Համազգայինի Ամանորը

Համազգայինի Ամանորը

Շաբաթ 11 Յունուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, հակառակ աննպաստ օդին, Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահին մէջ, համախմբուած էին շուրջ 150 Համազգայնականներ եւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի սատար կանգնող ազգայիններ, ընկերային ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ, միասնաբար նշելու Ամանորը։ Այս տարի, հրաւիրեալներու ցանկին մաս կը կազմէին Պոլսահայ Մշակութային Միութեան վարչութեան անդամները։

 

Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի Վարչութեան անունով, բարի գալուստի խօսքով, ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղիս ատենապետուհի՝ Թամար Շահինեան։ Ան իր խօսքին մէջ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք տարեշրջանի ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին, օժանդակելով Համազգայինի բոլոր ձեռնարկներուն, ըլլան անոնք պաշտօնեաներ թէ յանձնախումբերու անդամներ, կամ երգչախումբի, պարախումբի, թատերախումբի, Գրատարածի, Գրադարանի, երաժշտանոցի, Փոքրերու Պատմութեան ժամի, NetLinks-ի եւ Համազգայինի Ակումբներու անդամներ, որոնց սիրայօժար աշխատանքին շնորհիւ, մասնաճիւղը կը շարունակէ յաջողութեամբ կատարել իր առաքելութիւնը։

 

Այս տարուան Գնահատագրին արժանացաւ Համազգայինի պարտաճանաչ անդամներէն Համբարձում Փափազեան։ Ընկերուհի Շահինեան իր հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, անդրադարձաւ անոր գործունէութեան եւ ըսաւ՝ «Ան թէեւ վարչական կամ յանձնախմբային պաշտօններ չէ ստանձնած Համազգայինի մէջ, բացի «Մուշեղ Իշխան» գրադարանէն ներս, ուր տարիներով մասնակցութիւնը բերած է իր անսակարակ աշխատանքով, սակայն մի՛շտ ներկայ է մեր բոլոր ձեռնարկներուն եւ անդամական ժողովներուն անխտի՛ր, եւ առաջին ներկան, երբ տակաւին սուրճը պատրաստ չէ։ Մեզի համար նոյնքա՛ն կարեւոր տեղ կը գրաւէ բարոյական աջակցութիւնն ու քաջալերանքը մեր գործունէութեան ծիրէն ներս»։

 

Քաջալերելի էր երիտասարդներու ներկայութիւնը, մանաւա՛նդ «Անի» պարախումբին եւ իր յանձնախումբերուն։ Երկու պարախումբերն ալ հանդէս եկան պարային կատարումներով։ Ճօ Աւագեանի ղեկավարութեամբ, պարախումբը ներկայացուց «Հա Նինա Քոչարի» պարը, իսկ Եւա Հայրապետեանի ղեկավարութեամբ, պարախումբը ներկայացուց «Սարդարապատ» պարը, զոր նուիրեցին վերջերս, իրենցմէ առյաւէտ բաժնուած պարախումբի նախկին անդամներէն Դուման Կիւրիւնլեանին։

 

Ապա Լեւոն Գաբրիէլեան իր զաւեշտով ու թատերական տաղանդով զուարճացուց ներկաները, ներկացնելով «Շուարած ենք» կարճ մենախօսութիւնը։

 

Համազգայինի Նէթլինքս յանձնախումբը, պատրաստած էր զանազան խաղեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ։

Աւարտին վաճառուեցան վիճակահանութեան տոմսեր, եւ տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ, որոնց հասոյթը նպաստեց ձեռնարկին ծախսերուն։ Մեր նուիրատուներուն անունները կարելի է գտնել Հորիզոն թերթին մէջ։

Այս առթիւ, վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ վիճակահանութեան նուէրները հայթայթողներուն։

 

Երեկոն շարունակուեցաւ ընկերային հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, խինդ ու խաղով, քէֆ ու պարով։ Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, հպարտ եւ երախտապարտ զգացմունքով։