Լեւոն Շանթ (1869-1951), Եղիշէ Չարենց (1897-1937), Միսաք Մեծարենց (1886-1908), Ռուբէն Սեւակ (1885-1915), Դանիէլ Վարուժան (1884-1915), Նիկողոս Սարաֆեան (1902-72), Վահան Թէքէեան (1878-1945), Զուլալ Գազանճեան (1936-2009), Սեւդա Սեւան (1945-2009) եւ Շահպան։ Տասը բանաստեղծներու անուններ, որոնց համատեղումը երկրորդական վարժարաններու հայ գրականութեան դասագրքերէն դուրս գրեթէ անհնար է։ Այդուհանդերձ, այդ էր որ տեղի ունեցաւ ԼՇՀ դասընթացքի շաբաթ 16 նոյեմբեր 2024-ի դասին. դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանը յիշեալ անուններէն մէկական բանաստեղծութիւն ընտրած եւ անոնց միջեւ զուգակցութեան եզրեր գտնելով կազմած էր հինգ զոյգ բանաստեղծութիւններ։

Ուսանողները նախ կարդացին Լեւոն Շանթի եւ Եղիշէ Չարենցի «Գիշերապահը» վերնագրած երկու բանաստեղծութիւնները։ Առաջինին մէջ, գիշերապահը գաւառէն մայրաքաղաք եկած պանդուխտ մըն է, որ խոր գիշերուան մէջ կը վերյիշէ մեծ-մօր պատմած առասպելանման պատմութիւնները իրեն ու փոքր քրոջ, մինչ «… բուքը տնակի երդէն / այլանդակ ձայնով կը հանէ հոգոց։ / Ահեղ ոռնումով կարծես կը խօսի, / կը սուլէ բառեր բիրտ ու չլսուած, / բա՛ռ, որ դժոխքի խորքէն կը հոսի… / Ու խաչ կը հանէ հանին երկիւղած»։ Տղաքը «… լուռ կը նային իրար / ու ամէն մէկը կը խորհի ինքնին, / որ նոր Մհեր մը դառնայ անպատճառ, / երբ ինքն ալ հասնի անոր տարիքին»։ Թիւֆէնքճեան դիտել տուաւ, որ Շանթի բանաստեղծութիւնը կ՚արձագանգէ Յովհաննէս Թումանեանի (1869 – 1923) «Լոռեցի Սագոն» բանաստեղծութեան։ Անդին, Չարենցի «գիշերապահը» խօսքը կ՚ուղղէ իրենց տաքուկ տուներուն մէջ քնացող ունեւոր մարդոց. «Քայլում եմ եւ լուռ մտածում եմ ես, / Որ չունեմ ձեզ պէս ոսկիներ, գանձեր, / Բայց գիշերների մենակութեան մէջ / Ձեր ոսկիների հսկողն եմ դարձել»։ Ուսանողները անմիջապէս նկատեցին, թէ Չարենցի մօտ շեշտուած կերպով կը բացայայտուի դասակարգային անջրպետի խնդիրը, որ հիմնաքարն է բանաստեղծին դաւանած համայնավարական գաղափարախօսութեան։
Յաջորդաբար, ուսանողները կարդացին Միսաք Մեծարենցի (1886-1908) «Հովը» եւ Ռուբէն Սեւակի (1885-1915) «Երթալ»ը, Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915) «Գարնան անձրեւ»ը եւ Նիկողոս Սարաֆեանի (1902-72) «Անձրեւին տակ»ը, Վահան Թէքէեանի (1878-1945) «Պառաւ աղջիկ»ը եւ Զուլալ Գազանճեանի (1936-2009) «Հովին երգը», ինչպէս նաեւ Սեւդա Սեւանի (1945-2009) «Յուշ»ը եւ Շահպանի «Պելլա Քաֆեթերիա»ն։ Յիշեալ ընթերցումներէն իւրաքանչիւրին կը յաջորդէր ըստ կարիքի՝ տուեալ բանաստեղծութեան բառապաշարին ծանօթացումը։

Ընթերցումի եւ հասկացողութեան աշխատանքէն ետք, ուսանողները կազմեցին փոքր խմբակներ, որոնք զբաղեցան վերոնշեալ բանաստեղծութիւններուն միջեւ նմանութիւններ եւ հակադրութիւններ յայտնաբերելով, եւ այդ ճամբով՝ բանաստեղծներուն արտայայտած խորհուրդներուն փնտռտուքով։ Մէկ խօսքով, սենեակին մէջ կը թեւածէր անխառն գրական մթնոլորտ մը, որուն վայելքով ալ ուսանողները իրարմէ հրաժեշտ առին դասի աւարտին։