Համազգայինի Գանատայի շրջանի 42-րդ Շրջանային Ժողով

Համազգայինի Գանատայի շրջանի 42-րդ Շրջանային Ժողով

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 42-րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 28 Օգոստոս 2021-ին, Kingston, Four Points by Sheraton պանդոկին մէջ: 

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղէն 6 պատգամաւորներ, Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղէն 13 պատգամաւորներ եւ մէկ հիւր, Գէյմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղէն 2 պատգամաւորներ եւ մէկ հիւր եւ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղէն 1 պատգամաւոր: Վանգուվըրէն ժողովին կապուեցան առցանց:

Ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչը՝ ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ.Լորիկ Սապունճեան, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Համազգայինի մօտ ներկայացուցիչը՝ ընկ. Վահէ Յակոբեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութենէն ընկ. Արպի Ղազարեան:

Արժեւորելով ընթացաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը, ժողովականները զայն գտան յոյժ գնահատելի, մանաւանդ համավարակի պայմաններուն տակ: 

Յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան համար ժողովականները որդեգրեցին հետեւեալ մարզերուն վերաբերեալ բանաձեւեր. Արթլինքս, Աշակերտական Գրական Մրցոյթ, Խօսակցական Արեւմտահայերէնի դասընընթացք, «Լեւոն Շանթ» Հայերէնագիտական դասընթացք, Հրատարակչական, «Բագին» պարբերաթերթ: Նաեւ նկատի առնելով Լիբանանի տնտեսական տագնապը, ժողովը որոշեց օգնութիւն տրամադրել Համազգայինի Ճեմարանին , «Ուսուցիչ մը որդեգրել» ծրագիրով:

Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւն 2021-2022 տարերշրջանի համար, եւ ընտրուեցաւ ընկհ. Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան (Թորոնթօ), իսկ իրենց ընտրական շրջանը կը շարունակեն ընկերուհիներ Թամար Շահինեան, Ռոզմարի Սահակեան, Անիթա Թոպի (Մոնթրէալ ) եւ ընկհ. Էօժենի Բարսեղեան (Թորոնթօ)։

Միօրեայ Շրջանային ժողովը աւարտեցաւ Շաթաթ կէսօրէ ետք:

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն

27 Սեպտեմբեր 2021