Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ Բ4-4

ԼՇՀ դասընթացքի ութերորդ եռամսեակի ուսանողական աշխատանքներու վերջին ներկայացումները կայացան շաբաթ, 10 մայիս 2025ին։ Մեր ուսանողներէն երեքը՝ Լինա Սուլթանեան (Ներսէս Հատիտեանի աջակցութեամբ), Մարալ Պէրպէրեան եւ Սօսի Իսկէնեան իրենց դասընկերներուն յաջորդաբար ներկայացուցին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծառայող կղերականներու հանդերձները, բանաստեղծ եւ վիպագիր Վահան Զանոյեանը եւ անզուգական լեզուաբան ու բառարաններու հեղինակ Հրաչեայ Աճառեանը։

Եկեղեցական հանդերձներ

Լինա Սուլթանեան եւ Ներսէս Հատիտեան սահիկներու ընկերակցութեամբ մանրամասն տեղեկութիւններ տուին եկեղեցական զգեստներու մասին, նշելով իւրաքանչիւրին նկարագրութիւնը, ծագումը եւ խորհրդանշանական իմաստը։ Այսպէս, ուսանողները ծանօթացան հետեւեալ զգեստներուն կամ զգեստի յարակից մասերուն. սքեմ, վեղար, փակեղ, փիլոն, ուրար,սաղաւարտ, բազպան, վակաս, խոյր, եմիփորոն, պանակէ, ասա եւայլն։ Սուլթանեանի եւ Հատիտեանի տուած սպառիչ տեղեկութիւնները տուն տուին ուսանողներու այլեւայլ հարցումներուն։

Վահան Զանոյեան

Յաջորդ ներկայացումը կատարեց Մարալ Պէրպէրեան, որ իր աշխատանքը վերնագրած էր Վահան Զանոյեան եւ մարդկային առեւտուրի ողբերգութիւնը։ Պէրպէրեան նախ տուաւ Զանոյեանի կենսագրական տուեալները։ Ան ծնած է Լիբանան 1951-ին, Այնճարցի ծնողներէ: Պէյրութի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, կ՚անցնի Միացեալ Նահանգներ եւ Փենսիլվանիայի համալսարանէն կը ստանայ իր դոկտորական աստիճանը, մասնագիտանալով ուժանիւթի եւ. դրամատնային հարցերու մէջ: Պէրպէրեան յայտնեց, թէ այդ տարիներուն զինք յաճախ կարելի էր տեսնել PBS եւ այլ պատկերասփիւռի կայաններէ՝ քարիւղի հարցերու քննարկման ատեն: Ան միայն մի քանի տարի առաջ, աշխատանքէ դադրելէ ետք, բացայայտեց, որ իր հիմնական աշխատանքը տնտեսական հարցերու խորհրդատուութիւն եղած է աւելի քան քսան պետութիւններու՝ Նորվեկիայէն մինչեւ Օման, մասնաւորաբար երբ անոնք տնտեսական շրջափակման մէջ գտնուած են: Լիբանանէն ետք՝ Զանոյեան ապրած է Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ եւ Պահրէյնի մէջ: Ներկայիս՝ Հայաստան եւ ԱՄՆ:

Վահան Զանոյեան

Ուսանողութեան տարիներուն, պատմուածքներ եւ յօդուածներ կը գրէ«Բագին» ամսագրի եւ «Ազդակ» օրաթերթի մէջ: Աւելի քան երեսուն տարուան դադարէ ետք, ըսաւ Պէրպէրեան, Զանոյեան կը վերադառնայ գրականութեան, նախ՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն բանաստեղծութիւններով՝ Վերադարձ (2010) եւ Եզրէն դուրս (2011)։ 2013ին կը հրատարակէ անգլերէնով երկու վէպերէն առաջինը՝ A Place Far Away, իսկ յաջորդ տարին՝ The Doves of Ohanavank։ Երկու գործերն ալ կը ներկայացնեն Հայաստանի մէջ առկայ մարդկային առեւտուրի եւ մարմնավաճառութեան ողբերգութիւնը: Բաց աստի, Զանոյեան հեղինակն է The Sacred Sands (2016) հատորին, որու նիւթը կու գայ ուժանիւթի աշխարհէն, եւ Waking Noah’s Vines (2019) վէպին, որ կը պեղէ գինիի պատրաստութեան պատմութիւնը եւ վերազարթնումը Հայատանի մէջ, ընդհանրապէս սփիւռքահայերու նախաձեռնութեամբ: Զանոյեան ունի նաեւ տասնեակներով ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ վառելանիւթի մասին:

