Սերոբ Բէնկոյեան, 1846-1909), իր սազանդարներու խումբով հայկական երգարուեստը բարձրացուցած է նոր մակարդակի։ Ջիւանին հեղինակն է բազմահարիւր արեւմտահայերէն երգերու, տրուած ըլլալով, որ ան Ջաւախքի կողմերէն էր, եւ առաւելաբար գործած է Թիֆլիսի ու Գիւմրիի մէջ։ Այդ շրջաններու հայութիւնը արեւմտահայաստանէն այնտեղ գաղթած է ԺԹ. դարու առաջին քառորդին։

Աշուղ Ջիւանի

Գալով խմբերգային արուեստին, Քէշիշեան յիշեց մեր առաջին լուրջ եւ արհեստավարժ երաժշտահանը, «Արշակ Բ.» օփերային եւ «Կարինէ» (Լեպլեպիճի) օփերէթին հեղինակ Տիգրան Չուխաճեանը (1837-98)։ Թէեւ Չուխաճեանի յօրինումները արեւմտեան (իտալական) երաժշտութեան հիմունքով են, ան կը համարուի հայկական ազգային օփերային հիմնադիրը։ Իր կենդանութեան Չուխաճեան մեծ գնահատանքի արժանացած է իր ծննդավայրին՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, եւ կը նկատուի թրքական օփերայի հիմնադիրը։

Տիգրան Չուխաճեան | Արմէն Տիգրանեան

Չուխաճեանէն ետք, հայկական օփերայի պատմութեան մէջ համբաւ վաստակած է Արմէն Տիգրանեանը (1879-1950), հեղինակը «Անոյշ», «Դաւիթ Բէկ» եւ այլ երաժշտական գործերու։ Ի տարբերութիւն Չուխաճեանէն, Տիգրանեանի մեղեդիները այնքան կնքուած են հայկական երաժշտութեան երանգներով, որ յաճախ կը կարծենք թէ անոնք ժողովրդական երգեր են (տե՛ս «Ամպի տակից ջուր է գալիս», «Ասում են ուռին» երգերը)։ Անդրադառնալէ ետք Տիգրանեանի ստեղծագործական կեանքին, Քէշիշեան խօսեցաւ հայկական համանուագային (symphonic) նուագախումբի հիմնադիր Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928) մասին, որուն գրիչին կը պատկանի «Էնզելի» ժողովրդական պարի եղանակը։

Հայկական երաժշտութեան մասին որեւէ դասախօսութիւն անկատար պիտի ըլլայ, եթէ չանդրադառնանք անշրջանցելի Կոմիտաս Վարդապետին (1869-1935): Տրուած ըլլալով, որ Կոմիտասի վաստակի արժանի գնահատում մը կրնայ մէկ դասապահէ աւելի խլել, Քէշիշեան անոր անդրադարձը յետաձգեց մէկ այլ անգամու։

Դասին յաջորդ բաժնով, Քէշիշեան խօսեցաւ համաշխարհային հռչակ վաստակած երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի (1903-78) մասին։ Բացի «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէներէն, Խաչատուրեանի հանրածանօթ ջութակի concerto-ն ըստ արժանւոյն գնահատուած եւ բազմիցս նուագուած է աշխարհահռչակ ջութակահարներու կողմէ։ Խաչատուրեան իր կեանքին մեծամասնութիւնը ապրած է Մոսկուայի մէջ, ուր Շոսթաքովիչի եւ Փրոքոֆիեւի հետ իր մօտէն շփումները լայն բացած են սահմանները իր հորիզոնին։

Նախքան աշխատանոցային բաժնին անցնիլը, Քէշիշեան խօսեցաւ հայկական երգչախմբային արուեստին մասին։ Առաջին հայկական բազմաձայն երգչախումբի հիմնադրութիւնը կը վերագրուի Քրիստափոր Կարա-Մուրզային (1853-1902), որուն տրուած է «շրջուն դպրոց» մակդիրը, տրուած ըլլալով, որ ան քաղաքէ քաղաք կը շրջէր եւ տեղւոյն վրայ երգչախումբեր կը կազմէր. անոնց թիւը կը հասնի 90-ի։ Քէշիշեան բացատրեց, որ իրմէ առաջ, երգչախումբերը միաձայն էին, այդպիսով ցոլացնելու համար Հայց. եկեղեցւոյ միաստուածութեան դաւանանքը։ Այդ իսկ պատճառաւ, Կարա-Մուրզայի բազմաձայն երգչախումբեր կազմելու ճիգերը բախած են եկեղեցական հաստատութեան ընդդիմութեան։ Ասով մէկտեղ, յայտնեց դասախօսը, ան յաջողած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ բազմաձայնութիւն մտցնել։ Կարա-Մուրզան է նաեւ մեր բազմաձայն պատարագի առաջին մշակողը. սակայն երբ ան լսած է Եկմալեանի մշակումը, զայն աւելի յաջող նկատելով իր գործը քաշած է հրապարակէն։

Կարա-Մուրզայի նման, երգչախմբային արուեստի պատմութեան մէջ մեծ է վաստակը Մակար Եկմալեանի (1856-1905)։ Ան ծանօթ էր Համբարձում Լիմոնճեանի (1768-1839) 1813-ին ստեղծած հայկական նոթագրութեան, որու նոր նշանները կը դիւրացնէին երաժշտութեան գրառումը յօրինման պահուն։ Քէշիշեան նշեց, որ դարձեալ Կարա-Մուրզայի նման, Եկմալեանի պատարագը իր բազմաձայնութեան պատճառաւ մերժուած է եկեղեցւոյ կողմէ, եւ ինք ստիպուած՝ Փեթերսպուրկի իր ուսուցիչներէն արժանաւորութեան վկայագրեր բերած է ինքզինք հաստատելու համար։ Եկմալեան եղած է Կոմիտասի առաջին լուրջ ուսուցիչներէն մէկը, եւ այս վերջինը նշած է, որ Եկմալեան ձրի կը դասաւանդէր։ Իր ուսանողին նման, Եկմալեան ի վերջոյ կորսնցուց իր մտային հաւասարակշռութիւնը, սակայն իր յօրինումները, ինչպէս «Ով հայոց աշխարհ», «Վարդանի մահը» (խօսք Գամառ-Քաթիպայի, (Ռափայէլ Պատկանեան, 1830-92) եւ «Պլպուլն Աւարայրի» (խօսք՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի, (1820-1901) մինչեւ այսօր սիրելի են մեզի։

Քրիստափոր Կարա-Մուրզա | Մակար Եկմալեան

Վերջապէս, դասախօսը նշեց վերոյիշեալ անուններէն նուազ ծանօթ՝ սակայն նոյնքան որակեալ երաժշտութիւն յօրինած կարգ մը անուններ։ Անոնցմէ են Գրիգոր Եղիազարեան (1908-88), հեղինակը «Սեւան» պալէին, որ ցարդ չէ բեմադրուած։ Խաչատուրեանի «Գայիանէ»-ին նման, այս գործը եւս ունի հայկական ժողովրդական մեղեդիներ։ Նոյնն է պարագան Գէորգ Արմէնեանի (1920-2005) «Աբեղայ» օփերային, որ հիմնուած է Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատերախաղին վրայ։

Անցնելով աշխատանոցային բաժնին, դասախօսը յայտնեց, որ խմբային աշխատանքով ուսանողները պիտի սորվէին երգել Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) յօրինումներէն «Հայրենի կարօտ» երգը (խօսք՝ Սմբատ Շահազիզի)։ Քէշիշեան նախ տուաւ Բարսեղ Կանաչեանի կենսագրական տուեալները. ուսուցիչ, երգահան եւ խմբավար Կանաչեանը գլխաւորաբար գործած է Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ։ Իր հիմնադրած երգչախումբը կը կրէր իր մեծ ուսուցչին՝ Կոմիտասի հիմնադրած երգչախումբին անունը՝ «Գուսան»։ Կանաչեանի այս հակիրճ ծանօթացումէն ետք, Քէշիշեան ստուգեց ուսանողներուն ճիշտ երգելու ճարտարութիւնը, ըստ այնմ զանոնք խմբելու համար։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ ուսանողները մեծ բաւականութիւն ստացան թէ՛ նոր երգ մը սորվելով, եւ թէ՛ հայ երաժշտութեան մասին այս դասը գոհունակութեամբ ընկալելով։