ԼՇՀ դասընթացքի այս եռամսեակի ուսանողները սկսած են իրենց ուսանողական աշխատանքները պա
տրաստել։ Անոնցմէ չորսը, Զեփիւռ Ասատուրեան, Նանոր Աշնա Սնապեան Լիպարեան, Մայտա Մանուկեան եւ Ալին Շողեր Մարգարեան, շաբաթ, 2 նոյեմբերին արդէն իսկ կատարեցին իրենց ներկայացումները։
Զեփիւռ Ասատուրեանի նիւթը երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեան երգիծագիրն էր։ Որպէս նախաբան, ան յայտնեց, թէ իր աշխատանքին միտք բանին պարզապէս հեղինակին գործերուն ներկայացումը չէր, այլ 1961-ի գարնան գրողին երեք ամիս Հալէպ կեցութեան ընթացքին գոյացած կապը իր ընտանիքին հետ։
Ահաւասիկ Պէշիկթաշլեանի Հալէպ ժամանումը աւետող լուրը, քաղուած Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթի երեքշաբթի, 28 մարտ 1961 թիւէն։

Պէշիկթաշլեանի եւ իր հօր Յարութիւն Հաճեանի կապին մասին խօսելէ առաջ, Ասատուրեան սահիկներով ներկայացուց երգիծաբանին կենսագրական տուեալները։ 1915-ի Ցեղասպանութենէն եօթ տարի անց, ան հեռացած է իր ծննդավայր Պոլիսէն եւ Եւրոպայի մէջ մի քանի տարի այլեւայլ վայրեր ապրելէ ետք, ի վերջոյ կայք հաստատած Փարիզ։ Պէշիկթաշլեան հեղինակն է քսանէ աւելի բազմասեռ գործերու, ընդ որում թատերախաղեր եւ երգիծական գրութիւններ, բայց մանաւանդ Թատերական դէմքեր անզուգական գործը, որ 1140 էջերով կը ներկայացնէ ԺԹ. եւ Ի. դարերու հայ թատրոնի պատմութիւնը, թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ՛ արեւելահայ ճակատներու վրայ։
Ապա Ասատուրեան մանրամասնեց Պէշիկթաշլեանի եւ իր տիկնոջ Հալէպ կեցութեան ընթացքին Հաճեան ընտանիքին ծանօթանալու պարագաները։ Յարութիւն Հաճեան սափրիչ եղած է, եւ ըստ երեւոյթին, Պէշիկթաշլեան անոր ներկայացած է իբր յաճախորդ։ Հաճեան գրասէր անձնաւորութիւն մըն էր, ինչ որ մեծ գրողին եւ իր միջեւ հետաքրքրութիւններու հասարակաց գետին մը ստեղծած է։ Փարիզ վերադարձէն ետք, Պէշիկթաշլեան Հաճեանի ուղարկած է առնուազն չորս նամակներ, որոնց պատճէնները գուրգուրանքով կը պահուին ցարդ Հաճեան ընտանիքին մօտ։ Ահա այդ ձեռագիր նամակներէն մէկուն թուայնացած պատճէնը.

Նամակներու ընթերցումէն պարզ կը դառնայ, թէ ինչպիսի նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ ապրած է գրագէտը, բան մը որ կը վկայեն իր վաստակին անդրադարձող հրապարակագիրները։ Ահաւասիկ Նազարէթ Պէրպէրեանի այդ մասին վկայութիւնը «Ազդակ» օրաթերթի 11 սեպտեմբեր 2015-ի թիւին մէջ. «Պէշիկթաշլեան անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, բայց բնաւ վար չդրաւ գրիչը. ապրուստի դժուարութեանց եւ հիւանդութեան դէմ շարունակ պայքարեցաւ, բայց բարութիւնն ու լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց»: Ասատուրեան աւարտեց իր ներկայացումը պաստառին վրայ իր հօր եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։
Օրուան երկրորդ ներկայացումը կատարեց Նանոր Աշնա Սնապեան Լիպարեան, որ սահիկներով մեր ուսանողներուն ներկայացուց արեւմտահայ զանգուածներուն համար գրեթէ անծանօթ պարսկահայ բանաստեղծ մը, Վարանդը։ Բուն անունով Սուքիաս Քիւրքճեան, ապագայ բանաստեղծը ծնած է Թեհրան, 1954-ին։ Հայագիտութեան ճիւղին մէջ իր մասնագիտական ուսումը ստացած է Իրանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ։ Հայերէնով եւ պարսկերէնով հրատարակած է քառասունէ աւելի բանաստեղծութիւններու հատորներ, ոմանք դիւցազնավէպերու կամ պոէմաներու ոճով։ Վարանդի բանաստեղծութիւններէն ստուար թիւ մը լոյս տեսած է «Բագին» գրական հանդէսին մէջ։ Վարանդ քանիցս գրաւած է գրական մրցանակներու առաջին դիրքը եւ պարգեւատրուած է պատուաբեր շքանշաններով։ Լիպարեան յայտնեց, որ քիչ չեն նաեւ Վարանդի խօսքերով յօրինուած հայերէն երգերը, որոնցմէ մի քանին ուսանողները ունկնդրեցին YouTube-ի հարթակին վրայ։ Ապա, Լիպարեանի առաջնորդութեամբ անոնք առիթ ունեցան կարդալու Վարանդի բանաստեղծութիւններէն մի քանին՝ «Շատ երազելուց», »Երազիս նաւը», «Գիշերային կարօտ» եւ այլք։
Վերջացնելէ առաջ, Լիպարեան յայտնեց, թէ անցնող օրերուն կապ հաստատած է բանաստեղծին հետ եւ անոր տուած մեր դասընթացքի այս եռամսեակի Հարցազրոյց պատրաստելու աշխատանոցէն (19 հոկտեմբեր) կարգ մը հարցումներ, այդպիսով գործնական կիրարկումի բերելով յիշեալ դասին իր իւրացուցած գիտելիքները։

Դադարէն ետք, կարգը Մայտա Մանուկեանինն էր։ Ան ներկայացուց բանաստեղծական ձեւաչափերէն ակրոստիքոսը, որ կը կազմուի բանաստեղծութեան մը տողերու առաջին տառերուն ուղղահայեաց ընթերցումով, եւ որուն արդիւնքը կ՚ըլլայ անուն մը, խօսք մը կամ պատգամ մը։ Հայկական մատենագրութեան մէջ, բազմաթիւ են ակրոստիքոսի օրինակները, որոնցմէ մին՝ Ներսէս Շնորհալիի «Նորահրաշ պսակաւոր» շարականի խօսքերը Մանուկեան բերած էր իր հետ։

Մանուկեան նշեց, որ հայ արդի բանաստեղծութեան մէջ, ակրոստիքոսի վարպետն է Եղիշէ Չարենցը, որուն ծածկագիր «Պատգամ» բանաստեղծութեան տողերուն առաջին տառերը կը կազմեն իր հռչակաւոր խօսքը՝ «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»։ Բանաստեղծութիւնը (աբեղեանական ուղղագրութեամբ) լոյս տեսած է Չարենցի Գիրք ճանապարհի (1933, 1934) երկին մէջ, սակայն ստալինեան գրաքննութիւնը հատորը որակած է «նացիոնալիստական» եւ հակայեղափոխական դրսեւորում, որուն հետեւանքով 1936-ին բանաստեղծը ձերբակալուած ու բանտարկուած է։ Մանուկեան ներկայացուց այս դրուագի մանրամասնութիւնները եւ բանաստեղծին մահուան պարագաները բանտին մէջ, 1937-ին։
Իր ներկայացման աւարտին, Մայտա Մանուկեան անակնկալ մը վերապահած էր դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանին։ Ան ուսանողներուն ընթերցեց իր յօրինած «Ձմրան շեմին» բանաստեղծութիւնը.

Օրուան վերջին ներկայացումը կատարեց Ալին Շողեր Մարգարեան, որ իր նիւթը վերնագրած էր «Նորանոր նորաբանութիւններ»։ Ան նախ թուեց այն պայմանները եւ ընկերային յարաբերութիւններու ոլորտները, որոնք կը խթանեն նոր բառերու գոյառումը՝ բոլոր լեզուներուն մէջ։ Այսպէս, օրինակ, ան պատմեց, թէ ինչպէս ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան տարեկան բանակումներէն մէկուն ընթացքին, շրջանառութեան մէջ մտած է «ճիկատ» բառը, որ հաւանաբար ծնած է «ճակատ» բառին հնչումին դիտաւորեալ աղաւաղումով։ Յաջորդաբար, ան անդրադարձաւ հայերէնի պատմական հոլովոյթի փուլերուն, ինչպէս նաեւ տեղական բարբառներու միջավայրերուն մէջ ծնած բառերուն։

Մարգարեան ապա նշեց, որ պատանիները ամենուր կը հանդիսանան նորաբանութիւններ ստեղծող ընկերային խաւերէն ամենէն աշխոյժը։ Անոնք կը ձեւաւորեն իրենց յատուկ լեզուն, որոշ դիտաւորութեամբ։
Այդ երեւոյթը կը բացատրուի հետեւեալ ազդակներով.
- Կը ձգտին իրենց պատկանելիութիւնը հաստատել խմբակի մը հետ։
- Չափահասներու խումբին բացարձակապէս չեն ուզեր մաս կազմել։
- Բնականաբար կ’ուզեն գրգռել եւ բախում կը փնտռեն չափահասներուն հետ։
- Խաղի վարպետներ են. լեզուն փորձադաշտ եւ խաղավայր է։
- Ստեղծագործ եւ արուեստագէտ ոգի ունին։
- Ինքնավստահ եւ դիմադրողական են։
Մարգարեան նաեւ նշեց, թէ այս վերջին ազդակը բոլոր ժամանակներուն մաս կազմած է պատանիներու նկարագրին։ Այդ մասին կը վկայէ Սոկրատի ծանօթ խօսքը. «Այսօրուան պատանիները շռայլութիւն եւ մսխում կը սիրեն: Անկիրթ են, հեղինակութեան հանդէպ անտարբեր, տարեցներուն հանդէպ անարգանք կը ցուցաբերեն, եւ փոխանակ գործելու՝ կը շատախօսեն:»
Ի վերջոյ, Մարգարեան թուեց բազմաթիւ օրինակներ վերջին տարիներուն տարածուած անգլերէն եւ հայերէն նորաբանութիւններէ, որոնց միայն ծանօթ էին մեր ուսանողներէն պատանիներն ու երիտասարդները։ Որպէս եզրակացութիւն, Մարգարեան յայտնեց, թէ «Լեզուներու արագընթաց յեղափոխութիւնը կը պարտինք ոչ միայն մտաւորականներու, այլ նաեւ պատանիներու»:
Այդպիսով վերջ գտաւ այս խիստ հետաքրքրական ներկայացումներու շարքը։