Հայկական առակներ Բ.

Հայկական առակներ Բ.

ԼՇՀ դասընթացքի շաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2025ի դասանիւթը հայկական առակներն էին, իսկ նիւթը ներկայացնողը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանը։ Այս նիւթը ան նախապէս ներկայացուցած էր 20 մարտ 2022ին, սակայն այդ թուականէն ասդին դասընթացքին միացող ուսանողներուն համար, Թիւֆէնքճեան այս անգամ վերամշակած էր նիւթը, կեդրոնանալով արեւմտահայերէնով գրուած առակներու վրայ։

Այս դասապահին համար, Թիւֆէնքճեան ընտրած էր երեք արեւմտահայերէն առակներ. Նշան Պէշիկթաշլեանի «Աղուէսն ու կաքաւը» եւ «Աւանակին ուղեղը», ինչպէս նաեւ Յ. Գեղարդի «Խոզին ու առիւծին մենամարտը»։ Իւրաքանչիւրի ընթերցումը առիթ հանդիսացաւ, որ ուսանողները ծանօթանան Պէշիկթաշլեանի եւ Գեղարդի բառապաշարին, այդպիսով առակները աւելի ամբողջականօրէն ընկալելով։

Յաջորդաբար, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն տուաւ առակներու յատկանիշերուն մասին որոշ բացատրութիւններ։ Այնուհետեւ, Թիւֆէնքճեան հրաւիրեց ուսանողները, որ խմբային աշխատանքով յօրինեն առակներ։ Ուսանողներու ստեղծագործութիւններէն մի քանին կը ներկայացնենք ստորեւ.

Սարդը եւ ճանճը

Բանջարանոցին մէջ, վարդերու թուփերու կողքին, աշխատասէր սարդը հանդարտ եւ ինքնավստահ շարժումներով իր ապագայ ոստայնի թելերը կը նետէր, պարտիզպանին լքուած ու փտած եղէգէ գլխարկէն դէպի պատուհանին եզերքը: Մէկ վեր, մէկ վար, քիչ մը աջ, յետոյ ձախ՝ ապա շեղակի եռուզեռով ոստայնը ձեւ կ’առնէր:

Իր գործով հիացած սարդը պահ մը դադար կ’առնէ ու կը կորսուի: Քիչ մը անդին, սկրթած ու հպարտ ճանճ մը, զզուելի ու անհանդարտ շարժումներով, կը շրջի պարտէզի բանջարանոցի քաղցր ծաղիկներուն շուրջ, թառամած պանանի ու  սեխի կեղեւներու մնացորդացը լզելով: Անյագ իր յաղթական նուաճումներէն, նոյն ճարպիկութեամբ եւ լկտիաբար կը մօտենայ պարտիզպանին ձեռքի հիւթոտ դեղձին քաղցրութիւնը վայելելու: Երբ յանկարծ անակնկալօրէն կը լսուի պարտիզպանին ձայնը, «Ո՜ւֆ, կորսուէ՛,  զզուելի ու աներես ճանճ, ինչպէ՞ս կը համարձակիս մօտենալ դեղձիս ազնուական քաղցր հիւթին»:

«Հա՛-հա»:

Ճանճը ճկուն շարժումով խոյս կուտայ պարտիզպանին հարուածէն եւ ծիծաղելով՝ չես գիտեր ինչպէս, կը հասնի սարդի ոստայնին, ուր արդէն սարդը կ’ամբողջացնէր ասեղնագործի վերջին կէտը:

Մինչ սարդը հպարտ-հպարտ եւ հիացմունքով կը դիտէ իր արուեստի գործը, յանկարծ մեր հերոս ճանճը ոլորապտոյտ եւ հեզաճկուն շարժումներով պար տալով կը հասնի եւ անզգալաբար կը կպչի ոստայնին ճիշտ կեդրոնը, վերջ տալով իր զուարճութեան եւ սկիզբ՝ իր անսպասելի ճակատագրին:

Սարդը անդին տեսնելով իր զոհը, հպարտ եւ յաղթական կ’ըսէ, «Աներեսութեանդ պատճառով հոս հասար եւ մէկ թելի զոհը դարձար»:

Սոխակը եւ կաչաղակը

Հաւաքեց սոխակը

Իր աշակերտները բոլոր

Եւ ինչպէս ամէն շաբաթ օր

Սկսաւ իր դասը նոր։

Հազիւ անցած իր նիւթին,

Կաչաղակն էր այդ խումբին,

Որ ընդմիջեց վերստին

Միտքեր տալով անմեկին։

Եւ ընդմիջումներն այսպիսով,

Բնոյթովն իրենց վարակող,

Խանգարեցին սոխակին

Փոխանցումներն անխռով։

Հարց ծագեցաւ թէ ո՞վ է

Վարժապետը խմբակին։

Կաչաղակնե՞րը նորեկ,

Թէ սոխակը թանկագին։

Ծառն ու գետը

Ծառը, կանգնած հպարտ իր ձիգ հասակով, հմայուած էր իր թաւ, կանաչ տերեւներով: Ան արհամարհանքով կը նայէր իր մօտէն հոսող պղտոր ջուրերով գետին:

«Օօօօ, ո՛վ աղմկոտ պղտոր ջուրերով գետ, կը բաւէ միջատներ հաւաքես շուրջ բոլորս եւ մթնոլորտը ապականես»:

«Բայց չես մտածեր որ ես քեզի համար օգտակար տարր մըն եմ», կ՚ըսէ գետը. «Ես եմ որ իմ ջուրերով կ՚ոռոգեմ արմատներդ»:

«Ի՞նչ օգտակարութիւն, միայն ձայն եւ նողկանք ես»:

Գետը, շատ ընդվզած, կ՚որոշէ դաս մը տալ այս հպարտ եւ ինքնահաւան ծառին ու կ՚ըսէ. «Ուրեմն ես քեզի նողկանք կը պատճառե՞մ։ Շատ լա՛ւ, ես որոշեցի ուղիս փոխել, որպէսզի քեզ չնեղացնեմ:

Եւ ծառը կը գործադրէ իր որոշումը:

Մի քանի եղանակ ետք, հպարտ ծառը կը դառնայ խեղճ ու կրակ, ջուրի կարօտ:

Յիշեալ նոր առակներու ընթերցումով ալ աւարտեցաւ այս դասապահը։