Վահան Զանոյեանի գործերը

Հրաչեայ Աճառեան

Օրուան վերջին ներկայացումը կատարեց Սօսի Իսկէնեան, որ պրպտած էր հայկական լեզուագիտութեան համբաւաւոր դէմքերէն՝ եթէ ոչ ամենէն համբաւաւորին, Հրաչեայ Աճառեանի կեանքն ու վաստակը։ Իսկէնեան նշեց, որ Աճառեանի գործերը այսօր կ՚ուսումնասիրեն ոչ միայն անհատներ, այլեւ հիմնարկներ եւ հաստատութիւններ։ Հռչակաւոր գիտնականը ծնած է Պոլիս, 1876ին։ Մանկութեան կը կորսնցնէ ձախ աչքին տեսողութիւնը, որ սակայն արգելք չի զսպանակեր իր լեզուներ ուսանելու փափագը։ Իսկէնեան յայտնեց, թէ տասներկու տարեկանին, Աճառեան կը տիրապետէր ֆրանսերէնի, թրքերէնի, պարսկերէնի եւ աշխարհաբար ու գրաբար հայերէնի։ Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանի աշակերտութեան տարիներուն, ինքնաշխատութեամբ ան նաեւ կը սորվի յունարէն, եբրայերէն, լազերէն եւ անգլերէն։ Չափահաս տարիքին, ըսաւ Իսկէնեան, Աճառեան քաջածանօթ էր տասնութ լեզուներու։ Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, իր ուսումը կատարելագործելու համար ԱՃառեան Փարիզ կ՚երթայ երկու ընկերներու հետ։ Այդ օրերու անցուդարձը ճշմարտապէս նկարագրելու համար, Իսկէնեան հատուածներ կարդաց Աճառեանի Կեանքիս յուշերից հատորէն (1967)։

Հրաչեայ Աճառեանը Շուշիի մէջ, 1904ին

Փարիզի մէջ Աճառեան երեք տարի կ՚աշակերտէ հռչակաւոր հայագէտ Անթուան Մէյեի (1866-1936), մէկ տարի ալ կը հետեւի գերմանացի հայագէտ Հայնրիխ Հիւփշմանի (1848-1908) դասախօսութիւններուն, Սթրազպուրկի մէջ։ 1898ին զինք կը գտնենք Էջմիածին, ապա Շուշի, Թաւրիզ, Նոր Նախիջեւան եւ Կարին, ամենուր նուիրուած ուսուցչութեան։ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ Աճառեան կը մտերմանայ Կոմիտասին, Խրիմեան Հայրիկին, Մանուկ Աբեղեանին եւ մանաւանդ Նիկողայոս Մառին հետ։ Շուշիի մէջ, ուր Աճառեան գացած էր ուսումնասիրելու Ղարաբաղի բարբառը, երիտասարդ գիտնականը կը հանդիպի իր առաջին կնոջ Արուսեակին, որ իրենց ամուսնութենէն քիչ անց կը մահանայ՝ հաւանաբար հոգեկան կամ մտային խանգարումի հետեւանքով։ Իսկէնեան պատմեց, թէ մեծանուն գիտնականը խոր կսկիծ կ՚ապրի իր սիրեցեալին մահուան։ Տարիներ ետք, Աճառեան կը ծանօթանայ Սոֆիա Վարդանեանի հետ, որ իր երկրորդ կինը պիտի ըլլար։

Աճառեան, կինը Սոֆիան եւ իրենց դուստրը Քնարիկ։

1936ին, ստալինեան բռնաճնշումի օրերուն, Աճառեան կը ձերբակալուի հակախորհրդային շահերու ծառայելու եւ լրտեսութեան մեղադրանքով։ Բանտին մէջ, գիտնականը կ՚ենթարկուի ահաւոր խոշտանգումներու, նշեց Իսկէնեան։ 1939ին արդարացուելէ ետք, գիտնականը կը վերամիանայ իր ընտանիքին եւ կը շարունակէ իր գիտա-հետազօտական աշխատանքը մինչեւ իր մահը 1953ին։

Աճառեան հեղինակն է քսանէ աւելի գիտական աշխատութիւններու, որոնք նոր ուղիներ բացած են հայկական լեզուաբանութեան մէջ։


Հրաչեայ Աճառեանը Մարտիրոս Սարեանի վրձինով