Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Ինչպէս որ տեղեակ էք արդէն, ամիսներէ ի վեր հայ ազգը կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ։ Այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նման, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը եւս լծուեցաւ իր միջոցներով ձեռք երկարելու Լիբանանի եւ Արցախի օժանդակութեան ծրագրերուն։

Այսպէս, համագործակցութեամբ Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, Սեպտեմբերի 27-ին, Պոլսահայ Միութեան «Դանիէլ Վարուժան» ցուցասրահին մէջ, բացումը կատարուեցաւ Մոնթրէալի հայ արուեստագէտներու նկարչական գործերուն ցուցահանդէս-վաճառքին, որուն իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին 24 Մոնթրէալաբնակ արուեստագէտներ նուիրելով 45 գործեր։

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ հակառակ համաճարակի դժուար պայմաններուն, ցուցահանդէսը հասաւ իր նպատակին եւ Նոյեմբերի 15-ին յաջողութեամբ պսակեցինք սոյն ծրագիրը։ Ընդհանուր առմամբ վաճառեցինք 25 գործեր եւ կարողացանք հանգանակել $15,125 գանատական տոլար, որ CAMAM-ին միջոցաւ յանձնուեցաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին։

Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն կ՚ուզենք յայտնել հետեւեալ արուեստագէտներուն իրենց ազնիւ եւ սիրայօժար մասնակցութեան համար՝

Այտա Ղարիպեան, Անահիտ Ապրամեան, Արա Սամսոն, Արեգ Էլիբէկեան, Պայծառ Աւետիքեան, Պետրոս Արսլանեան, Պերճ Չաքըճեան, Տորոթի Մանուկեան, Էլօ Տէր Մելքոնեան, Կարպիս Թէրզեան, Կարէն Պետրոսեան, Կարօ Մարկոսեան, Յովիկ Պողոսեան, Հրայր Խաչերեան, Ժիրայր Գույումճեան, Ժոզէֆ Մանտալեան, Գէորգ Թորոսեան, Գրիգոր Ակոբեան, Մարինէ Զուլոյան, Սարգիս Փապուճեան, Շարա Փափազեան, Վաչէ Արաքելեան, Եւգինէ Տը Կրէէֆ։

Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Պոլսահայ Միութեան վարչութեան, որուն համագործակցութեամբ եւ ցուցասրահի տրամադրութեամբ կարողացանք իրականացնել սոյն ծրագիրը։

Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղ

Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն